ԵՍԱՅԵԱՅ 16։1-14

16  Ղրկեցէ՛ք գառը երկրին տիրողին,Վէմէն անապատին ճամբով Սիօնին աղջկան լեռը։   Մովաբին աղջիկները Առնոնին անցքերուն քով՝Բոյնէն վռնտուած թափառական թռչունի պէս պիտի ըլլան։   «Խորհո՛ւրդ տուր, դատաստա՛ն ըրէ։Քու հովանիդ կէսօրուան ատեն գիշերի պէս դի՛ր,Աքսորուածները պահէ՛ ու փախստականները մի՛ յանձներ։   Աքսորուածները թող քու քովդ պանդուխտի պէս բնակին, ո՛վ Մովաբ.Դուն զանոնք ծածկէ հալածողէն։Քանզի բռնաւոր չմնաց, աւերողը պակսեցաւԵւ կոխկռտողները երկրին վրայէն վերցուեցան։   Աթոռը ողորմութեամբ պիտի հաստատուիԵւ անոր վրայ Դաւիթին խորանին մէջԱյնպիսի դատաւոր մը պիտի նստի ճշմարտութեամբ,Որ իրաւունքը պիտի փնտռէՈւ արդարութիւնը շուտով պիտի գործադրէ»։   Մովաբին ամբարտաւանութիւնը լսեցինք։Անիկա խիստ ամբարտաւան է։Անոր գոռոզութիւնը, ամբարտաւանութիւնն ու սրտմտութիւնը լսեցինք։Անոր սնապարծ խօսքերը պարապ են։   Այս պատճառով Մովաբ պիտի ողբայ,Ամէնքը պիտի ողբան Մովաբին համար։Կիրհարէսէթին հիմերուն վրայ պիտի հեծեծէք,Անոնք իրապէս կործանուած* են։   Քանզի Եսեբոնին դաշտերը նուաղեցան.Ազգերու իշխանները Սեբամային որթատունկին ամենէն պատուական ճիւղերը կոտրեցին,Որոնք մինչեւ Յազեր հասեր էին եւ անապատը շրջապատեր էին։Անոր շառաւիղները երկննալով՝ ծովէն անցեր էին։   Ասոր համար Սեբամային որթատունկին վրայ Յազերին լացովը պիտի լամ.Ձեզ աչքիս արցունքովը պիտի ոռոգեմ, ո՛վ Եսեբոն ու Եղէաղէ,Վասն զի ձեր ամառնային պտուղին ու հունձքին համար եղած աղաղակը դադրեցաւ։ 10  Պտղաբեր արտերէն ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը պիտի վերնան,Այգիներու մէջ երգերու եւ ցնծութեան ձայն պիտի չլսուի։Հնձանի մէջ ա՛լ գինի պիտի չկոխեն։Անոնց աղաղակը վերջացուցի։ 11  Այս պատճառով իմ հոգիս՝ Մովաբին համարՈւ սիրտս Կիրհարէսէթին համար քնարի պէս ձայն պիտի տայ։ 12  Այն ատեն պիտի երեւնայԹէ ինչպէս Մովաբ իր բարձր տեղը երթալով պիտի յոգնիՈւ իր սրբարանը պիտի մտնէ աղօթք ընելու համար,Բայց օգուտ մը պիտի չունենայ։ 13  Այս է այն խօսքը որ Տէրը շատոնց* Մովաբին համար ըսեր էր։ 14  Բայց հիմա Տէրը խօսեցաւ ու ըսաւ.«Երեք տարուան մէջ, վարձկանի տարիներու պէս,Մովաբին փառքը պիտի անարգուիԱյն բոլոր մեծ բազմութիւնովըԵւ մնացորդը խիստ փոքր ու տկար պիտի ըլլայ»։

Ստորանիշներ

16։7 Կամ, վշտացած
16։13 Եբր., այն ատենէն