ԵՍԱՅԵԱՅ 62։1-12
62 Սիօնի սիրոյն համար պիտի չլռեմՈւ Երուսաղէմի սիրոյն համար պիտի չհանդարտիմ.Մինչեւ որ անոր արդարութիւնը՝ լոյսի պէսԵւ անոր փրկութիւնը բոցավառ ջահի պէս ճառագայթէ*։
2 Ազգերը՝ քու արդարութիւնդՈւ բոլոր թագաւորները քու փառքդ պիտի տեսնեն։Դուն նոր անունով պիտի կոչուիս,Որ Տէրոջը բերանը պիտի անուանէ։
3 Տէրոջը ձեռքին մէջ՝ վայելչութեան պսակՈւ քու Աստուծոյդ ձեռքին մէջ արքայական թագ պիտի ըլլաս։
4 Դուն անգամ մըն ալ Լքուած պիտի չկոչուիսՈւ քու երկիրդ անգամ մըն ալ Աւերակ պիտի չկոչուի,Հապա դուն Իմ հաւնածս*Ու քու երկիրդ Ամուսնացեալ պիտի կոչուի,Քանզի Տէրը քեզի պիտի հաւնիՈւ քու երկիրդ պիտի ամուսնանայ։
5 Վասն զի ինչպէս երիտասարդ մը կոյսի հետ կ’ամուսնանայ,Այնպէս քու տղաքներդ քեզի հետ պիտի ամուսնանան։Ինչպէս փեսան հարսին վրայ կ’ուրախանայ,Այնպէս քու Աստուածդ քու վրադ պիտի ուրախանայ։
6 Քու պարիսպներուդ վրայ, ո՛վ Երուսաղէմ, պահապաններ դրի.Անոնք բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը բնաւ պիտի չլռեն։Դուք, ո՛վ Տէրը յիշողներ, լուռ մի՛ կենաք
7 Ու անոր հանգստութիւն մի՛ տաք,Մինչեւ անիկա հաստատէ,Մինչեւ Երուսաղէմը երկրին գովելի քաղաքը դարձնէ։
8 Տէրը իր աջ ձեռքին վրայ ու իր զօրաւոր բազուկին վրայ այսպէս երդում ըրաւ.«Քու ցորենդ անգամ մըն ալ քու թշնամիներուդ կերակուր պիտի չտամԵւ օտարներու որդիները պիտի չխմեն քու գինիդ,Որուն համար դուն աշխատեցար.
9 Հապա հնձողները պիտի ուտեն զանիկաՈւ Տէրոջը փառք պիտի տանԵւ զանիկա հաւաքողները իմ սուրբ սրահներուս մէջ պիտի խմեն»։
10 Անցէ՛ք, անցէ՛ք դռներէն,Ժողովուրդին ճամբայ պատրաստեցէ՛ք.Շտկեցէ՛ք, շտկեցէ՛ք շաւիղները,Քարերը անկէ հաւաքեցէ՛ք.Ժողովուրդներուն վրայ դրօշակ բարձրացուցէք։
11 Ահա Տէրը մինչեւ երկրի ծայրը յայտարարեց, որՍիօնի աղջկանը ըսեն.«Ահա քու Փրկիչդ կու գայ,Ահա անոր վարձքը իրեն հետ էՈւ գործերու հատուցումը իր առջեւն է»։
12 Անոնք Սուրբ ժողովուրդ, Տէրոջը փրկածները, պիտի կոչուինՈւ դուն Փնտռուած ու Չլքուած քաղաք պիտի կոչուիս։