ԵՍԱՅԵԱՅ 21։1-17

21  Ծովուն անապատին պատգամը։Հարաւէն յարձակող մրրիկներուն պէսԱնիկա անապատէն, սոսկալի երկրէն կու գայ։   Ինծի վշտալի տեսիլք մը յայտնուեցաւ։Յափշտակողը կը յափշտակէ ու կործանողը կը կործանէ։Ո՛վ Եղամացիներ, վե՛ր ելէք. ո՛վ Մարեր, պաշարեցէ՛ք։Անոր պատճառած բոլոր հառաչանքը դադրեցուցի։   Ասոր համար երիկամունքս ցաւով լեցուեցաւՈւ ծննդական կնոջ ցաւերուն պէս ցաւեր բռնեցին զիս։Այնպէս կծկուած եմ, որ չեմ կրնար լսել,Այնպէս խռոված եմ, որ չեմ կրնար տեսնել*։   Սիրտս շփոթեցաւ, արհաւիրքը զիս դողացուց.Իմ ուրախութեանս գիշերը ինծի սրտադողի գիշեր ըրաւ։   Սեղան կը պատրաստեն, դէտեր կը դնեն, կ’ուտեն կը խմեն.Ելէ՛ք, ո՛վ իշխաններ, վահանները օծեցէ՛ք։   Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ.«Գնա՛, դէտ մը դի՛ր, որ տեսածը պատմէ»։   Անիկա հեծեալներ տեսաւ, երկու ձիաւորՈւ էշերու վրայ հեծեալներ եւ ուղտերու վրայ հեծեալներ։Ուշադրութեամբ, մեծ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ   Ու աղաղակեց առիւծի պէս.«Ո՛վ Տէր, ես ցորեկը միշտ իմ դիտանոցիս մէջ կը կայնիմՈւ բոլոր գիշերը իմ պահպանութեանս տեղը կը կենամ։   Ահա հեծեալ մարդիկ,Երկու ձիաւոր՝ կու գան»։Նաեւ պատասխան տուաւ ու ըսաւ.«Ինկաւ Բաբելոն, ինկաւՈւ անոր աստուածներուն բոլոր արձաններըԿոտրտեցան ու գետինը նետուեցան»։ 10  Ով իմ ժողովուրդս՝ ցորենի նման կամնուած ու հոսուած,Ես ձեզի պատմեցի, ինչ որ լսած էիԶօրքերու Տէրոջմէն, Իսրայէլի Աստուծմէն։ ՊԱՏԳԱՄ ԵԴՈՎՄԻ ՄԱՍԻՆ 11  Սէիրէն ձայն մը կու գայ ինծի.«Ո՛վ պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ լուր,Ո՛վ պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ լուր կայ»։ 12  Պահապանը կ’ըսէ.«Առաւօտը կու գայ ու նաեւ գիշերը.Եթէ կ’ուզէք հարցնել, հարցուցէ՛ք.Դարձէ՛ք ու եկէ՛ք»։ ՊԱՏԳԱՄ ԱՐԱԲԻՈՅ ՄԱՍԻՆ 13  Արաբիայի անտառին մէջ գիշերը պիտի անցընէք,Ո՛վ Դեդանացիներու կարաւաններ։ 14  Ո՛վ Թեմայի երկրի բնակիչներ,Ծարաւին առջեւ ջրով ելէ՛ք,Փախստականին առջեւ հացով եկէ՛ք։ 15  Վասն զի անոնք կը փախչին սուրերու առջեւէն,Քաշուած սուրին առջեւէնՈւ լարուած աղեղին առջեւէնԵւ սաստիկ պատերազմին առջեւէն։ 16  Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ.«Մէկ տարուան մէջ՝ վարձկանի տարիներու պէս՝Կեդարին բոլոր փառքը պիտի վերջանայ 17  Ու աղեղնաւորներուն՝ մնացած թիւը,Կեդարին որդիներուն զօրաւոր մարդիկը պիտի քիչնան,Քանզի Իսրայէլին Տէր Աստուածը խօսեցաւ»։

Ստորանիշներ

21։3 Կամ, Լսելէն կծկուած եմ, Տեսնելէն խռոված եմ,