ԵՍԱՅԵԱՅ 20։1-6
20 Երբ Տարաթան Ասորեստանի Սարգոն թագաւորէն ղրկուելով՝ Ազովտոս գնաց ու Ազովտոսին դէմ պատերազմեցաւ ու առաւ,
2 Այն ժամանակ Տէրը Ամովսի որդիին Եսայիին միջոցով խօսեցաւ՝ ըսելով. «Գնա՛, մէջքէդ քուրձդ հանէ՛ ու ոտքերէդ կօշիկներդ»։ Անիկա այնպէս ըրաւ եւ սկսաւ մերկ ու բոկոտն շրջիլ։
3 Տէրը ըսաւ. «Ինչպէս իմ ծառաս Եսայի երեք տարի մերկ ու բոկոտն շրջեցաւ, որպէս զի Եգիպտոսի ու Եթովպիայի համար նշան ու ցոյց ըլլայ,
4 Այնպէս ալ Ասորեստանի թագաւորը Եգիպտացիները պիտի գերէ ու Եթովպիացիները պիտի աքսորէ երիտասարդներն ու ծերերը՝ մերկ, բոկոտն եւ իրենց ամօթոյքը բաց՝ Եգիպտոսի նախատինք պիտի ըլլան։
5 Անոնք պիտի սոսկան ու ամչնան Եթովպիայէն, որ իրենց ապաւէնն էր ու Եգիպտոսէն, որ իրենց փառքն էր։
6 Այն օրը այս ծովեզերեայ երկրին բնակիչները պիտի ըսեն. ‘Ահա այսպէս եղաւ մեր ապաստանարանը՝ ուր մենք Ասորեստանի թագաւորին երեսէն ազատելու համար ու օգնութիւն գտնելու համար փախանք։ Ուրեմն մենք ի՞նչպէս պիտի ազատինք’»։