ԵՍԱՅԵԱՅ 12։1-6
12 Այն օրը պիտի ըսես.«Ո՛վ Տէր, քեզ պիտի օրհնեմ,Քանի որ թէեւ ինծի բարկացած էիր՝Սակայն բարկութիւնդ ինձմէ դարձուցիրԵւ զիս մխիթարեցիր։
2 Ահա իմ փրկութիւնս Աստուած է։Ես Անոր պիտի վստահիմ ու պիտի չվախնամ,Քանզի իմ զօրութիւնս ու օրհնութիւնս Տէր Եհովան էՈւ անիկա է իմ փրկութիւնս»։
3 Ուրախութեամբ ջուր պիտի քաշէքՓրկութեան աղբիւրներէն.
4 Ու այն օրը պիտի ըսէք.«Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անո՛ւնը կանչեցէք,Անոր գործերը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք,Յիշեցէ՛ք թէ անոր անունը բարձր է։
5 Տէրոջը սաղմոս ըսէ՛ք,Վասն զի անիկա մեծամեծ բաներ ըրաւ։Ասիկա բոլոր երկրի մէջ գիտցուած է։
6 Ո՛վ Սիօնի բնակիչներ, աղաղակեցէ՛ք ու ցնծացէ՛ք,Քանզի Իսրայէլի Սուրբը մեծ է ձեր մէջ»։