ԵՍԱՅԵԱՅ 33։1-24

33  Վա՜յ քեզի, ո՛վ կործանող, որ դուն չկործանուեցարՈւ վա՜յ քեզի, ո՛վ յափշտակող, որ քեզ չյափշտակեցին։Երբ դուն կործանելը լմնցնես, քեզ պիտի կործանեն.Երբ յափշտակելէ դադրիս, քեզ պիտի յափշտակեն։   Ո՛վ Տէր, մեզի ողորմէ, քեզի՛ կը յուսանք.Ամէն առտու մեր զօրութիւնը եղիրՈւ նեղութեան ժամանակ մեզի փրկութիւն եղիր։   Աղմուկին ձայնէն ժողովուրդները կը փախչին,Քու բարձրանալէդ ազգերը կը ցրուին։   Ձեր աւարը թրթուրին հաւաքուելուն պէս պիտի հաւաքեն.Անոր վրայ՝ մարախներուն ցատկելուն պէս պիտի ցատկեն։   Տէրը բարձրացած է, վասն զի բարձրերը կը բնակի։Սիօնը իրաւունքով ու արդարութիւնով լեցուց։   Քու ժամանակներուդ հաստատութիւնըՈւ փրկութեանդ զօրութիւնը իմաստութիւն ու գիտութիւն պիտի ըլլայ։Տէրոջը վախը անոր գանձն է։   Ահա անոնց քաջերը դուրսը կ’աղաղակեն.Խաղաղութեան դեսպանները դառնապէս կու լան։   Բանուկ ճամբաները ամայի եղան,Ճամբայէն անցնող չմնաց։Անիկա ուխտը աւրեց, քաղաքները անարգեց,Մարդը բանի տեղ չի սեպեր.   Երկիրը սուգ կը բռնէ ու կը նուաղի,Լիբանան ամչցաւ ու թառամեցաւ,Սարօն անապատի պէս եղաւ։Բասան ու Կարմեղոս կը թօթուուին։ ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ ԿԸ ԽՐԱՏԷ 10  «Հիմա պիտի ելլեմ, կ’ըսէ Տէրը,Հիմա պիտի փառաւորուիմ,Հիմա պիտի բարձրանամ։ 11  Դուք յարդով պիտի յղանաք եւ մղեղ պիտի ծնանիքՈւ ձեր շունչը* կրակի պէս ձեզ պիտի ուտէ։ 12  Ժողովուրդները կիրի այրուելուն պէս պիտի ըլլան.Անոնք կրակի մէջ նետուած փուշերու պէս պիտի այրին»։ 13  Ո՛վ հեռու եղողներ, լսեցէք թէ ի՞նչ ըրիՈւ մօտ եղողներ, իմ զօրութիւնս ճանչցէք։ 14  Սիօնի մէջ մեղաւորները կը վախնան,Դողը կեղծաւորները կը բռնէ։Մեզմէ ո՞վ կրնայ բնակիլ լափող կրակի մէջ.Մեզմէ ո՞վ կրնայ բնակիլ յաւիտենական բոցերուն մէջ։ 15  Արդարութեամբ քալողը եւ ուղղութեամբ խօսողը,Անիրաւութեան շահը մերժողը,Կաշառք առնելէն ձեռք թօթուողը,Արիւնահեղութեան խօսքերը չլսելու համար ականջները գոցողըՈւ չարութիւնը չտեսնելու համար աչքերը գոցողը։ 16  Անիկա բարձրերը պիտի բնակի,Անոր բերդը ամուր վէմերու վրայ պիտի ըլլայ.Անոր հաց պիտի տրուիՈւ անոր ջուրը անպակաս պիտի ըլլայ։ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՆ 17  Քու աչքերդ թագաւորը իր վայելչութիւնովը պիտի տեսնեն,Անոնք հեռաւոր երկրի պիտի նային։ 18  Քու միտքդ վախերու վրայ պիտի մտածէ.«Ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է կշռողը,Ո՞ւր է աշտարակները համրողը։ 19  Դուն պիտի չտեսնես այն խիստ ժողովուրդը,Դժուարիմաց ու անծանօթ լեզու ունեցող ժողովուրդը,Թոթովախօս ու անիմանալի լեզուով խօսող ժողովուրդը։ 20  Մեր տօնախմբութիւններու քաղաքին՝ Սիօնին՝ նայէ՛։Քու աչքերդ Երուսաղէմը պիտի տեսնեն,Իբրեւ խաղաղ բնակարան մը ու անխախտ վրան մը,Որուն ցիցերը յաւիտեան պիտի չշարժինՈւ չուանները բնաւ պիտի չկտրին։ 21  Հապա հոն փառաւորեալ Տէրը պիտի ըլլայ մեզիԼայնատարած գետերու ու վտակներու տեղ,Ուր թիաքարշ նաւ պիտի չմտնէԵւ անկէ մեծ նաւ պիտի չանցնի։ 22  Քանզի մեր դատաւորը Տէրն է,Մեր օրէնսդիրը Տէրն է,Մեր թագաւորը Տէրն է,Անիկա մեզ պիտի ազատէ։ 23  Քու չուաններդ թուլցան,Իրենց կայմին խարիսխը չկրցան հաստատ բռնել,Առագաստը չկրցան բանալ։Այն ատեն մեծ աւար բաժնուեցաւ։Մինչեւ անգամ կաղերը աւար առին։ 24  Ու հոն բնակողը պիտի չըսէ. «Հիւանդ եմ»։Հոն բնակող ժողովուրդին անօրէնութիւնը պիտի ներուի։

Ստորանիշներ

33։11 Կամ, բարկութեան ոգին