ԵԶՐԱՍ 9։1-15

9  Երբ այս բաները կատարուեցան, իշխանները ինծի մօտեցան ու ըսին. «Իսրայէլի ժողովուրդը եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները այս երկիրներուն ժողովուրդներէն չզատուեցան, հապա Քանանացիներուն, Փերեզացիներուն, Յեբուսացիներուն, Ամմոնացիներուն, Մովաբացիներուն, Եգիպտացիներուն ու Ամօրհացիներուն պղծութիւններուն պէս կ’ընեն.  Վասն զի իրենց համար ու իրենց որդիներուն համար անոնց աղջիկներէն կիներ առին եւ սուրբ սերունդը այս երկիրներուն ժողովուրդներուն հետ խառնուեցաւ ու իշխաններն ու ոստիկանները այս մեղքը գործելու մէջ առաջինները եղան»։  Այս բանը լսածիս պէս հանդերձս ու վերարկուս պատռեցի եւ գլխուս ու մօրուքիս մազերը փետտեցի ու ապշած նստեցայ։  Այն ատեն գերութենէն դարձողներուն յանցանքին պատճառով Իսրայէլի Աստուծոյն խօսքերէն բոլոր վախցողները իմ քովս հաւաքուեցան ու ես մինչեւ իրիկուան զոհին ատենը ապշած մնացի։  Իրիկուան զոհին ատենը տառապանքէս ելայ ու պատռուած հանդերձներովս ու վերարկուովս ծունկի եկայ ու ձեռքերս իմ Տէր Աստուծոյս առջեւ տարածեցի  Ու ըսի. «Ո՛վ Աստուած իմ, կ’ամչնամ ու իմ երեսս քեզի վերցնելու չեմ համարձակիր։ Ո՛վ Աստուած իմ, վասն զի մեր անօրէնութիւնները մեր գլխէն վեր բարձրացան ու մեր յանցանքը մինչեւ երկինք ելաւ։  Մեր հայրերուն օրերէն ի վեր մենք մեծ յանցանքի մէջ ենք մինչեւ այսօր ու մեր անօրէնութիւններուն համար մենք, մեր թագաւորները եւ մեր քահանաները, օտար երկիրներու թագաւորներուն ձեռքը՝ սուրի, գերութեան, յափշտակութեան ու երեսի սեւութեան ենթարկուեցան, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ։  Եւ հիմա քիչ մը ատեն մեր Տէր Աստուածը ողորմեցաւ, որպէս զի մեզի փրկութիւն շնորհէ ու իր սրբութեանը մէջ մեզ հաստատէ*, որպէս զի մեր Աստուածը մեր աչքերը լուսաւորէ ու մեր ծառայութեանը մէջ մեզի քիչ մը հանգստութիւն տայ։  Վասն զի մենք ծառայ էինք բայց մեր Աստուածը մեզ երեսէ չձգեց մեր ծառայութեանը մէջ. հապա մեզի հանգստութիւն տալու ու իր տունը շինելու եւ անոր աւերակները նորոգելու ու մեզի Յուդայի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ պարսպապատ տեղ մը տալու համար՝ Պարսիկներու թագաւորներուն առջեւ մեզի շնորհք գտնել տուաւ։ 10  Հիմա, ո՛վ Աստուած մեր, ասկէ ետքը ի՞նչ ըսենք, քանզի քու պատուիրանքներդ թողուցինք, 11  Որոնք քու ծառաներուդ մարգարէներուն՝ միջոցով պատուիրեցիր ու ըսիր. ‘Այն երկիրը, ուր պիտի մտնէք ժառանգելու համար, գարշելի երկիր մըն է, օտար ազգերու գարշելի պղծութիւններովը լեցուն, որովհետեւ զանիկա ծայրէ ծայր իրենց անմաքրութիւնովը լեցուցեր են, 12  Ուրեմն ձեր աղջիկները անոնց որդիներուն մի՛ տաք ու անոնց աղջիկները ձեր որդիներուն համար մի՛ առնէք եւ յաւիտեան անոնց խաղաղութիւնն ու երջանկութիւնը մի՛ փնտռէք, որպէս զի ուժովնաք ու այն երկրին բարիքը ուտէք ու զանիկա ձեր որդիներուն իբր յաւիտենական ժառանգութիւն թողուք’։ 13  Ու մեր չար գործերուն համար ու մեր մեծ յանցանքին համար այս բոլոր բաներուն մեր վրայ գալէն ետքը (թէպէտեւ դուն, ո՛վ Աստուած մեր, մեզ չպատժեցիր մեր մեղքերուն չափ, հապա մեզի այսպէս փրկութիւն տուիր), 14  Պէ՞տք էր որ նորէն քու պատուիրանքներդ զանց ընէինք եւ այս գարշելի ազգերուն հետ խնամութիւն ընէինք. միթէ դուն մեզի պիտի չսրդողէի՞ր ու մեզ պիտի չսպառէի՞ր, մինչեւ որ մեզմէ մնացորդ ու ազատուած չմնար։ 15  Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, դուն արդար ես, ատոր համար մենք մինչեւ այսօր ազատ մնացինք. ահա մենք մեր յանցանքովը քու առջեւդ ենք, թէպէտեւ այս պատճառով քու առջեւդ համարձակ չենք կրնար կենալ»։

Ստորանիշներ

9։8 Եբր., մեզի բեւեռ մը տայ