ԵԶՐԱՍ 4։1-24

4  Յուդայի ու Բենիամինի թշնամիները, երբ լսեցին թէ գերութենէ վերադարձողները* Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տաճարը կը շինեն,  Զօրաբաբէլին ու նահապետներուն մօտեցան ու անոնց ըսին. «Մենք ալ ձեզի հետ շինենք. քանզի մենք ալ ձեզի պէս ձեր Աստուածը կը պաշտենք ու մեզ հոս բերող Ասորեստանի Ասորդան թագաւորին օրերէն ի վեր անոր զոհ կը մատուցանենք»։  Բայց Զօրաբաբէլն ու Յեսուն եւ Իսրայէլի միւս նահապետները անոնց ըսին. «Չի վայլեր ձեզի որ մէկտեղ մեր Աստուծոյն տուն շինենք. հապա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տունը մինակ մենք պիտի շինենք, ինչպէս Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորը մեզի հրամայեց»։  Այն երկրին ժողովուրդը Յուդայի ժողովուրդին ձեռքերը կը թուլցնէին ու անոնց շինութիւնը կը խափանէին։  Եւ անոնց խորհուրդը խափանելու համար՝ վարձքով անոնց դէմ օրէնսգէտներ բռնեցին Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին օրերը ու մինչեւ Պարսիկներու Դարեհ թագաւորին թագաւորութեանը ժամանակը։  Ասուերոսի թագաւորութեան սկիզբը, Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն դէմ ամբաստանութեան գիր գրեցին։  Արտաշէսի օրերը Բեսեղամը, Միթրիդատը, Տաբէէլն եւ ուրիշ ընկերներ Պարսիկներու Արտաշէս թագաւորին գրեցին։ Նամակը Ասորերէն* գրուած էր ու մեկնութիւնը Ասորերէն էր։  Հռէում հրամանատարն ու Սամսայ դպիրը Երուսաղէմի դէմ այս կերպով նամակ մը գրեցին Արտաշէս թագաւորին։ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ  Այն ատեն Հռէում հրամանատարն ու Սամսայ դպիրը եւ անոնց միւս ընկերները՝ Դինացիներ, Ափարսաթաքացիներ, Տարփաղեցիներ, Ափերսացիներ, Արքուեցիներ, Բաբելոնացիներ, Շուշանացիներ, Դաւեցիներ, Եղամացիներ 10  Եւ մնացած ազգերը, որոնք մեծ ու պատուական Ասենափարը փոխադրեց ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ բնակեցուց եւ ուրիշներ, որոնք Գետին ասդիի կողմը կը գտնուին, նամակ մը գրեցին։ 11  Այս է այն նամակին օրինակը, որ Արտաշէս թագաւորին ղրկեցին. «Գետին ասդիի կողմը բնակող քու ծառաներդ բարեւ կը ղրկեն։ 12  Թագաւորիդ յայտնի ըլլայ որ ձեր կողմէ մեզի եկող Հրեաները Երուսաղէմ եկան ու հիմեր ձգելով ու պարիսպներ բարձրացնելով՝ ապստամբ քաղաք մը կը շինեն։ 13  Հիմա թագաւորիդ յայտնի ըլլայ, որ եթէ այս քաղաքը նորէն շինուի ու անոր պարիսպները բարձրացուին, անոնք հարկ, տուրք ու մաքս պիտի չտան եւ այս պատճառով թագաւորական հարկերը պիտի վնասուին։ 14  Մեր ռոճիկը պալատէն տրուելուն համար՝ չենք կրնար թագաւորին վնասին համաձայնիլ, ատոր համար այս նամակը ղրկեցինք ու թագաւորիդ իմացուցինք. 15  Որպէս զի քու հայրերուդ յիշատակներու գրքին մէջ փնտռես, գտնես ու իմանաս որ այն քաղաքը ապստամբ եւ թագաւորներուն եւ գաւառներուն վնասակար քաղաք մը եղած է եւ թէ հին ատենը անոր մէջ դաւաճանութիւն եղած է ու անոր համար այս քաղաքը կործանուեր է։ 16  Մենք թագաւորիդ կ’իմացնենք, որ եթէ այս քաղաքը շինուի ու անոր պարիսպները նորոգուին, այն պատճառով Գետին ասդիի կողմը բաժին պիտի չունենաս»։ 17  Իսկ թագաւորը Հռէում հրամանատարին եւ Սամսայ դպիրին ու Սամարիայի մէջ բնակող անոնց մնացած ընկերներուն ու Գետին անդիի կողմը եղող մնացածներուն հրովարտակ ղրկեց այս խօսքերով. 18  «Ողջո՜յն, եւ այլն։ Մեզի ղրկած նամակնիդ իմ առջեւս յայտնապէս կարդացուեցաւ։ 19  Ես հրաման ըրի եւ փնտռեցին եւ գտան թէ այն քաղաքը հին ատենէն ի վեր թագաւորներու դէմ դրեր է ու անոր մէջ ապստամբութիւն ու դաւաճանութիւն եղեր է։ 20  Ու Երուսաղէմի մէջ զօրաւոր թագաւորներ եղած են, որոնք բոլոր Գետին անդիի կողմը եղողներուն վրայ տիրած են ու իրենց հարկ, տուրք ու մաքս տրուեր է։ 21  Հիմա պատուէր տուէք, որ այն մարդիկը արգիլեն քաղաքին շինուիլը, մինչեւ իմ կողմէ նոր հրովարտակ մը տրուի։ 22  Զգոյշ եղէք եւ այս բանին համար անհոգութիւն մի՛ ընէք. չըլլայ որ չարութիւնը շատնայ, թագաւորները վնասուին»։ 23  Երբ Արտաշէս թագաւորին նամակին օրինակը Հռէումի ու Սամսայ դպիրին եւ անոնց ընկերներուն առջեւ կարդացուեցաւ, արտորնօք Երուսաղէմ գացին Հրեաներուն եւ բռնութեամբ շինելը արգիլեցին։ 24  Այն ատեն Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը շինութիւնը արգիլուեցաւ ու մինչեւ Պարսից Դարեհ թագաւորին թագաւորութեանը երկրորդ տարին արգիլուած մնաց։

Ստորանիշներ

4։1 Եբր., գերութեան որդիները
4։7 Կամ, Քաղդէարէն