ԵՍԱՅԵԱՅ 15։1-9
15 Մովաբին պատգամը։Յիրաւի Մովաբին Ար քաղաքը գիշերով յարձակում կրեց ու կործանուեցաւ.Յիրաւի Մովաբին Կիր քաղաքը գիշերով յարձակում կրեց ու կործանուեցաւ։
2 Անիկա տաճարն ու ԴեբոնԵւ բարձր տեղերը ելաւ լալու համար։Մովաբ պիտի ողբայ Նաբաւի ու Մեդաբայի համար։Անոր բոլոր գլուխները կնտակ պիտի ըլլան,Ամէն մօրուք պիտի կտրուի։
3 Անոր փողոցներուն մէջ քուրձ պիտի հագնին,Անոր տանիքներուն ու հրապարակներուն մէջԱմէնքը պիտի ողբան ու լան*,
4 Եսեբոնն ու Եղէաղէն պիտի աղաղակեն։Անոնց ձայնը մինչեւ Յասսա պիտի լսուի։Անոր համար Մովաբին սպառազէնները պիտի կոծեն,Իրենց հոգին պիտի խռովուի։
5 Իմ սիրտս Մովաբին համար պիտի աղաղակէ։Անոր փախստականները երեք տարեկան երինջի պէս մինչեւ Սեգովր պիտի փախչին.Քանզի Ղուիթին զառիվերէն լալով պիտի ելլեն,Վասն զի Որոնայիմի ճամբան կոտորածի աղաղակ պիտի հանեն։
6 Քանզի Նեմերիմին ջուրերը կ’աւրուին,Քանզի խոտը կը չորնայ, կանանչ խոտը կը հատնիՈւ կանանչեղէն չի մնար։
7 Անոր համար իրենց ստացած հարստութիւնըՈւ բոլոր պահածնին ուռիներուն ձորը պիտի տանին.
8 Քանզի աղաղակը շրջապատեց Մովաբին սահմանը։Անոր ողբը՝ մինչեւ Եգլայիմ,Անոր ողբը մինչեւ Բերելիմ հասաւ։
9 Քանզի Դեմոնին ջուրերը արիւնով պիտի լեցուին.Քանզի Դեմոնին վրայ աւելի չարիքՈւ Մովաբէն ազատուածներունՈւ երկրին մնացորդին վրայ առիւծներ պիտի ղրկեմ։
Ստորանիշներ
^ 15։3 Եբր., լացի մէջ իջնեն