ԵՍԱՅԵԱՅ 40։1-31

40  «Մխիթարեցէ՛ք, մխիթարեցէ՛ք իմ ժողովուրդս»,Կ’ըսէ ձեր Աստուածը.   Երուսաղէմին քաղցրութեամբ խօսեցէքՈւ անոր ըսէք թէ՝ իր պատերազմելու ժամանակը լրացաւԵւ իր անօրէնութիւնը ներուեցաւ,Քանզի իր բոլոր մեղքերուն համարՏէրոջ ձեռքէն կրկին հատուցում առաւ»։   Անապատին մէջ կանչողին ձայնը.«Տէրոջը* ճամբա՛ն պատրաստեցէքՈւ ամայութեան մէջ մեր Աստուծոյն համար շաւի՛ղ շտկեցէք։   Ամէն ձոր պիտի բարձրանայ,Ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ,Ծուռը պիտի շտկուի,Խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ըլլան։   Տէրոջը փառքը պիտի յայտնուիԵւ ամէն մարմին մէկտեղ զանիկա պիտի տեսնէ.Քանզի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։   Ձայն մը ըսաւ. «Կանչէ՛»Ու ես ըսի. «Ի՞նչ կանչեմ»։Ամէն մարմին խոտ է։Անոր բոլոր վայելչութիւնը դաշտի ծաղիկին պէս է։   Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի,Երբ անոր վրայ Տէրոջը հովը փչէ։Իրաւցնէ ժողովուրդը խոտ է։   Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի,Բայց մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ։   Ելի՛ր բարձր լերան վրայ,Ո՛վ դուն, որ Սիօնին աւետիս կը բերես,Քու ձայնդ ուժո՛վ բարձրացուր,Ո՛վ դուն, որ Երուսաղէմին աւետիս կը բերես.Բարձրացո՛ւր, մի՛ վախնար.Յուդայի քաղաքներուն ըսէ. «Ահա ձեր Աստուածը»։ 10  Ահա Տէր Եհովան զօրութեամբ պիտի գայՈւ անոր բազուկը իրեն համար պիտի իշխէ։Ահա իր վարձքը իրեն հետ էՈւ գործերու հատուցումը իր առջեւն է։ 11  Անիկա հովիւի պէս իր հօտը պիտի հովուէ.Գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէՈւ զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէԵւ ծիծ տուողները կամաց պիտի քշէ։ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԸ 12  Ո՞վ իր ափովը ջուրերը չափեցՈւ թիզով երկինքը ծրագրեցՈւ երկրի հողը չափի մէջ ամփոփեցԵւ լեռները կշռաթաթովՈւ բլուրները կշիռքով կշռեց։ 13  Ո՞վ քննեց Տէրոջը ՀոգինՈւ անոր խորհրդակից ըլլալով՝ ուղղութիւն տուաւ անոր։ 14  Անիկա որո՞ւ խորհուրդ հարցուց,Ո՞վ անոր իմաստութիւն տուաւՈւ դատաստանի ճամբան սորվեցուց։Ո՞վ անոր գիտութիւն սորվեցուցՈւ իմաստութեան ճամբան ճանչցուց։ 15  Ահա ազգերը դոյլէն կաթած կաթիլի պէս ենՈւ կշիռքին մէջի մանր փոշիին պէս կը սեպուին,Ահա կղզիները ցրուած փոշիի պէս են*։ 16  Լիբանանը կրակի համար բաւական չէՈւ անոր անասունները ողջակէզի համար բաւական չեն։ 17  Բոլոր ազգերը անոր առջեւ ոչինչի պէսՈւ ոչինչէն պակաս եւ ունայնութիւն կը սեպուին։ 18  Ուստի դուք Աստուած որո՞ւ կը նմանցնէքՈւ զանիկա ի՞նչ նմանութեան հետ կը բաղդատէք։ 19  Արուեստագէտը կը ձուլէ կուռքըՈւ ոսկերիչը զանիկա ոսկիով կը պատէԵւ անոր արծաթէ շղթաներ կը շինէ։ 20  Այն աղքատը որ չի կրնար մեծածախս նուէրներ տալ,Անփուտ փայտ կ’ընտրէ,Իրեն վարպետ արհեստաւոր կը փնտռէ,Որպէս զի անշարժ կուռք մը շինէ։ 21  Միթէ չգիտցա՞ք, չլսեցի՞ք,Ձեզի առաջուընէ չըսուեցա՞ւ,Երկրին հիմնադրութենէն չհասկցա՞ք։ 22  Ի՛նքն է երկրի շրջանակին վրայ նստողըՈւ անոր բնակիչները մարախներու պէս են։Ի՛նքն է երկինքը վարագոյրի պէս տարածողըՈւ նստելու համար զանիկա վրանի պէս կանգնեցնողը։ 23  Ի՛նքն է իշխանները բնաջինջ ընողըՈւ երկրի դատաւորները ոչնչացնողը։ 24  Հազիւ թէ անոնք տնկուած, ցանուած են ուԱնոնց բունը հողի մէջ արմատացած է,Անիկա անոնց վրայ կը փչէ ու անոնք կը չորնանԵւ փոթորիկը զանոնք մղեղի պէս կը տանի։ 25  «Արդ՝ որո՞ւ կը նմանցնէք զիս,Որ ես անոր հաւասար ըլլամ», կ’ըսէ Սուրբը։ 26  Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք,Ասոնք ո՞վ ստեղծեց։Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ։Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովըԱնոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր։ 27  Ո՛վ Յակոբ, ինչո՞ւ կ’ըսեսՈւ ո՛վ Իսրայէլ, ինչո՞ւ կը յայտարարես թէ՝«Իմ ճամբաս Տէրոջմէ ծածկուեցաւԵւ իմ իրաւունքս իմ Աստուծմէս զանց առնուեցաւ»։ 28  Միթէ չգիտցա՞ր կամ չլսեցի՞րԹէ յաւիտենական Աստուածը՝ Եհովան,Երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը,Չի յոգնիր ու չի թուլնար.Անոր իմաստութիւնը չի քննուիր։ 29  Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողըՈւ կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը։ 30  Երիտասարդները անգամ պիտի յոգնին ու թուլնանԵւ ընտիր կտրիճները բոլորովին պիտի իյնան, 31  Բայց Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուիԵւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն,Պիտի վազեն ու չթուլնան,Պիտի քալեն ու չյոգնին։

Ստորանիշներ

40։3 Կամ, Ձայն մը կը կանչէ. Անապատին մէջ Տէրոջը
40։15 Կամ, կը վերցնէ փոշիի պէս