ԵՍԹԵՐ 10։1-3
10 Ասուերոս թագաւորը ցամաք երկիրներու վրայ ու ծովու կղզիներուն վրայ տուրք դրաւ։
2 Անոր քաջութեանը բոլոր գործերը ու զօրութիւնը եւ Մուրթքէի մեծութեանը փառքը, որով թագաւորը զանիկա մեծցուց, ահա Մարերու եւ Պարսիկներու թագաւորներուն ժամանակագրութեան գրքին մէջ գրուած են։
3 Վասն զի Հրեայ Մուրթքէն Ասուերոս թագաւորին երկրորդն էր ու Հրեաներուն մէջ՝ մեծ ու իր եղբայրներուն հաճոյ էր. իր ազգին աղէկութիւնը կը փնտռէր եւ իր բոլոր սերունդին խաղաղութեանը վերաբերեալ բաներ կը խօսէր։