ԵԶԵԿԻԷԼԻ 5։1-17
5 «Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի սուր դանակ մը եւ սափրիչի ածելի մը ա՛ռ եւ զանոնք գլխուդ վրայէն ու մօրուքիդ վրայէն անցո՛ւր։ Քեզի կշիռք մը ա՛ռ ու մազերդ բաժին բաժին ըրէ։
2 Մէկ երրորդ մասը քաղաքին մէջ կրակով այրէ, երբ պաշարման օրերը լմննան ու մէկ երրորդ մասը ա՛ռ եւ դանակով զա՛րկ անոր բոլորտիքը ու մէկ երրորդ մասը հովին ցրուէ։ Ես անոնց ետեւէն սուր պիտի քաշեմ։
3 Անոնցմէ քիչ թիւով ա՛ռ ու զանոնք քղանցքներուդ մէջ ծրարէ՛։
4 Եւ դարձեալ անոնցմէ առ ու զանոնք կրակէ նետէ եւ զանոնք կրակով այրէ. անկէ բոլոր Իսրայէլի տանը կրակ պիտի ելլէ»։
5 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասիկա Երուսաղէմն է. զանիկա ազգերուն մէջ ու իր բոլորտիքը եղող երկիրներուն մէջ դրի։
6 Անիկա իմ դատաստաններս՝ ազգերէն ու իմ կանոններս՝ իր շուրջի երկիրներէն աւելի ամբարշտութեան փոխեց*, իմ դատաստաններս մերժեցին եւ իմ կանոններովս չքալեցին’։
7 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ձեր շուրջի ազգերէն աւելի ապստամբ* եղաք, իմ կանոններովս չքալեցիք եւ իմ դատաստաններս չգործադրեցիք. ո՛չ ալ ձեր շուրջի հեթանոսներուն սովորութիւններուն համեմատ ըրիք’։
8 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ե՛ս, ես քեզի դէմ եմ ու ազգերու աչքերուն առջեւ քեզի դէմ արձակուած վճիռները պիտի գործադրեմ։
9 Եւ քու բոլոր պղծութիւններուդ համար այնպիսի բան մը պիտի ընեմ քու մէջդ, որուն նմանը ո՛չ ըրած եմ, ո՛չ ալ պիտի ընեմ։
10 Անոր համար քու հայրերդ իրենց տղաքը պիտի ուտեն ու տղաքը իրենց հայրերը պիտի ուտեն։ Քեզի դէմ տրուած վճիռները պիտի գործադրեմ ու քու բոլոր վերապրողներդ ամէն հովի պիտի ցրուեմ’։
11 ‘Ասոր համար ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որովհետեւ դուն քու բոլոր գարշութիւններովդ ու բոլոր պղծութիւններովդ իմ սրբարանս պղծեցիր, ես ալ անշուշտ քեզ պիտի կոտրեմ, իմ աչքս պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ։
12 Քու մէկ երրորդ մասդ ժանտախտով պիտի մեռնին, կամ քու մէջդ սովով պիտի սպառին, քու մէկ երրորդ մասդ չորս կողմդ սուրով պիտի իյնան ու մէկ երրորդ մասդ ալ ամէն հովի պիտի ցրուեմ ու անոնց ետեւէն սուր պիտի քաշեմ։
13 Այսպէս իմ բարկութիւնս պիտի կատարուի եւ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի իջեցնեմ ու վրէժ պիտի առնեմ։ Երբ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ կատարեմ, պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս՝ իմ նախանձովս խօսեցայ։
14 Ամէն անցնողին աչքերուն առջեւ, քու բոլորտիքդ եղող ազգերուն մէջ աւերման ու անարգութեան պիտի մատնեմ քեզ։
15 Երբ բարկութեամբ եւ սրտմտութեամբ ու սրտմտութեան պատիժներով քու վրադ վճիռները գործադրեմ, այս բանը քու բոլորտիքդ եղող ազգերուն մէջ անարգանք, նախատինք, առակ ու զարմացում պիտի ըլլայ’. ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ։
16 Անոնց վրայ սովին չար ու ապականիչ նետերը պիտի ղրկեմ, որոնք ձեզ ապականելու համար պիտի ղրկեմ, սովը ձեր վրայ պիտի աւելցնեմ ու ձեզի համար հացին ցուպը պիտի կոտրեմ։
17 Այսպէս ձեր վրայ սով ու չար գազաններ պիտի ղրկեմ, որ քեզ անզաւակ թողուն եւ քու մէջէդ ժանտախտ ու արիւն պիտի անցնի ու քու վրադ սուր պիտի բերեմ’. ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ։
Ստորանիշներ
^ 5։6 Կամ, դատաստաններուս՝ ազգերէն ու իմ կանոններուս՝ իր բոլորտիքը եղող երկիրներէն աւելի ամբարշտութեամբ դէմ կեցաւ
^ 5։7 Կամ, խռովայոյզ