ԵԶԵԿԻԷԼԻ 7։1-27
7 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, մտի՛կ ըրէ.Տէր Եհովան Իսրայէլի երկրին համար այսպէս կ’ըսէ.‘Վախճանը, երկրին չորս կողմին վրայ վախճանը հասեր է։
3 Հիմա քու վրադ վախճանը կու գայՈւ իմ բարկութիւնս քու վրադ պիտի ղրկեմԵւ քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի դատաստան պիտի ընեմԵւ քու բոլոր պղծութիւններուդ համար քեզ պիտի պատժեմ։
4 Իմ աչքս քեզի պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ.Հապա քու ճամբաներդ քու վրադ պիտի դնեմԵւ քու պղծութիւններդ քու վրադ պիտի ըլլանՈւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։
5 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.«Չարիք մը, ահա չարիք մը կու գայ։
6 Վախճանը կու գայ, վախճանը կու գայ։Քեզի դէմ արթնցաւ, ահա կու գայ։
7 Ո՛վ երկրի բնակիչ, կարգը քեզի կու գայ,Ժամանակը կու գայ, խռովութեան օրը մօտեցաւԵւ ո՛չ թէ լեռներուն ցնծութիւնը։
8 Հիմա մօտերս իմ սրտմտութիւնս քու վրադ պիտի թափեմՈւ իմ բարկութիւնս քու վրադ պիտի բորբոքիՈւ քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի դատաստան պիտի ընեմԵւ քու բոլոր պղծութիւններուդ համար քեզ պիտի պատժեմ։
9 Իմ աչքս պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ.Քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի հատուցում պիտի ընեմ,Քանզի քու պղծութիւններդ քու մէջդ ենՈւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը, որ կը զարնեմ»։
10 «Ահա օրը, ահա օրը կու գայ։Կարգը քեզի հասաւ,Գաւազանը ծաղկեցաւ, ամբարտաւանութիւնը ընձիւղեցաւ։
11 Բռնութիւնը ելաւ ու ամբարշտութեան գաւազան եղաւ։Անոնցմէ մարդ պիտի չմնայ.Անոնց բազմութենէն ու ստացուածքէն բան մը պիտի չմնայ,Անոնց մէջ վայելչութիւն* պիտի չըլլայ»։
12 «Ժամանակը եկաւ, օրը մօտեցաւ.Գնողը թող չուրախանայ ու ծախողը թող չողբայ,Քանզի բոլոր բազմութեանը վրայ բարկութիւնը կու գայ։
13 Վասն զի ծախողը իր ծախածին պիտի չդառնայ,Թէեւ ողջ ըլլան,Վասն զի անոր բոլոր բազմութեանը համար եղած տեսիլքը ետ պիտի չդառնայ,Մարդ իր կեանքին անօրէնութիւնովը պիտի չուժովնայ։
14 Փողը հնչեցուցին, ամէն բան պատրաստեցին,Բայց պատերազմի գացող չկայ.Վասն զի իմ բարկութիւնս անոր բոլոր բազմութեանը վրայ է։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԵՂՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏԻԺ
15 Դուրսէն սուր ու ներսէն ժանտախտ ու սով պիտի ըլլայ։Դաշտը եղողը սուրով պիտի մեռնի,Սովն ու ժանտախտը պիտի ուտեն քաղաքին մէջ եղողները։
16 Անոնցմէ ողջ մնացողներըԼեռները պիտի ապաստանին ու աղաւնիներու պէս պիտի ըլլան։Ամէնքը պիտի հեծեն, ամէն մէկը իր անօրէնութեանը համար։
17 Բոլոր ձեռքերը պիտի թուլնանՈւ ծունկերը ջուրի պէս պիտի հալին։
18 Անոնք քուրձեր պիտի հագնինՈւ սոսկումը պիտի ծածկէ զանոնք։Ամէն երեսի վրայ ամօթ,Ամէն գլխու վրայ կնտութիւն պիտի ըլլայ։
19 Իրենց արծաթը փողոցներուն մէջ պիտի նետեն,Անոնց ոսկին անարգ բան մը պիտի սեպուի։Անոնց արծաթն ու ոսկին Տէրոջը բարկութեան օրըԿարող պիտի չըլլան զիրենք ազատել.Անով պիտի չկրնան իրենց անձը կշտացնել,Ո՛չ ալ իրենց փորը լեցնել։Վասն զի անիկա իրենց անօրէնութեանը գայթակղութիւնը եղաւ։
20 Իրենց զարդերուն փառքը հպարտութեան դարձուցինԵւ անով իրենց գարշութիւններ, իրենց պղծութիւններուն պատկերներ շինեցին։Այս պատճառով զանոնք անարգանքի պիտի մատնեմ։
21 Զանիկա օտարներուն ձեռքը պիտի տամ, որպէս զի յափշտակեն,Երկրի ամբարիշտներուն՝ որպէս զի զանիկա կողոպտենՈւ զանիկա պիտի պղծեն։
22 Իմ երեսս անոնցմէ պիտի դարձնեմ,Իմ գաղտնի տեղս պիտի պղծեն,Հոն յափշտակողներ պիտի մտնեն,Զանիկա պիտի պղծեն։
23 «Շղթայ մը շինէ,Վասն զի երկիրը արիւնոտ ոճիրներով լեցուեցաւՈւ քաղաքը բռնութիւնով լեցուեցաւ։
24 Ազգերուն խիստ չարերը պիտի բերեմ,Որ անոնց տուները ժառանգեն։Եւ ամբարտաւանութիւնը պիտի դադրեցնեմՈւ անոնց սուրբ տեղերը պիտի պղծուին։
25 Կործանումը կու գայ։Խաղաղութիւն պիտի փնտռեն, բայց պիտի չգտնուի։
26 Պատուհասի վրայ պատուհաս պիտի գայ,Գուժի վրայ գոյժ պիտի ըլլայ.Մարգարէէն տեսիլք պիտի ուզեն,Քահանայէն՝ օրէնքը ու ծերերէն խորհուրդը պիտի կորսուի։
27 Թագաւորը սուգ պիտի բռնէ,Իշխանը սոսկում պիտի հագնի,Երկրին ժողովուրդին ձեռքերը վախով պիտի թուլնան.Անոնց ճամբաներուն համաձայն անոնց հատուցում պիտի ընեմԵւ անոնց դատաստաններուն համաձայն զանոնք պիտի դատեմՈւ պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։
Ստորանիշներ
^ 7։11 Կամ, սուգ