ԵՍԱՅԵԱՅ 58։1-14

58  «Բարձրաձայն կանչէ եւ մի՛ խնայեր,Ձայնդ փողի պէս բարձրացուրԵւ իմ ժողովուրդիս՝ իրենց յանցանքըՈւ Յակոբին տանը՝ իրենց մեղքերը յայտնէ։   Անոնք ամէն օր զիս կը փնտռենԵւ իմ ճամբաներս գիտնալ կը փափաքին,Այնպիսի ազգի մը պէս, որ արդարութիւն կ’ընէՈւ իր Աստուծոյն օրէնքները զանց չ’ըներ։Ինծի արդարութեան կանոնները կը հարցնեն,Աստուծոյ մօտենալ կը փափաքին,   Ու կ’ըսեն՝‘Մենք ինչո՞ւ ծոմ պահեցինք եւ դուն չտեսար,Մեր անձերը չարչարեցինք ու դուն չգիտցար’։Ահա ձեր ծոմապահութեան օրը ձեր բաղձանքը կը կատարէքԵւ ձեր բոլոր պահանջները խստութեամբ կը պահանջէք*։   Ահա կռիւի ու վէճիԵւ չարութեան բռունցքով զարնելու համար ծոմ կը պահէք,Որ ձեր ձայնը բարձրերը լսել տաք։   Իմ ընդունած ծոմապահութիւնսՈւ մարդու մը իր անձը խոնարհեցնելու օրը այսպէ՞ս կ’ըլլայ.Իր գլուխը կնիւնի պէս ծռելովԵւ իր տակ քուրձ ու մոխիր տարածելո՞վ կ’ըլլայ։Ասիկա ծոմապահութիւն ու Տէրոջը ընդունելի օ՞ր պիտի անուանես։   Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝Անիրաւութեան կապերը քակելը,Լուծին կապերը թուլցնելը,Հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը,Ամէն լուծ կտրելը,   Հացդ անօթիին բաժնելը,Թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը,Մերկ մը հագուեցնելըՈւ մարմինդ անտեսելն է։   Այն ատեն քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագիՈւ բժշկութիւնդ շուտով պիտի յայտնուի*։Քու արդարութիւնդ քու առջեւէդ պիտի երթայՈւ Տէրոջը փառքը քու ետեւէդ պիտի պաշտպանէ։   Այն ատեն պիտի կանչես եւ Տէրը պիտի պատասխանէ,Պիտի աղաղակես ու անիկա պիտի ըսէ. ‘Ահա ես’։Եթէ քու մէջէդ լուծը,Մատով ցուցնելն ու չար խօսքերը վերցնես, 10  Եթէ անօթին յօժարութեամբ կերակրես*Եւ կարօտին հոգին կշտացնես,Այն ատեն քու լոյսդ խաւարի մէջ պիտի ծագիՈւ քու խաւարդ կէսօրուան պէս պիտի ըլլայ։ 11  Տէրը միշտ քեզի առաջնորդութիւն պիտի ընէ,Քու հոգիդ երաշտութեան ատեն* պիտի կշտացնէ,Ոսկորներդ պիտի զօրացնէ.Դուն ջրարբի պարտէզի պէսԱղբիւրի պէս պիտի ըլլաս, որուն ջուրը չի պակսիր։ 12  Քեզմէ ծնածները հին աւերակները պիտի շինեն։Նախկին դարերուն հիմերը պիտի վերականգնես։Դուն փլածներ նորոգողՈւ բնակութեան համար ճամբաներ շտկող պիտի կոչուիս։ ՇԱԲԱԹԸ ՊԱՀԵԼՈՒՆ ՎԱՐՁՔԸ 13  Եթէ շաբաթը՝ իմ սուրբ օրս՝Քու ցանկութիւնդ կատարելէ ոտքդ դարձնեսՈւ շաբաթը՝ քու զուարճութիւնդԵւ Տէրոջը նուիրուած օրը պատուական անուանես,Զանիկա պատուես՝ քու ճամբաներուդ չհետեւելով,Քու ցանկութիւնդ չկատարելով ու պարապ խօսք չխօսելով, 14  Այն ատեն Տէրոջմով պիտի ուրախանաս։Քեզ երկրին բարձր տեղերը պիտի հանեմ,Քու հօրդ Յակոբին ժառանգութիւնը քեզի պիտի կերցնեմ.Քանզի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։

Ստորանիշներ

58։3 Կամ, գործողները կը հարստահարէք
58։8 Եբր., բուսնի
58։10 Եբր., քու հոգիդ անօթիին ընծայես
58։11 Կամ, անջուր տեղերու մէջ