ԵՍԱՅԵԱՅ 61։1-11
61 Տէր Եհովային Հոգին իմ վրաս է,Վասն զի Տէրը զիս օծեցՈւ զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու,Կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու,Գերիներուն՝ ազատութիւնԵւ բանտարկեալներուն բանտին բացուիլը հրատարակելու։
2 Տէրոջը՝ ընդունելի տարինՈւ մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը հրատարակելու,Բոլոր սգաւորները մխիթարելու,
3 Սիօնի սգաւորները որոշելուՈւ անոնց մոխիրի տեղ՝ փառք,Սուգի տեղ՝ ուրախութեան իւղ,Կոտրած հոգիի տեղ գովութեան պատմուճան տալու։Եւ զանոնք պիտի անուանեն Արդարութեան բեւեկնիներ,Որոնք Տէրը տնկեր է իր փառքին համար։
4 Հին աւերակները պիտի շինեն,Առաջուան կործանուածները պիտի կանգնեցնեն,Աւերուած քաղաքներըՈւ շատ դարերէ ի վեր աւերակ մնացածները պիտի նորոգեն։
5 Օտարականները պիտի գան ու ձեր հօտերը պիտի հովուեն։Օտարներուն որդիները ձեր երկրագործները եւ այգեգործները պիտի ըլլան։
6 Բայց դուք Տէրոջը՝ քահանաներ,Մեր Աստուծոյն պաշտօնեաներ պիտի կոչուիք։Ազգերուն հարստութիւնը պիտի ուտէքՈւ անոնց փառքովը պիտի փառաւորուիք։
7 Ձեր ամօթին տեղ՝ կրկին ուրախութիւնԵւ անարգանքին տեղ ձեր ժառանգութեանը մէջ պիտի ցնծաք,Ուստի ձեր երկրին մէջ կրկին ժառանգութիւն պիտի առնէք։Յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ունենաք։
8 Քանզի ես Տէրս արդարութիւնը կը սիրեմ.Անիրաւութիւնն ու յափշտակութիւնը կ’ատեմ.Իրաւցնէ անոնց գործերուն վարձքը պիտի տամՈւ անոնց հետ յաւիտենական ուխտ պիտի ընեմ։
9 Անոնց սերունդը ազգերուն մէջ,Անոնց տղաքները ժողովուրդներուն մէջ պիտի ճանչցուին,Զանոնք բոլոր տեսնողները պիտի գիտնան,Թէ անոնք Տէրոջը օրհնած սերունդն են։
10 Ես Տէրոջմով մեծապէս պիտի ցնծամՈւ իմ հոգիս իմ Աստուծմովս պիտի ուրախանայ.Քանզի ինծի փրկութեան հանդերձներ հագցուց,Զիս արդարութեան պատմուճանով ծածկեցՓեսայի պէս, որ իրեն փառաւոր խոյրը կը դնէՈւ հարսի պէս, որ իր զարդերովը կը զարդարուի։
11 Քանզի ինչպէս երկիր իր տունկը կ’աճեցնէՈւ պարտէզը իր մէջ ցանուածները կը բուսցնէ,Այնպէս Տէր Եհովան բոլոր ազգերուն առջեւԱրդարութիւն ու գովութիւն պիտի բուսցնէ։