ԵՍԱՅԵԱՅ 50։1-11
50 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.Ո՞ւր է ձեր մօրը ապահարզանի թուղթը,Որով ես զանիկա արձակեցի.Կամ ո՞վ է այն պարտատէրս,Որուն ես ձեզ ծախեցի։Ահա դուք ձեր անօրէնութիւններուն համար ծախուեցաքՈւ ձեր մայրը ձեր յանցանքներուն համար արձակուեցաւ։
2 Ինչո՞ւ համար իմ եկած ատենս մարդ մը չկարՈւ կանչած ատենս պատասխան տուող մը չկար։Միթէ իմ ձեռքս կարճցա՞ւ, որ փրկելու կարող չըլլամ,Կամ թէ ազատելու զօրութիւն չունի՞մ։Ահա ես սաստելով ծովը կը ցամքեցնեմ,Գետերը անապատի կը դարձնեմ,Անոնց ձուկերը ջուր չըլլալուն համար կը հոտինՈւ ծարաւէն կը մեռնին։
3 Երկինքներուն խաւար կը հագցնեմՈւ ծածկոցի համար անոնց վրայ քուրձ կը դնեմ»։
ՏԷՐՈՋԸ ԾԱՌԱՆԵՐՈՒՆ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ
4 Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու լեզու տուաւ,Որպէս զի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին։Ամէն առտու զիս կ’արթնցնէ,Անիկա իմ ականջս կը բանայ,Որպէս զի աշակերտներու պէս լսեմ։
5 Տէր Եհովան իմ ականջս բացաւՈւ ես անհնազանդ չեղայ, ետ չդարձայ։
6 Իմ կռնակս զարնողներունԵւ այտերս փետտողներուն տուի.Իմ երեսս նախատինքէն ու թուքէն չծածկեցի,
7 Բայց Տէր Եհովան ինծի կ’օգնէ,Անոր համար ամօթապարտ պիտի չըլլամ,Անոր համար իմ երեսս գայլախազի պէս ըրիՈւ գիտեմ թէ պիտի չամչնամ։
8 Զիս արդարացնողը մօտ է։Ո՞վ ինծի հետ պիտի վիճի։ Միասին մէջտեղը կենանք։Իմ դատախազս ո՞վ է։ Թող ինծի մօտենայ։
9 Ահա Տէր Եհովան ինծի պիտի օգնէ։Ո՞վ զիս յանցաւոր պիտի հանէ։Ահա ամէնքը հանդերձի պէս պիտի մաշին,Ցեցը պիտի ուտէ զանոնք։
10 Ձեր մէջ Տէրոջմէն վախցող,Անոր ծառային ձայնին մտիկ ընող կա՞յ,Որ մութի մէջ կը քալէ ու բնաւ լոյս չունի։Թող անիկա Տէրոջը անուանը ապաւինիՈւ իր Աստուծոյն կռթնի։
11 Ահա դուք ամէնքդ, որ կրակ կը վառէքՈւ կայծերով կը շրջապատուիք,Ձեր կրակին լոյսովըՁեր վառած կայծերուն մէջ քալեցէք։Ասիկա ձեզի իմ ձեռքովս պիտի ըլլայ,Դուք տրտմութեամբ պիտի պառկիք։