ԵՍԱՅԵԱՅ 39։1-8
39 Այն ատեն Բաբելոնի թագաւորը, Բաղադանին որդին Մարովդաք—Բաղադան, նամակներ ու ընծաներ ղրկեց Եզեկիային, քանզի անոր հիւանդանալը եւ առողջանալը լսեր էր։
2 Եզեկիա ատոնց համար ուրախացաւ եւ իր թանկագին բաներուն տունը, արծաթն ու ոսկին ու խունկերը եւ պատուական իւղը ու իր զէնքերուն բոլոր տունը եւ իր գանձերուն մէջ բոլոր գտնուածը ցուցուց։ Իր տանը մէջ եւ իր բոլոր տէրութեանը մէջ բան մը չմնաց, որ Եզեկիա անոնց չցուցնէ։
3 Եսայի մարգարէն Եզեկիա թագաւորին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Այդ մարդիկը ի՞նչ ըսին եւ ուրկէ՞ եկան քեզի»։ Եզեկիա ըսաւ. «Ինծի հեռու տեղէ, Բաբելոնէն եկան»։
4 Անիկա ըսաւ. «Քու տանդ մէջ ի՞նչ տեսան»։ Եզեկիա ըսաւ. «Տանս մէջ ինչ որ կար՝ տեսան ու գանձերուս մէջ բան չմնաց որ անոնց չցուցնէի»։ Այն ատեն Եզեկիային ըսաւ.
5 «Զօրքերու Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ.
6 ‘Ահա օրեր պիտի գան, որ քու տանդ մէջ ինչ որ կայ ու ինչ որ քու հայրերդ մինչեւ այսօր հաւաքեցին Բաբելոն պիտի տարուին, բան մը պիտի չմնայ’։
7 Քու սեփական որդիներդ ալ պիտի առնեն եւ անոնք Բաբելոնի թագաւորին պալատին մէջ ներքինիներ պիտի ըլլան»։
8 Եզեկիա Եսայիին ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը, որ դուն ըսիր, բարի է»։ Նաեւ ըսաւ. «Որովհետեւ իմ օրերուս մէջ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ»։