ԵՍԱՅԵԱՅ 3։1-26
3 Վասն զի ահա զօրքերու Եհովա ՏէրըԵրուսաղէմէն եւ Յուդայէն պիտի վերցնէ գաւազանը եւ ցուպը,Հացին բոլոր զօրութիւնն ու ջուրին բոլոր զօրութիւնը,
2 Կտրիճն ու պատերազմող մարդը,Դատաւորն ու մարգարէն, գուշակութիւն ընողն ու ծերը,
3 Յիսնապետն ու պատուաւոր մարդը,Խորհրդականն ու իմաստուն ճարտարապետը եւ հանճարեղ կախարդը։
4 Անոնց վրայ մանուկները իշխան պիտի կարգեմ,Անոնց վրայ տղաք պիտի իշխեն։
5 Ժողովուրդը՝ իրարմէՈւ ընկերը իր ընկերէն հարստահարութիւն պիտի կրեն.Մանուկները ծերերուն վրայ պիտի գոռոզանանԵւ անարգները՝ պատուականներուն։
6 Այն ատեն մարդ իր հօրը տունէն եղող իր եղբայրը պիտի բռնէ ու ըսէ.«Դուն հանդերձ ունիս,Մեր վրայ իշխան եղիրՈւ այս աւերակը քու ձեռքիդ տակ թող ըլլայ»։
7 Այն օրը անիկա պատասխան պիտի տայ* ու ըսէ.«Ես առաջնորդ* չեմ ըլլար,Վասն զի իմ տանս մէջ ո՛չ հաց կայ եւ ո՛չ հանդերձ.Զիս ժողովուրդին վրայ իշխան մի՛ կարգէք»։
8 Քանզի Երուսաղէմ սասանեցաւ եւ Յուդա ինկաւ։Վասն զի անոնց լեզուներն ու գործերը Տէրոջը դէմ են,Որպէս զի բարկացնեն անոր փառաւոր աչքերը։
9 Անոնց երեսներուն տեսքը իրենց դէմ կը վկայէԵւ իրենց մեղքերը Սոդոմի պէս կը յայտնեն, չեն ծածկեր։Վա՜յ անոնց անձին, վասն զի իրենց վրայ չարիք բերին։
10 Արդարին ըսէք թէ իրեն աղէկ պիտի ըլլայ.Վասն զի անոնք իրենց գործերուն պտուղը պիտի ուտեն։
11 Վա՜յ անօրէնին, գէշ պիտի ըլլայ անոր,Վասն զի անոր ձեռքերուն գործերուն փոխարէնը իրեն պիտի տրուի։
12 Բայց իմ ժողովուրդիս հարստահարիչները տղաք ենՈւ անոր վրայ կիներ կը տիրեն։Ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու առաջնորդներդ քեզ գլխէ կը հանենԵւ քու շաւիղներուդ ճամբան կը խանգարեն։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ԴԱՏԷ
13 Տէրը դատաստան տեսնելու ելեր էՈւ ժողովուրդները դատելու կեցեր է։
14 Տէրը ինք դատաստան ընելու պիտի գայԻր ժողովուրդին ծերերուն ու իշխաններուն հետ։«Վասն զի դուք այգին այրեցիքՈւ աղքատէն յափշտակուածը ձեր տունն է։
15 Դուք իմ ժողովուրդս կը կեղեքէքՈւ աղքատները կը հարստահարէք»,Կ’ըսէ Եհովան, զօրքերու Տէրը։
16 Եւ Տէրը այսպէս ըսաւ.«Որովհետեւ Սիօնի աղջիկները հպարտացանՈւ բարձրապարանոց կը քալեն,Անհամեստ ակնարկութիւններ կ’ընեն,Մանրաքայլ կ’երթանՈւ ոտքերով շաչիւն կը հանեն,
17 Տէրն ալ Սիօնի աղջիկներուն գագաթը պիտի կնտացնէԵւ անոնց ամօթոյքը պիտի մերկացնէ»։
ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿԻՆԵՐՈՒՆ
18 Եւ այն օրը Տէրը պիտի վերցնէԱնոնց ոտքի մեհեւանդներուն փառքըՈւ ցանցակերպ ծամակալները եւ մահիկները,
19 Գինդերը, ապարանջաններն ու շղարշատեռները,
20 Ապարօշները, ոտքի շղթաներն ու գօտիները,Անուշահոտութիւններու տուփերը, հմայեակները,
21 Մատանիները եւ քթերուն օղերը,
22 Պատմուճանները, վերարկուները,Ծածկոցներն ու քսակները,
23 Հայելիներն ու բեհեզները,Խոյրերն ու քօղերը։
24 Որպէս զի անուշահոտութեան տեղ փտութիւնՈւ գօտիի տեղ չուանԵւ գանգուր մազերու տեղ կնտութիւնԵւ լանջագեղ կամարի տեղ քուրձի գօտիՈւ գեղեցկութեան տեղ խարան ըլլայ։
25 Քու մարդիկդ սուրով պիտի իյնանՈւ կտրիճներդ ալ պատերազմի մէջ։
26 Եւ անոր դռները պիտի ողբան ու սուգ բռնենԵւ անիկա ամայի ըլլալով՝ գետինը պիտի նստի։