ԵՍԱՅԵԱՅ 35։1-10
35 Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանանԵւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի։
2 Անիկա բոլորովին պիտի ծաղկիԵւ ցնծութեամբ ու երգերով պիտի ուրախանայ։Անոր պիտի տրուի Լիբանանին փառքը,Կարմեղոսին ու Սարօնին վայելչութիւնը.Անոնք Տէրոջը փառքը,Մեր Աստուծոյն վայելչութիւնը պիտի տեսնեն։
3 Թուլցած ձեռքերը ուժովցուցէ՛քՈւ դողդոջուն ծունկերը զօրացուցէ՛ք։
4 Թուլասիրտներուն ըսէ՛ք.«Ուժովցէ՛ք, մի՛ վախնաք.Ահա ձեր Աստուածը վրէժխնդրութիւնովՈւ Աստուծոյ հատուցումովը պիտի գայ.Անիկա պիտի գայ ու ձեզ պիտի ազատէ»։
5 Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուինՈւ խուլերուն ականջները պիտի բացուին։
6 Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէՈւ համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ,Քանզի անապատին մէջ ջուրերՈւ անբնակ երկրին մէջ հեղեղներ պիտի բղխին։
7 Խորշակահար երկիրը լիճի պիտի դառնայՈւ ծարաւուտ երկիրը ջուրի աղբիւրներ պիտի բղխեցնէԵւ չագալներուն պառկած բնակարանըԵղէգի ու կնիւնի գաւիթ պիտի ըլլայ։
8 Հոն պողոտայ ու ճամբայ պիտի ըլլայՈւ անիկա Սրբութեան Պողոտայ պիտի կոչուի։Անկէ պիղծ մէ՛կը պիտի չանցնի։Հապա անիկա անոնց համար պիտի ըլլայ,Որոնք անոր կ’երթան ու յիմարներն անգամ պիտի չմոլորին։
9 Հոն առիւծ պիտի չըլլայ,Անոր վրայ պատառող գազան պիտի չելլէԵւ հոն պիտի չգտնուի,Հապա փրկուածները հոն պիտի քալեն։
10 Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան,Երգով Սիօն պիտի գանԵւ անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանանԵւ տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան։