ԵԼԻՑ 28։1-43

28  «Քեզի մօտեցուր քու եղբայրդ Ահարոնը՝ իր որդիներուն հետ՝ Իսրայէլի որդիներուն մէջէն, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն. Ահարոնը եւ իր որդիները՝ Նադաբը ու Աբիուդը, Եղիազարը ու Իթամարը։  Եղբօրդ Ահարոնին սուրբ զգեստներ շինէ՛ պատիւի ու փառքի համար։  Դուն ըսէ բոլոր իմաստուն միտք ունեցողներուն, որոնք ես իմաստութեան հոգիով լեցուցի, որ Ահարոնին զգեստներ շինեն՝ զանիկա օրհնելու համար՝ որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընէ։  Անոնց զգեստները ասոնք են՝ լանջապանակ ու եփուտ եւ պատմուճան ու նկարազարդ շապիկ, խոյր եւ գօտի։ Սուրբ զգեստներ շինեն քու եղբօրդ Ահարոնին ու անոր որդիներուն, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։  Վարպետները թող գործածեն ոսկի ու կապուտակ եւ ծիրանեգոյն ու կրկնակի կարմիր եւ բարակ քթան։  Ոսկի թելէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ, կրկնակի կարմիրէ եւ մանուած բարակ քթանէ վարպետութեամբ թող շինեն եփուտը։  Անոր երկու ծայրերը երկու կցուած վակասներ պէտք է ունենան, որպէս զի եփուտը միանայ։  Եփուտին վրայ եղած ժապաւէնը անոր շինուածքին պէս նոյն նիւթէն՝ ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ ըլլալու են։  Երկու եղնգնաքարեր պիտի առնես ու անոնց վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները փորագրես։ 10  Անոնց անուններուն վեցը՝ մէկ քարի վրայ եւ մնացած վեց անունները՝ ուրիշ քարի մը վրայ՝ անոնց ծնունդներուն համաձայն փորագրուի։ 11  Այն երկու քարերուն վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները ակունք բանողի գործով՝ այսինքն կնիք փորագրելու պէս փորագրէ, ոսկի խորշերու մէջ գամէ՛ զանոնք։ 12  Երկու քարերը եփուտին ուսերուն վրայ դի՛ր, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն յիշատակի քարեր ըլլան։ Ահարոն անոնց անունները յիշատակի համար իր երկու ուսերուն վրայ պիտի կրէ Տէրոջը առջեւ։ 13  Ոսկիէ խորշեր շինէ 14  Եւ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած՝ երկու շղթաներ շինէ՛ ու հիւսուած շղթաները խորշերուն անցուր։ ԼԱՆՋԱՊԱՆԱԿԸ (Ելից 39։8-21) 15  Դատաստանի լանջապանակը վարպետի գործ ըլլալու է։ Զանիկա եփուտին շինուածքին պէս շինէ՝ ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ։ 16  Քառակուսի պէտք է ըլլայ երկուքի ծալլուելով։ Անոր երկայնութիւնը՝ մէկ թիզ ու անոր լայնութիւնը մէկ թիզ պէտք է ըլլայ։ 17  Եւ անոր մէջ ակունքներու գամուածքին նման չորս կարգ քարեր գամէ՛, այս կարգով՝ սարդիոն, տպազիոն ու զմրուխտ՝ առաջին կարգը պիտի ըլլան։ 18  Երկրորդ կարգը՝ կարկեհան, շափիւղայ ու ադամանդ։ 19  Երրորդ կարգը՝ գոճազմ, ակատ ու մեղեսիկ։ 20  Չորրորդ կարգը՝ ոսկեքար, եղնգնաքար ու յասպիս։ Ասոնք ոսկիի խորշերու մէջ պիտի գամուին։ 21  Քարերը Իսրայէլի որդիներուն անուններուն պէս տասներկու հատ պիտի ըլլան։ Անոնց անուններուն համաձայն՝ ամէն մէկը իր անունովը տասներկու ցեղին համաձայն՝ կնիքի նման պիտի փորագրուին։ 22  Եւ լանջապանակին վրայ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած շղթաներ շինէ՛։ 23  Լանջապանակին վրայ երկու ոսկի օղակներ շինէ՛ ու այն երկու օղակները լանջապանակին երկու ծայրերուն վրայ դի՛ր։ 24  Երկու հիւսուած ոսկի շղթաները լանջապանակին ծայրը եղած երկու օղակներուն անցո՛ւր։ 25  Երկու հիւսուած շղթաներուն միւս երկու ծայրերը այն երկու խորշերուն անցո՛ւր ու զանոնք եփուտին առջեւի կողմէն ուսերուն վրայ դի՛ր։ 26  Երկու ոսկի օղակներ ալ շինէ՛ ու զանոնք լանջապանակին ներսի կողմէն՝ եփուտին երկու ուսերուն դիր։ 27  Եւ ուրիշ երկու ոսկի օղակներ շինէ, զանոնք եփուտին երկու ուսերուն տակէն, անոր առջեւի կողմի կցուածքին մօտ, եփուտին ժապաւէնին վրայէն անցուր 28  Որ լանջապանակը իր օղակներէն՝ կապուտակէ շինուած լարով եփուտին օղակներուն կապեն, որպէս զի եփուտին ժապաւէնին վրայ ըլլան ու լանջապանակը եփուտին վրայէն չզատուի։ 29  Երբ Ահարոն սրբարանը մտնէ, Իսրայէլի որդիներուն անունները Տէրոջը առջեւ յիշատակի համար՝ միշտ իր սրտին վրայ եղած դատաստանի լանջապանակին վրայ պէտք է կրէ։ 30  Դատաստանի լանջապանակին մէջ Ուրիմը* ու Թումիմը* դի՛ր։ Անոնք Ահարոնին սրտին վրայ ըլլան, երբ Տէրոջը առջեւ երթայ։ Ահարոն Տէրոջը առջեւ միշտ իր սրտին պէտք կրէ Իսրայէլի որդիներուն դատաստանը։ ՈՒՐԻՇ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐ (Ելից 39։22-31) 31  Եփուտին պատմուճանը բոլորովին կապուտակէ շինէ։ 32  Անոր մէջտեղը գլուխ անցընելու ճեղքուածք մը պէտք է ըլլայ. ճեղքուածքին բոլորտիքը զրահի ճեղքուածքին պէս հիւսուած եզերք ունենալու է, որպէս զի չպատռի։ 33  Անոր քղանցքներուն վրայ կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ նուռեր շինէ՛ քղանցքներուն բոլորտիքը։ Անոնց մէջտեղ շուրջանակի ոսկի զանգակներ։ 34  Պատմուճանին քղանցքին վրայ շուրջանակի ոսկի զանգակ մը ու նուռ մը։ 35  Պաշտամունքի ատեն անիկա Ահարոնին վրայ պէտք է ըլլայ ու Տէրոջը սրբարանը մտած ու ելած ատենը անոր ձայնը պիտի լսուի, որպէս զի չմեռնի։ 36  Զուտ ոսկիէ թիթեղ մը շինէ՛ ու անոր վրայ կնիք փորագրելու պէս՝ ‘Սրբութիւն Տեառն’* փորագրէ՛։ 37  Կապուտակ ժապաւէն մը անցուր անոր, որ խոյրին վրայ դրուի եւ խոյրին վրայ անոր առջեւի կողմը ըլլայ։ 38  Անիկա Ահարոնին ճակատին վրայ թող ըլլայ, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն նուիրած բոլոր սուրբ ընծաներուն ոեւէ անօրէնութիւն Ահարոնը կրէ։ Միշտ իր ճակատին վրայ պէտք է ըլլայ, որպէս զի անոնք ընդունելի ըլլան Տէրոջը առջեւ։ 39  Շապիկը բարակ քթանէ նկարէն հիւսէ՛ ու խոյրը բարակ քթանէ շինէ՛ եւ գօտին նկարազարդ շինէ՛։ 40  Ահարոնի որդիներուն շապիկներ շինէ՛ ու անոնց գօտիներ շինէ՛ եւ պատիւի ու փառքի համար անոնց ապարօշներ շինէ՛։ 41  Զանոնք քու եղբօրդ Ահարոնին ու իրեն հետ իր որդիներուն հագցուր։ Զանոնք օծէ՛ եւ օրհնէ*՛ ու սրբէ՛ զանոնք, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։ 42  Անոնց կտաւէ անդրավարտիքներ շինէ՛, իրենց մարմինին մերկութիւնը ծածկելու համար։ Անոնց մէջքերէն մինչեւ ծունկերը պէտք է հասնին։ 43  Անոնք Ահարոնին ու անոր որդիներուն վրայ պիտի ըլլան՝ երբ վկայութեան խորանը մտնեն, կամ երբ սեղանին մօտենան սրբարանին մէջ պաշտամունքի համար, որ չըլլայ թէ անօրէնութիւն կրեն ու մեռնին։ Ասիկա յաւիտենական կանոն մը ըլլայ իրեն ու իրմէ ետքը իր սերունդին։

Ստորանիշներ

28։30 Այսինքն, լոյսեր (յայտնութիւն)
28։30 Այսինքն, կատարելութիւններ (ճշմարտութիւն)
28։36 Այսինքն, Տէրոջը սրբացած
28։41 Եբր., անոնց ձեռքը պիտի լեցնես