ԵՍԱՅԵԱՅ 11։1-16

11  Յեսսէին բունէն շառաւիղ մը պիտի ելլէԵւ անոր արմատէն ընձիւղ մը պիտի բուսնի   Ու անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին,Իմաստութեան ու հանճարի Հոգին,Խորհուրդի ու զօրութեան Հոգին,Գիտութեան եւ Աստուծոյ վախին Հոգին։   Անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուի*Եւ իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէՈւ իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ.   Հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէՈւ երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ։Իր բերնին գաւազանովը երկիրը պիտի զարնէՈւ իր շրթունքներուն հոգիովը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ։   Իր մէջքին գօտին՝ արդարութիւնըՈւ իր երիկամունքներուն գօտին հաւատարմութիւնը պիտի ըլլայ։   Գայլը գառին հետ պիտի բնակիՈւ ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածինՈւ զանոնք պզտիկ տղայ մը պիտի քշէ։   Կովը արջին հետ պիտի ճարակի,Անոնց ձագերը մէկտեղ պիտի պառկին։Առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ   Ու կաթնկեր տղան իժին ծակին վրայ պիտի խաղայԵւ կաթէն կտրուածը ձեռքը քարբին բոյնին վրայ պիտի դնէ։   Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ.Քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի,Ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն։ ԱՔՍՈՐՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ 10  Այն օրը Յեսսէին արմատը պիտի կանգնի ժողովուրդներուն դրօշակ ըլլալու համար։Ազգերը զանիկա պիտի փնտռենՈւ անոր հանգիստը փառաւոր պիտի ըլլայ։ 11  Եւ այն օրըՏէրը նորէն իր ձեռքը պիտի երկնցնէ,Որպէս զի Ասորեստանէն, Եգիպտոսէն, Պաթուրէսէն, Եթովպիայէն,Եղամէն, Սենաարէն, ԵմաթէնՈւ ծովուն կղզիներէն իրեն առնէԻր ժողովուրդին մնացորդը։ 12  Եւ ազգերուն դրօշակը պիտի վերցնէՈւ Իսրայէլին աքսորուածները պիտի հաւաքէՈւ երկրին չորս անկիւններէնՅուդային ցրուածները պիտի հաւաքէ։ 13  Եփրեմին նախանձը պիտի վերնայԵւ Յուդան նեղողները պիտի կորսուին.Եփրեմը պիտի չնախանձի Յուդային։Յուդան պիտի չնեղէ Եփրեմը. 14  Հապա անոնք դէպի արեւմուտք Փղշտացիներուն ուսերուն* վրայ պիտի թռչինՈւ մէկտեղ արեւելքի բնակիչները պիտի կողոպտեն։Եդովմին եւ Մովաբին վրայ ձեռքերնին պիտի երկնցնենՈւ Ամմոնին որդիները անոնց պիտի հնազանդին։ 15  Տէրը Եգիպտոսին ծովին լեզուն պիտի կործանէ*Եւ իր հովին սաստիկ զօրութիւնովը ձեռքը գետին վրայ պիտի շարժէՈւ զանիկա եօթը ձորի բաժնելով պիտի զարնէ,Այնպէս որ անոր վրայ կօշիկներով քալուի։ 16  Իր ժողովուրդին մնացորդին համարԲանուկ ճամբայ մը պիտի ըլլայ Ասորեստանէն,Ինչպէս եղաւ Իսրայէլին,Այն օրը՝ երբ Եգիպտոսէն ելան։

Ստորանիշներ

11։3 Կամ, ուրախանայ. Եբր., հոտ առնէ
11։14 Կամ, սահմաններուն
11։15 Կամ, չորցնէ