ԵՍԱՅԵԱՅ 19։1-25
19 Եգիպտոսին պատգամը։Ահա Տէրը թեթեւընթաց ամպի վրայ հեծեր էՈւ Եգիպտոս կը մտնէ։Անոր երեսէն Եգիպտոսին կուռքերը պիտի սարսռանՈւ Եգիպտոսին սիրտը իր ներսիդին պիտի հալի։
2 «Եգիպտացիները պիտի գրգռեմ* Եգիպտացիներուն դէմ։Ամէն մէկը իր եղբօրը հետ եւ ամէն մէկը իր ընկերին հետ,Քաղաք քաղաքի հետ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան հետՊատերազմ պիտի ընէ։
3 Եգիպտոսին ոգին իր ներսիդին պիտի նուաղիԵւ ես անոր խորհուրդը պիտի ցրուեմ։Անոնք կուռքերու, կախարդներու,Վհուկներու ու նշանագէտներու պիտի հարցնեն։
4 Եգիպտացիները խստասիրտ տիրոջ մը ձեռքը պիտի մատնեմ։Անոնց վրայ անգութ թագաւորութիւն պիտի տիրէ»,Կ’ըսէ զօրքերու Տէրը՝ Եհովան։
5 Եւ ջուրերը ծովէն պիտի պակսինՈւ գետը պիտի ցամքի ու չորնայ։
6 Գետերուն ջուրերը պիտի քաշուին*Ու պարսպապատ* քաղաքներուն գետերը պիտի պարպուին ու չորնան,Եղէգն ու պրտուն պիտի թառամին։
7 Գետին քով ու գետին եզերքին վրայ եղող մարգարիտներըԵւ գետին բոլոր վարուցանըՊիտի չորնան, ցիրուցան ըլլան ու կորսուին։
8 Ձկնորսներն ալ պիտի հեծենՈւ գետին բոլոր կարթընկէցները պիտի ողբան,Ջուրին վրայ ցանց նետողները պիտի տրտմին։
9 Բարակ քթան գործողներըՈւ ճերմակ կտաւ հինողները պիտի ամչնան։
10 Անոր սիւները* պիտի կոտրտինՈւ բոլոր վարձք առնողներուն հոգին պիտի տրտմի։
11 Իրաւ որ Տայանիսին իշխանները յիմարներ են.Փարաւոնին իմաստուն խորհրդականներուն խորհուրդը անասնական է։Ի՞նչպէս Փարաւոնին կրնաք ըսել՝«Ես իմաստուններու որդի եմ,Ես հին թագաւորներու որդի եմ»։
12 Արդ՝ ո՞ւր են քու իմաստուններդ,Որ հիմա քեզի պատմեն ու իմացնեն*Թէ զօրքերու Տէրը ի՛նչ վճռեր է Եգիպտոսին համար։
13 Տայանիսին իշխանները յիմարացան.Մեմփիսին իշխանները խաբուեցան.Իր ցեղերուն գլխաւորները Եգիպտոսը մոլորեցուցին։
14 Տէրը անոր մէջ մոլորութեան ոգի խառնեցՈւ անոնք Եգիպտոսը իր ամէն գործի մէջ մոլորեցուցին,Ինչպէս փսխող գինովը կը մոլորի։
15 Եգիպտոսի մէջ գործ պիտի չըլլայ,Որ գլուխ կամ պոչ եղողըԱրմաւենիի ոստ կամ կնիւն գործէ։
ԵԳԻՊՏՈՍ ՏԷՐԸ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏԷ
16 Այն օրը Եգիպտոս կիներու պէս պիտի ըլլայՈւ պիտի դողայ եւ զարհուրիԶօրքերու Տէրոջը ձեռքին շարժումէն,Որ պիտի բարձրացնէ անոր վրայ։
17 Յուդային երկիրը Եգիպտացիներուն արհաւիրք պիտի ըլլայ։Ով որ զանիկա յիշէ՝ պիտի վախնայԶօրքերու Տէրոջը խորհուրդին պատճառով,Որ անոր դէմ սահմաներ է։
18 Այն օրը Եգիպտոսի մէջՔանանի լեզուն խօսողԵւ զօրքերու Տէրոջը անունովն երդում ընողՀինգ քաղաք պիտի ըլլայ։Մէկը Արեգ* քաղաք պիտի կոչուի։
19 Այն օրը Եգիպտոսի մէջ Տէրոջը համար սեղանՈւ անոր սահմանին քով Տէրոջը համար կոթող մը պիտի ըլլայ։
20 Անիկա Եգիպտացիներու երկրին մէջԶօրքերու Տէրոջը համար նշան ու վկայութիւն պիտի ըլլայ.Վասն զի բռնաւորներուն պատճառովՏէրոջը պիտի աղաղակենՈւ անիկա ազատարար մը ու մեծ մարդ մը ղրկելով անոնց՝ պիտի ազատէ զանոնք։
21 Տէրը Եգիպտոսի մէջ պիտի յայտնուիՈւ Եգիպտացիները պիտի ճանչնան ՏէրըԵւ զոհեր ու պատարագներ պիտի մատուցանենԵւ Տէրոջը ուխտ պիտի ընեն ու կատարեն։
22 Տէրը Եգիպտացիները պիտի զարնէ։Պիտի զարնէ բայց պիտի բժշկէԵւ անոնք Տէրոջը պիտի դառնանՈւ անիկա պիտի ընդունի զանոնք ու պիտի բժշկէ։
23 Այն օրը Եգիպտոսէն դէպի Ասորեստան բանուկ ճամբայ պիտի ըլլայՈւ Ասորեստանցիները Եգիպտոս ու Եգիպտացիները Ասորեստան պիտի երթանՈւ Եգիպտացիները Ասորեստանցիներուն հետ Աստուծոյ պիտի ծառայեն։
24 Այն օրը Իսրայէլ երրորդ պիտի ըլլայԵգիպտոսի ու Ասորեստանի հետՈւ երկրին մէջ օրհնութիւն պիտի ըլլայ։
25 Քանզի զօրքերու Տէրը զանիկա պիտի օրհնէՈւ պիտի ըսէ. «Օրհնեալ ըլլայ իմ ժողովուրդս՝ ԵգիպտոսՈւ իմ ձեռքերուս գործը՝ ԱսորեստանԵւ իմ ժառանգութիւնս՝ Իսրայէլ»։
Ստորանիշներ
^ 19։2 Կամ, սպառազինեմ
^ 19։6 Կամ, Գետերը պիտի հոտին
^ 19։6 Կամ, Եգիպտոսի
^ 19։10 Կամ, վարպետները
^ 19։12 Կամ, գիտնան
^ 19։18 Կամ, Կորստեան. Եբր., Հերէս