ԵՐԵՄԵԱՅ 19։1-15

19  Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Գնա՛, բրուտի շինած հողէ կուժ մը ծախու ա՛ռ ու ժողովուրդէն քանի մը ծերեր եւ քահանաներէն քանի մը ծերեր քեզի հետ ա՛ռ  Եւ Խեցիներու դրանը դիմացի՝ Ենովմի որդիին ձորը իջիր ու հոն յայտնէ այն խօսքերը, որոնք քեզի պիտի ըսեմ»։  Անոնց ըսէ. «Ո՛վ Յուդայի թագաւորներ ու Երուսաղէմի բնակիչներ, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք. զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս տեղին վրայ սարսափելի չարիք մը պիտի բերեմ, այնպէս որ զանիկա լսողին ականջները պիտի խօսին.  Վասն զի անոնք զիս թողուցին ու այս տեղը ինձմէ օտարացուցին եւ հոս խունկ ծխեցին ուրիշ աստուածներու, որոնք ո՛չ իրենք եւ ո՛չ իրենց հայրերը, ո՛չ ալ Յուդայի թագաւորները կը ճանչնային ու այս տեղը անմեղ արիւնով լեցուցին  Եւ Բահաղին բարձր տեղեր շինեցին, որպէս զի իրենց տղաքները կրակով այրեն՝ Բահաղին ողջակէզ ընեն, որը ես չհրամայեցի, չխօսեցայ ու մտքէս ալ չանցաւ։  Ուստի ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, որ անգամ մըն ալ այս տեղը Տօփեթ ու Ենովմի որդիին ձորը պիտի չկոչուի, հապա Սպանութեան ձոր։  Այս տեղ Յուդայի ու Երուսաղէմի խորհուրդը պիտի խափանեմ ու զանոնք իրենց թշնամիներուն առջեւ սուրով եւ իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքով պիտի կործանեմ։ Անոնց դիակները երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի տամ։  Այս քաղաքը աւերակ ու նախատինքի առարկայ պիտի ընեմ։ Անկէ ամէն անցնողը անոր բոլոր հարուածներուն պատճառով պիտի զարմանայ ու պիտի սուլէ։  Պաշարման ատենը այն նեղութեանը մէջ, որով անոնց թշնամիները եւ անոնց հոգին փնտռողները զանոնք պիտի նեղեն, իրենց տղոցը ու աղջիկներուն միսը պիտի կերցնեմ անոնց ու իրարու միս պիտի ուտեն’»։ 10  «Ետքը այն կուժը քեզի հետ եկող մարդոց աչքին առջեւ կոտրէ՛ 11  Ու անոնց ըսէ՝ զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս ժողովուրդն ու այս քաղաքը այնպէս պիտի կոտրտեմ, ինչպէս մէկը բրուտի ամանը կը կոտրտէ, որ ա՛լ չկրնան նորոգուիլ ու զանոնք Տօփեթի մէջ պիտի թաղեն՝ մինչեւ որ ա՛լ թաղելու տեղ չմնայ*’»։ 12  «Այն տեղին ու անոր բնակիչներուն այսպէս պիտի ընեմ, կ’ըսէ Տէրը։ Այս քաղաքը Տօփեթի պէս պիտի ընեմ 13  Ու Երուսաղէմի տուները եւ Յուդայի թագաւորներուն տուները Տօփեթի տեղին պէս պիղծ պիտի ըլլան այն բոլոր տուներուն պատճառով*, որոնց տանիքներուն վրայ երկնքի զօրքերուն խունկ ծխեցին եւ օտար աստուածներու ըմպելի նուէրներ մատուցանեցին»։ 14  Երեմիա Տօփեթէն եկաւ, ուր Տէրը զանիկա ղրկեր էր մարգարէութիւն ընելու համար եւ Տէրոջը տանը գաւիթը կայնեցաւ ու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. 15  «Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա այս քաղաքին վրայ ու անոր բոլոր գիւղաքաղաքներուն վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր չարիքները, որոնք անոր համար որոշեցի. վասն զի իրենց պարանոցը խստացուցին, որպէս զի իմ խօսքերուս մտիկ չընեն’»։

Ստորանիշներ

19։11 Կամ, ուրիշ թաղելու տեղ չըլլալուն համար
19։13 Կամ, այսինքն այն բոլոր տուները