ԵՍԱՅԵԱՅ 48։1-22

48  Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ Յակոբի տուն,Որ Իսրայէլի անունովը կանչուած էքՈւ Յուդայի աղբիւրէն* ելեր էքԵւ Տէրոջը անունովը երդում կ’ընէքՈւ Իսրայէլի Աստուածը կը յիշէք,Բայց ճշմարտութեամբ չէ ու արդարութեամբ չէ։   (Քանզի անոնք Սուրբ քաղաքին անունովը կը յիշուինԵւ Իսրայէլին Աստուծոյն կը կռթնին,Որուն անունը Եհովա Սաբաւովթ է)։   Առաջուան բաները կանուխէն պատմեցի։Անոնք իմ բերնէս ելան եւ զանոնք իմացուցի.Զանոնք յանկարծ ըրի ու եղան։   Որովհետեւ գիտէի թէ դուն խիստ եսԵւ քու պարանոցդ երկաթէ ջիղեր ունիՈւ պղնձէ ճակատ մը ունիս։   Քեզի կանուխէն պատմեցիՈւ դեռ չեղած քեզի իմացուցի,Որ չըլլայ թէ ըսես. «Զանոնք իմ արձանս ըրաւԵւ իմ քանդակած ու ձուլածոյ կուռքս հրամայեց»։   «Դուն զանոնք լսեցիր, նայէ, անոնց ամէնքը կատարուեցանՈւ դուն զանիկա պիտի չհրապարակե՞ս.Ես քեզի ասկէ ետքը նոր ու ծածուկ բաներ պիտի գիտցնեմ,Որոնք դուն չգիտցար։   Անոնք հիմա՛ ստեղծուեցան եւ ո՛չ թէ առաջուընէ։Ասկէ առաջ զանոնք չլսեցիր,Որ չըլլայ թէ ըսես. ‘Ահա զանոնք գիտցայ’։   Դուն ո՛չ լսեցիր, ո՛չ ալ գիտցար։Սկիզբէն քու ականջդ չբացուեցաւ.Վասն զի գիտցայ թէ դուն խիստ նենգաւոր ես։Դուն որովայնէն ապստամբ կոչուեցար։   Ես իմ անուանս համար բարկութիւնս պիտի յետաձգեմԵւ իմ փառքիս համար պիտի համբերեմ քեզի,Որպէս զի քեզ չկորսնցնեմ։ 10  Ահա քեզ մաքրեցի, բայց ոչ թէ արծաթի պէս*։Քեզ նեղութեան հալոցին մէջ փորձեցի։ 11  Ասիկա ինծի՛ համար, ինծի՛ համար պիտի ընեմ։Ինչո՞ւ իմ անունս պղծուի։Ես իմ փառքս ուրիշի չեմ տար։ ԿԻՒՐՈՍ ՏԷՐՈՋԸ ԸՆՏՐԱԾ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ 12  Ով Յակոբ ու իմ կանչած Իսրայէլս, ինծի՛ մտիկ ըրէք.Ես նոյնն եմ։Առաջինը ե՛ս եմ, վերջի՛նն ալ ես եմ։ 13  Իմ ձեռքս երկիրն ալ հիմնեցՈւ իմ աջ ձեռքս տարածեց երկինքը։Երբ ես զանոնք կանչեմ,Անոնք մէկտեղ իմ առջեւս պիտի կենան։ 14  Ամէնքդ հաւաքուեցէ՛ք ու մտի՛կ ըրէք։Անոնցմէ ո՞վ պատմեց այս բաները։Տէրոջը սիրածը Բաբելոնի մէջ անոր կամքը պիտի գործադրէԵւ իր բազուկը Քաղդէացիներուն վրայ պիտի երկնցնէ։ 15  Ե՛ս, ե՛ս խօսեցայ ու զանիկա կանչեցի։Զանիկա բերի եւ անոր ճամբան պիտի յաջողի։ 16  Ինծի՛ մօտեցէք, ասիկա՛ լսեցէք.Առաջուընէ ծածուկ չխօսեցայ։Այս բաներուն եղած ժամանակէն ի վեր ես հոն եմ»։Ու զիս Տէր Եհովան՝ անոր Հոգին ղրկեց։ ՏԷՐՈՋԸ ԾՐԱԳԻՐԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ 17  Այսպէս կ’ըսէ Տէրը,Քու Փրկիչդ, Իսրայէլի Սուրբը.«Ես եմ քու Տէր Աստուածդ,Որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ,Քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ։ 18  Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէսՈւ արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար. 19  Քու սերունդդ՝ աւազի չափՈւ որովայնիդ ծնունդը անոր խիճին չափ պիտի ըլլար։Անոր անունը իմ առջեւէս պիտի չկտրուէր ու չկորսուէր»։ 20  Բաբելոնէն ելէ՛ք, Քաղդէացիներէն փախէ՛ք.Ասիկա յաղթութեան երգով պատմեցէ՛ք ու հրատարակեցէ՛ք.Ասիկա մինչեւ երկրի ծայրը տարածեցէ՛ք,Ըսելով. «Տէրը իր Յակոբ ծառան փրկեց»։ 21  Երբ զանոնք անապատներու մէջ պտըտցուց, չծարաւցան.Անոնց համար վէմէն ջուրեր վազցուց,Վէմը պատրեց ու անկէ ջուրեր բղխեցան։ 22  «Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան», կ’ըսէ Տէրը։

Ստորանիշներ

48։1 Եբր., ջուրերէն
48։10 Կամ, արծաթով