ԵՍԱՅԵԱՅ 45։1-25
45 Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ իր օծեալ Կիւրոսին,Որուն աջ ձեռքը բռնեցի,Որպէս զի ազգերը անոր առջեւ հնազանդեցնեմ,Թագաւորներուն մէջքը թուլցնեմ,Անոր առջեւ դռներուն փեղկերը բացուին,Դռները բնաւ չգոցուին։
2 Ես քու առջեւէդ պիտի երթամ,Խորտուբորտ տեղերը պիտի շտկեմ,Պղնձէ դռները պիտի փշրեմ,Երկաթէ նիգերը պիտի կոտրտեմ
3 Եւ խաւարի մէջ ծածկուած գանձերըՈւ պահուած հարստութիւնները քեզի պիտի տամ,Որպէս զի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը՝Իսրայէլի Աստուածը՝ որ քեզ անունովդ կը կանչեմ։
4 Իմ Յակոբ ծառայիս համարԵւ իմ ընտրած Իսրայէլիս համարՔեզ քու անունովդ կանչեցի։Քեզի մականուն դրի՝ թէեւ զիս չէիր ճանչնար։
5 Ես եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ,Ինձմէ զատ Աստուած չկայ։Ես քեզի գօտի կապեցի, թէեւ զիս չէիր ճանչնար,
6 Որպէս զի արեւելքէն ու արեւմուտքէն գիտնանԹէ ինձմէ զատ մէ՛կը չկայ։Ե՛ս եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ։
7 Լոյսը հաստատողը եւ խաւարը ստեղծողը,Խաղաղութիւն ընողն ու չարիքը ստեղծողը,Այս բոլոր բաները ընողը ես Տէրս եմ։
8 «Ո՛վ երկինքներ, վերէն ցօղ կաթեցուցէ՛քԵւ ամպերը արդարութիւն թող տեղան։Երկիրը թող բացուի ու փրկութեան պտուղ թող տայՈւ մէկտեղ արդարութիւն թող բուսնի։Ասոնք ստեղծողը ես՝ Տէ՛րս եմ։
ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՏԷՐԸ
9 Վա՜յ անոր որ իր Արարիչին հետ կը վիճի,Թէեւ ինք երկրի խեցիներուն պէս խեցի մըն է*.Միթէ կաւը զինք ձեւացնողին կրնա՞յ ըսել թէ ‘Ի՞նչ կը շինես’,Կամ քու գործդ կրնա՞յ քեզի ըսել թէ ‘Ձեռք չունիս’։
10 Վա՜յ անոր որ իր հօրը կ’ըսէ. ‘Ի՞նչ կը ծնանիս’Ու իր մօրը՝ ‘Ի՞նչ զաւակ կը բերես’»։
11 Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝Իսրայէլի Սուրբը ու անոր Արարիչը.«Գալու բաներուն վրայով ինծի հարցուցէ՛ք,Իմ որդիներուս համար ու իմ ձեռքերուս գործերուն համար,Ինծի պատուէր տուէ՛ք։
12 Երկիրը ես շինեցիՈւ անոր վրայ մարդը ստեղծեցի։Երկինքը իմ ձեռքերս տարածեցինԵւ անոր բոլոր զօրքին ես պատուէր տուի։
13 Ես զանիկա արդարութեամբ արթնցուցիՈւ անոր բոլոր ճամբաները պիտի շտկեմ։Անիկա իմ քաղաքս պիտի շինէԵւ իմ աքսորուածներս ետ պիտի դարձնէԱռանց հատուցումի ու առանց վարձատրութեան».Կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
14 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Եգիպտոսի վաստակը,Եթովպիացիներու եւ երկայնահասակ Սաբայեցիներու վաճառականութիւնըՔեզի պիտի անցնին ու քուկդ պիտի ըլլան։Անոնք քու ետեւէդ պիտի քալենԵւ շղթաներով պիտի պտըտինՈւ քեզի երկրպագութիւն ընելով՝Քեզի պիտի աղաչեն ու ըսեն.‘Միայն քու մէ՛ջդ Աստուած կայՈւ անկէ զատ ուրիշ Աստուած մը չկայ’»։
15 Յիրաւի դուն քեզ ծածկող Աստուած մըն ես,Ո՛վ Իսրայէլի փրկիչ Աստուածը։
16 Անոնք ամէնքը պիտի ամչնան ու պատկառին,Կուռք շինողները մէկտեղ ամօթով պիտի երթան։
17 Իսրայէլ յաւիտենական փրկութիւնով Տէրոջմէն պիտի փրկուի։Դուք յաւիտեանս յաւիտենից պիտի չամչնաք ու պիտի չպատկառիք։
18 Քանզի այսպէս կ’ըսէ երկինքը ստեղծող Տէրը,Այն Աստուածը, որ երկիրը կազմեց,Զանիկա շինեց եւ հաստատեց,Զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց,Հապա բնակութեան համար կազմեց։«Տէրը ե՛ս եմ ու ինձմէ ուրիշը չկայ։
19 Ես ծածկաբար երկրի մութ տեղը չխօսեցայ,Յակոբի սերունդին չըսի թէ‘Քաոսի մէջ զիս փնտռեցէք’.Ես՝ Տէրս՝ արդարութիւն կը խօսիմԵւ ճշմարիտ բաներ կը յայտնեմ։
ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԷՐԸ ԵՒ ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԿՈՒՌՔԵՐԸ
20 Հաւաքուեցէ՛ք ու եկէ՛ք,Մէկտեղ մօտեցէք դուք, ո՛վ ազգերէն ազատուածներ։Անոնք գիտութիւն չունին, որ իրենց փայտէ կուռքեր կը կանգնեցնենՈւ փրկելու կարողութիւն չունեցող աստուծոյ աղօթք կ’ընեն։
21 Քարոզեցէ՛ք ու զանոնք մօտեցուցէ՛քԵւ անոնք մէկտեղ խորհուրդ թող ընեն։Ո՞վ գիտցուց ասիկա սկիզբէն,Այն ժամանակէն ի վեր ո՞վ պատմեց.Չէ՞ որ ե՛ս՝ Տէ՛րս։ Ինձմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ,Ինձմէ ուրիշ ճշմարիտ Աստուած ու Փրկիչ չկայ։
22 Ո՛վ երկրի բոլոր ծայրեր, ինծի նայեցէք, որպէս զի փրկուիք.Քանզի ե՛ս եմ Աստուած եւ ինձմէ ուրիշը չկայ։
23 Իմ անձիս վրայ երդում ըրի,Իմ բերնէս արդարութեան խօսք ելաւ ու ետ չի դառնար,‘Թէ ամէն ծունկ ինծի պիտի ծռիԵւ ամէն լեզու երդում պիտի ընէ’։
24 Մէկը պիտի ըսէ.‘Միայն Տէրոջմով արդարութիւն ու զօրութիւն ունիմ’.Ամէն մէկը անոր պիտի գայԵւ անոր դէմ բոլոր բարկացողները պիտի ամչնան։
25 Իսրայէլի բոլոր սերունդըՏէրոջմով պիտի արդարանայ ու պիտի պարծենայ»։
Ստորանիշներ
^ 45։9 Կամ, Խեցին՝ երկրի խեցիներուն հետ թող վիճի