ԵՍԱՅԵԱՅ 4։1-6
4 Այն օրը եօթը կին մէկ այր մարդ պիտի բռնեն ու ըսեն.«Մեր հացը ուտենք ու մեր հանդերձը հագնինք,Բայց միայն քու անունդ կանչուի մեր վրայ՝Մեր նախատինքը վերցնելու համար»։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ
2 Այն օրը Տէրոջը շառաւիղըՓառաւոր ու պատուական պիտի ըլլայԵւ Իսրայէլի ազատուածներուն՝Երկրին պտուղը պարծանքի եւ պատիւի համար պիտի ըլլայ։
3 Որպէս զի Սիօնի մէջ մնացածըՈւ Երուսաղէմի մնացորդը,Այսինքն Երուսաղէմի մէջ բոլոր ողջ մնացողները*,Սուրբ կոչուին,
4 Երբ Տէրը Սիօնի աղջիկներուն աղտը լուայՈւ դատաստանի հոգիով եւ այրող հոգիովԵրուսաղէմի արիւնները անոր մէջէն սրբէ։
5 Տէրը Սիօն լերանը վրայՈւ անոր ժողովարաններուն վրայՑորեկը ամպ եւ մէգՈւ գիշերը փայլուն կրակի բոց պիտի ստեղծէ,Որպէս զի բոլոր փառքին վրայ հովանի ըլլայ։
6 Ցորեկը վրան պիտի ըլլայ,Տաքութեան համար՝ հովանիԵւ մրրիկին ու անձրեւի համարԱպաստանարան ու ծածկոց ըլլալու։
Ստորանիշներ
^ 4։3 Եբր., գրուածները