ԵՍԱՅԵԱՅ 17։1-14

17  Դամասկոսին պատգամը։«Ահա Դամասկոսը քաղաք ըլլալէ պիտի դադրիՈւ աւերակի շեղջ մը պիտի ըլլայ։   Անոր քաղաքները պիտի լքուին,Հօտերու փարախներ պիտի ըլլան,Որպէս զի անոնք պառկին ու վախցնող չըլլայ։   Եփրեմի պարիսպը պիտի վերնայԵւ Դամասկոսի ու Ասորիներու մնացորդէն՝ թագաւորութիւնը։Անոնք Իսրայէլի որդիներուն փառքին պէս պիտի ըլլան»,Կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։   «Այն օրը Յակոբին փառքը պիտի պակսիՈւ անոր մարմնին գիրութիւնը պիտի նիհարնայ։   Այնպէս պիտի ըլլայ, ինչպէս հնձողը, երբ ցորեն կը հնձէ,Թեւին վրայ հասկերը կը ժողվէ։Ռափայիններուն հովիտը հասկեր քաղողին պէս պիտի ըլլայ։   Ինչպէս ձիթենին կը թօթուենՈւ բարձր ոստին ծայրը՝ երկու երեք հատԵւ խիստ պտղաբեր ոստին վրայ չորս հինգ հատ կը մնայ,Անոր վրայ ալ միայն ճիռեր պիտի մնան»,Կ’ըսէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը։   Այն օրը մարդիկ իրենց Ստեղծիչին պիտի նայինՈւ իրենց աչքերը Իսրայէլին Սուրբը պիտի դիտեն։   Եւ իրենց ձեռագործ սեղաններուն վրայ պիտի չնային։Իրենց մատներուն շինածը,Թէ՛ Աստարովթի կուռքերը,Թէ՛ արեգակին կուռքերը պիտի չդիտեն։   Այն օրը անոր ամուր քաղաքները,Իսրայէլի որդիներուն երեսէն լքուածԱնպիտան թուփերու եւ բարձր ոստերու պիտի նմանինՈւ աւերակ պիտի ըլլան։ 10  Քանի որ դուն քու փրկութեանդ Աստուածը մոռցարԵւ քու զօրութեանդ Վէմը չյիշեցիր,Անոր համար հաճելի տունկեր պիտի տնկեսԵւ օտար երկրէ բերուած տունկեր պիտի տնկես։ 11  Տնկածդ ցորեկը պիտի աճեցնեսՈւ ցանածդ առաւօտուն պիտի բուսցնես,Բայց բերքին օրը հունձքը պիտի պակսիԵւ սաստիկ տրտմութիւն պիտի ըլլայ։ ԹՇՆԱՄԻ ԱԶԳԵՐ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻՆ 12  Վա՜յ շատ ժողովուրդներու բազմութեանը,Որոնք ծովու ձայնին պէս կը գոռանՈւ վա՜յ ժողովուրդներու աղմուկին՝Որոնք սաստիկ ջուրերու ձայնին պէս կը գոչեն։ 13  Ժողովուրդները շատ ջուրերու ձայնին պէս կը գոչեն,Բայց Աստուած զանոնք պիտի յանդիմանէ.Ուստի հեռու պիտի փախչինՈւ լեռներուն վրայի մղեղին պէս հովին երեսէնԵւ մրրիկին առջեւէն քշուած փոշիին պէս պիտի հալածուին։ 14  Ու իրիկունները խռովութիւն պիտի գայՈւ առտու չեղած բնաջինջ պիտի ըլլան։Մեզ յափշտակողներուն բաժինըՈւ մեզ կողոպտողներուն վիճակը ասիկա է։

Ստորանիշներ