ԵՐԵՄԵԱՅ 28։1-17
28 Նոյն տարին Յուդայի թագաւորին Սեդեկիային թագաւորութեան սկիզբը, չորրորդ տարուան հինգերորդ ամիսը, Գաբաւոնէն եղող Ազուրի որդին Անանիա մարգարէն Տէրոջը տանը մէջ քահանաներուն ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ ինծի ըսաւ.
2 «Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Բաբելոնի թագաւորին լուծը կոտրեցի։
3 Երկու տարիէն, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին այս տեղէն առած ու Բաբելոն տարած Տէրոջը տանը բոլոր անօթները այս տեղ պիտի դարձնեմ
4 Եւ Յուդայի թագաւոր Յովակիմին որդին Յեքոնիան ու Բաբելոն տարուած բոլոր գերիները այս տեղ պիտի դարձնեմ, վասն զի Բաբելոնի թագաւորին լուծը պիտի կոտրեմ’»։
5 Այն ատեն Երեմիա մարգարէն, Տէրոջը տանը մէջ կայնող բոլոր քահանաներուն ու բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ Անանիա մարգարէին խօսեցաւ
6 Ու ըսաւ. «Ամէ՛ն. Տէրը այնպէս թող ընէ. Տէրը քու մարգարէացած խօսքերդ թող հաստատէ՛ ու Տէրոջը տանը անօթները ու բոլոր գերիները Բաբելոնէն այս տեղ թող դարձնէ՛։
7 Բայց հիմա քու ականջներուդ եւ բոլոր ժողովուրդին ականջներուն այս իմ խօսքիս մտիկ ըրէ.
8 Ինձմէ առաջ ու քեզմէ առաջ, սկիզբէն ի վեր եկող մարգարէները շատ երկիրներու դէմ ու մեծ թագաւորութիւններու դէմ՝ պատերազմի, չարիքի ու ժանտախտի վրայով մարգարէացան։
9 Երբ մարգարէ մը խաղաղութիւն կը մարգարէանայ ու այն մարգարէին խօսքը կը կատարուի, այն ատեն կը հասկցուի թէ անիկա ճշմարտապէս Տէրոջմէ ղրկուած մարգարէ մըն է’»։
10 Այն ատեն Անանիա մարգարէն Երեմիա մարգարէին պարանոցէն լուծը առաւ ու զանիկա կոտրեց։
11 Եւ Անանիան բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ ըսաւ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Երկու տարիէն Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին լուծը բոլոր ազգերու պարանոցին վրայէն այսպէս պիտի կոտրեմ»։ Երեմիա մարգարէն իր ճամբան գնաց։
12 Անանիա մարգարէին՝ Երեմիա մարգարէին պարանոցին վրայէն լուծը կոտրելէն ետքը, Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով.
13 «Գնա՛ Անանիային ըսէ՛՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն փայտէ լուծերը կոտրեցիր, սակայն անոնց տեղ երկաթէ լուծեր պիտի շինես։
14 Քանզի զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս բոլոր ազգերուն պարանոցին վրայ երկաթէ լուծ դրի, որպէս զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառայութիւն ընեն, անոր ծառայեն։ Դաշտի գազաններն ալ անոր տուի’»։
15 Երեմիա մարգարէն Անանիա մարգարէին ըսաւ. «Հիմա լսէ՛, ո՛վ Անանիա, Տէրը քեզ ղրկած չէ ու դուն այս ժողովուրդը մղեցիր, որ ստութեան յուսան։
16 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզ երկրի երեսէն պիտի վռնտեմ. դուն այս տարի պիտի մեռնիս, վասն զի Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն յառաջացուցիր’»։
17 Անանիա մարգարէն այդ տարուան եօթներորդ ամսուան մէջ մեռաւ։