ԵՐԵՄԵԱՅ 22։1-30
22 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Յուդայի թագաւորին տունը իջի՛ր
2 Ու հոն այս խօսքը ըսէ՛.‘Ո՛վ Դաւիթին աթոռին վրայ նստող Յուդայի թագաւոր,Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք՝Թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու ծառաներդ ու ժողովուրդդ,Որ այս դռներէն կը մտնէք’։
3 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Իրաւունք ու արդարութիւն ըրէ՛ք։Զրկուածը հարստահարողին ձեռքէն ազատեցէ՛ք։Օտարականին, որբին ու որբեւայրիինԱնիրաւութիւն ու բռնութիւն մի՛ ընէքԵւ այս տեղ անմեղ արիւն մի՛ թափէք։
4 Վասն զի եթէ ամէն կերպով այս խօսքը գործադրէք,Այն ատեն Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորները՝Կառքերու ու ձիերու վրայ հեծած՝Այս տանը դռներէն պիտի մտնեն,Իրենք եւ իրենց ծառաները ու ժողովուրդը»։
5 ‘Բայց եթէ այս խօսքերուն մտիկ չընէք,Իմ անձիս վրայ երդում կ’ընեմ, կ’ըսէ Տէրը,Որ այս տունը աւերակ պիտի ըլլայ’։
6 Յուդայի թագաւորին տանը վրայովՏէրը այսպէս կ’ըսէ.‘Դուն թէեւ ինծի Գաղաադի պէսՈւ Լիբանանի գագաթին պէս ես,Սակայն անշուշտ քեզ անապատի պէսՈւ անբնակ քաղաքներու պէս պիտի ընեմ
7 Եւ քու վրադ կործանողներ պիտի հանեմ*.Իւրաքանչիւրը իր զէնքովը պիտի գայՈւ քու ընտիր եղեւիններդ պիտի կտրենԵւ կրակը ձգեն’։
8 Այս քաղաքէն շատ ազգեր պիտի անցնինԵւ իրարու պիտի ըսեն.«Ինչո՞ւ համար Տէրը այս մեծ քաղաքին այսպէս ըրաւ»։
9 Անոնք պիտի պատասխանեն. «Վասն զի իրենց Տէր Աստուծոյն ուխտը թողուցինԵւ ուրիշ աստուածներու երկրպագութիւն ըրին ու անոնց ծառայեցին»։
10 Մեռնողին համար մի՛ լաքՈւ անոր համար մի՛ ողբաք.Հապա գացողին համար դառնապէս լացէ՛ք,Որովհետեւ անգամ մըն ալ պիտի չդառնայՈւ իր հայրենիքը պիտի չտեսնէ»։
11 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Սեղղումին համար,Որ իր հօրը Յովսիային տեղ թագաւոր նստաւՈւ այս տեղէն ելաւ.‘Անիկա անգամ մըն ալ հոս պիտի չդառնայ.
12 Հապա անիկա իր գերի քշուած տեղը պիտի մեռնիՈւ ա՛լ այս երկիրը պիտի չտեսնէ’»։
13 «Վա՜յ անոր, որ իր տունը զրկանքովՈւ իր վերնատունները անիրաւութեամբ կը շինէ.Իր դրացին ձրի կը բանեցնէԵւ անոր աշխատութեանը վարձքը չի վճարեր։
14 Ան որ կ’ըսէ՝‘Ինծի ընդարձակ տունՈւ հովասուն վերնատուններ շինեմ’,Իրեն պատուհաններ կը բանայՈւ զանիկա եղեւնափայտով կը պատէՈւ կարմիր կը ներկէ։
15 Միթէ դուն շատ եղեւնափայտեր հաւաքելովդ*Թագաւո՞ր պիտի ըլլաս։Չէ՞ որ քու հայրդ կերաւ ու խմեց,Նաեւ իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ,Այն ատեն անոր աղէկ եղաւ։
16 Աղքատին ու տնանկին դատը տեսաւ,Այն ատեն անոր աղէկ եղաւ։«Միթէ զիս ճանչնալը ասիկա չէ՞», կ’ըսէ Տէրը։
17 Սակայն քու աչքերդ ու սիրտդ ուրիշ բանի վրայ չեն,Բայց միայն ագահութեանԵւ անմեղ արիւն թափելուԵւ անիրաւութեան ու բռնութեան վրայ, որ զանոնք ընես։
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՅՈՎԱԿԻՄԻՆ ՄԱՍԻՆ
18 Անոր համար Յուդայի թագաւորին,Յովսիայի որդիին Յովակիմին համարՏէրը այսպէս կ’ըսէ.«Անոր վրայ պիտի չողբան՝ ըսելով՝‘Վա՜յ, եղբայրս’, կամ ‘Վա՜յ քոյրս’.Անոր վրայ պիտի չողբան՝ ըսելով՝‘Վա՜յ, տէր իմ’, կամ ‘Վա՜յ անոր փառքին’։
19 Անիկա իշու թաղումով պիտի թաղուիՈւ քաշելով պիտի տարուիՈւ Երուսաղէմի դռներէն դուրս պիտի նետուի»։
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻՆ ՄԱՍԻՆ
20 «Լիբանան ելի՛ր ու աղաղակէ՛Եւ Բասանի վրայ ձայնդ ձգէ՛Ու Աբիրամէ աղաղակէ՛.Վասն զի քու բոլոր հոմանիներդ կոտորուեցան։
21 Երբ դուն յաջողութեան մէջ էիր, քեզ խրատեցիՈւ դուն ըսիր՝ ‘Մտիկ չեմ ըներ’։Քու մանկութենէդ ի վեր ճամբադ այս է,Որ իմ խօսքիս մտիկ չընես։
22 Քու բոլոր հովիւներդ հովը պիտի քշէՈւ հոմանիներդ գերութեան պիտի երթան։Յիրաւի այն ատեն բոլոր չարութեանդ համարՊիտի ամչնաս ու պիտի նախատուիս։
23 Ո՛վ Լիբանանի մէջ բնակողՈւ եղեւիններու մէջ բոյն ունեցող,Երբ քեզի ծննդական կնոջ երկունքին պէս ցաւեր գան,Որչա՜փ ողորմելի պիտի ըլլաս»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ՅԵՔՈՆԻԱՅԻՆ
24 «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը,Ո՜վ Յուդայի թագաւոր, Յովակիմի որդի Յեքոնիա,Թէեւ իմ աջ ձեռքիս կնիքն ալ ըլլաս,Անկէ ալ քեզ պիտի փրցնեմ։
25 Քեզ՝ քու հոգիդ փնտռողներուն ձեռքըՈւ այն մարդոց ձեռքը, որոնց երեսէն դուն կը վախնասԵւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքըՈւ Քաղդէացիներուն ձեռքը պիտի մատնեմ։
26 Քեզ ու քու մայրդ, որ քեզ ծնաւ,Օտար երկիր պիտի նետեմՈւր ծնած չէքԵւ հոն պիտի մեռնիք։
27 Ու պիտի չդառնաք այն երկիրը,Ուր դառնալ կը յուսայիք»։
28 Միթէ այս Յեքոնիա ըսուած մարդը անարգուած ու կոտրուած սափո՞ր մըն է,Կամ թէ այնպիսի ամա՞ն մըն է, որուն համար մէ՛կը հոգ չ’ըներ։Ինչո՞ւ համար ինք ու իր սերունդը նետուեցանՈւ իրենց անծանօթ երկիրը քշուեցան։
29 Ո՛վ երկիր, երկիր, երկիր,Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛։
30 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Այս մարդը իբր անզաւակ գրեցէք,Մարդ մը, որ իր օրերուն մէջ յաջողութիւն պիտի չգտնէ,Քանզի անոր սերունդէն ոեւէ մէկը յաջողութիւն պիտի չգտնէ,Որ Դաւիթին աթոռին վրայ նստիԵւ Յուդայի վրայ թագաւորութիւն ընէ»։