ԵՐԵՄԵԱՅ 10։1-25

10  Ո՛վ Իսրայէլի տուն,Տէրոջը ձեզի համար ըսած խօսքը լսեցէք։   Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Ազգերուն ճամբաները մի՛ սորվիքՈւ երկնքի նշաններէն մի՛ զարհուրիք,Վասն զի անոնցմէ հեթանոսները կը զարհուրին։   Քանզի ժողովուրդներուն սովորութիւնները ունայնութիւն են,Քանզի անտառէն փայտ կը կտրեն,Անիկա արուեստագէտին ձեռքերուն գործն է՝ տապարով գործուած։   Զանիկա արծաթով եւ ոսկիով կը զարդարենՈւ գամերով եւ ուռերով կը գամեն զանիկա ու չի շարժիր։   Անոնք արմաւենիի պէս շիտակ են, բայց չեն խօսիր.Անոնք անշուշտ պիտի վերցուին, վասն զի չեն կրնար քալել։Անոնցմէ մի՛ վախնաք, վասն զի չարիք մը չեն կրնար հասցնել,Ո՛չ ալ բարիք ընելու կարող են։   Ո՛վ Տէր, քեզի նման մէ՛կը չկայ.Դուն մեծ ես ու քու անունդ զօրութեամբ մեծ է։   Քեզմէ ո՞վ պիտի չվախնայ, ո՛վ ազգերու Թագաւոր,Քանզի քեզի կը վայլէ.Վասն զի ազգերու բոլոր իմաստուններուն մէջԵւ անոնց բոլոր թագաւորութիւններուն մէջՔեզի նման մէ՛կը չկայ։   Բայց անոնք բոլորովին անբան ու անմիտ են.Անոնց կրօնքը ունայնութեան վարդապետութիւն է, փայտ է։   Թարսիսէն՝ ծեծուած արծաթԵւ Ոփազէն ոսկի կը բերուի։Անոնք վարպետի ու ոսկերիչի ձեռքերու գործ են։Անոնց զգեստը կապուտակ ու ծիրանի է.Բոլորը վարպետներու գործեր են։ 10  Սակայն Եհովան ճշմարիտ Աստուած է,Անիկա կենդանի Աստուած է եւ յաւիտենական Թագաւոր։Անոր բարկութենէն երկիրը կը դողայՈւ ազգերը անոր սրտմտութեանը չեն դիմանար։ 11  Անոնց այսպէս ըսէք.«Այն աստուածները, որոնք երկինքն ու երկիրը չշինեցին,Երկրէն ու երկինքներուն տակէն պիտի կործանին»*։ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ 12  Երկիրը իր զօրութիւնովը շինեց,Աշխարհը իր իմաստութիւնովը հաստատեց։Երկինքը իր խորհրդովը տարածեց։ 13  Երբ իր ձայնը տայ, երկնքի մէջ ջուրերու բազմութիւն կ’ըլլայ։Երկրի ծայրերէն շոգիներ կը հանէ.Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէ,Հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։ 14  Ամէն մարդ գիտութենէն զրկուած՝ անասուն դարձաւ.Ամէն ոսկերիչ իր քանդակած կուռքին պատճառով ամչցաւ,Վասն զի ձուլուած կուռքը ստութիւն է։Անոնք հոգի չունին, 15  Անոնք ունայնութեան եւ խաբէութեան գործեր են,Անոնց այցելութիւն եղած ատեն անոնք պիտի կորսուին։ 16  Յակոբին բաժինը ասոնց պէս չէ,Վասն զի անիկա ամէն բան Ստեղծողն է։Իսրայէլ անոր ժառանգութեանը վիճակն է։Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։ ՄՕՏԵՑՈՂ ԱՔՍՈՐԸ 17  Ո՛վ բերդի մէջ բնակող,Քու ապրանքներդ երկրէն հաւաքէ՛, 18  Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Ահա ես այս անգամ երկրին բնակիչները դուրս պիտի նետեմՈւ զանոնք նեղութեան մէջ պիտի ձգեմ, որպէս զի զգան»։ 19  Վա՜յ ինծի իմ հարուածիս համար,Իմ վէրքս անդարմանելի էԵւ ես ըսի. «Իրաւցնէ ասիկա ցաւ էՈւ զանիկա պիտի կրեմ»։ 20  Իմ վրանս կործանուեցաւ եւ բոլոր չուաններս փրթան.Տղաքներս ինձմէ հեռացան ու չկան.Ասկէ յետոյ վրանս կանգնեցնողՈւ վարագոյրներս կախող չկայ։ 21  Վասն զի հովիւները յիմարացանԵւ Տէրը չխնդրեցին.Անոր համար յաջողութիւն չգտանՈւ անոնց բոլոր հօտը ցրուեցաւ։ 22  Ահա հիւսիսի երկրէն գուժի ձայնԵւ մեծ խռովութիւն կու գայ,Որպէս զի Յուդայի քաղաքները աւերակՈւ չագալներու բնակարան ընէ։ 23  Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ,Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ։ 24  Ո՛վ Տէր, զիս խրատէ, բայց չափաւորութեամբ,Ո՛չ թէ քու բարկութիւնովդ, չըլլայ թէ զիս սպառես։ 25  Քու սրտմտութիւնդ քեզ չճանչցող ազգերուն վրայԵւ քու անունդ չկանչող Ազգատոհմերուն վրայ թափէ.Վասն զի Յակոբը կերան։Զանիկա կերան ու հատցուցինԵւ անոր բնակավայրը աւերակ դարձուցին։

Ստորանիշներ

10։11 Այս համարը Քաղդէարէն լեզուով գրուած է