ԵՍԱՅԵԱՅ 31։1-9

31  Վա՜յ անոնց, որ օգնութեան համար Եգիպտոս կ’իջնենՈւ ձիերու կը վստահին եւ կառքերու կ’ապաւինին, որովհետեւ շատ ենՈւ ձիաւորներու՝ որովհետեւ խիստ զօրաւոր* են,Սակայն Իսրայէլի Սուրբին չեն նայիրՈւ Տէրը չեն փնտռեր։   Բայց ան իմաստուն է ու աղէտ կը բերէ։Եւ իր խօսքերը ետ չի դարձներ։Բայց չարերուն տանը դէմԵւ անօրէնութիւն գործողներուն օգնութեանը դէմ պիտի ելլէ։   Արդ՝ Եգիպտացիները մարդ են, ոչ թէ ԱստուածՈւ անոնց ձիերը մարմին են, ոչ թէ հոգիՈւ երբ Տէրը իր ձեռքը երկնցնէԹէ՛ օգնութիւն ընողը պիտի սահիԵւ թէ՛ օգնութիւն գտնողը պիտի իյնայՈւ ամէնքը մէկտեղ պիտի կորսուին։   Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ.Ինչպէս առիւծը կամ կորիւնը իր որսին համար կը մռնչէՈւ երբ հովիւներուն գունդը անոր դէմ հաւաքուի,Անոնց ձայնէն չի վախնարՈւ անոնց աղաղակէն չի վհատիր,Այնպէս ալ զօրքերու Տէրը Սիօն լերանը համարՈւ անոր բլուրին համար պատերազմելու պիտի իջնէ։   Ինչպէս թռչունները իրենց ձագերը կը ծածկեն,Այնպէս զօրքերու Տէրը Երուսաղէմին պաշտպանութիւն պիտի ընէ։Պիտի պաշտպանէ ու փրկէ զանիկա,Պիտի անցնի* ու պիտի ազատէ։   Դուք այն Աստուծոյն դարձէք,Որուն դէմ Իսրայէլին որդիները չարաչար ապստամբեցան,   Քանզի այն օրը ամէն մարդ մէկդի պիտի նետէԻր արծաթէ կուռքերն ու ոսկիէ կուռքերը,Որոնք իրենց մեղաւոր ձեռքերով շինեցին ձեզի։   «Ասորեստանցին սուրով պիտի իյնայ, բայց ո՛չ թէ մարդու սուրով.Հապա այնպիսի սուր մը պիտի ուտէ զանիկա, որ մարդու սուր չէՈւ անիկա սուրէն պիտի փախչի։Անոր երիտասարդները հարկատու պիտի ըլլան։   Իր վախին պատճառով իր բերդը* պիտի անհետանայԵւ անոր իշխանները յանկարծ դրօշակը պիտի լքեն»,Կ’ըսէ Տէրը, որուն կրակը Սիօնի մէջ էՈւ փուռը՝ Երուսաղէմի մէջ։

Ստորանիշներ

31։1 Կամ, բազմաթիւ
31։5 Կամ, խնայէ
31։9 Կամ, բերդէն