ԵՐԵՄԵԱՅ 4։1-31

4  «Եթէ դառնաս, ո՛վ Իսրայէլ, կ’ըսէ Տէրը,Ինծի՛ եթէ դառնաս։Եթէ քու պղծութիւններդ իմ առջեւէս վերցնես,Ա՛լ թափառական պիտի չըլլաս։   Եթէ ճշմարտութեամբ, իրաւամբ ու արդարութեամբԵրդում ընես թէ ‘Տէրը կենդանի է’,Ազգերը անով պիտի օրհնուինՈւ անով պիտի պարծենան»։   Վասն զի Տէրը Յուդայի ու Երուսաղէմի մարդոց այսպէս կ’ըսէ.«Չմշակուած երկիրներ հերկեցէք ձեզիՈւ փուշերու մէջ մի՛ ցանէք։   Ո՛վ Յուդայի մարդիկ ու Երուսաղէմի բնակիչներ,Տէրոջը թլփատուեցէքԵւ ձեր սրտին անթլփատութիւնը վերցուցէ՛ք,Որ չըլլայ թէ իմ բարկութիւնս ձեր չար գործերուն համարԿրակի պէս բորբոքի* ու այրէ եւ մարող մը չըլլայ»։ ՅՈՒԴԱ ԳՐԱՒՄԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԻ ՏԱԿ   «Յուդայի մէջ պատմեցէ՛քՈւ Երուսաղէմի մէջ քարոզեցէ՛ք ու ըսէ՛ք,Երկրի վրայ փո՛ղ հնչեցուցէք,Բարձրաձայն աղաղակեցէ՛ք ու ըսէ՛ք.‘Հաւաքուեցէ՛ք ու պարսպապատ քաղաքները մտէ՛ք’։   Դէպի Սիօն դրօշ վերցուցէ՛ք,Քաշուեցէ՛ք, մի՛ կայնիք.Վասն զի ես չարիք ու մեծ կոտորած պիտի բերեմ հիւսիսէն։   Առիւծը իր որջէն ելաւԵւ ազգերը ջարդողը տեղէն ելաւ, ճամբայ ինկաւ,Որպէս զի քու երկիրդ աւերակ ընէ.Քաղաքներդ պիտի աւերուինՈւ անոնց մէջ բնակիչ պիտի չգտնուի։   Ասոր համար քուրձեր հագէ՛քԵւ սուգ ընելով ողբացէ՛ք,Վասն զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը մեզմէ չդարձաւ»։   «Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը,Թագաւորին սիրտը ու իշխաններուն սիրտը պիտի հատնի.Քահանաները պիտի յիմարանան,Մարգարէները պիտի ապշին»։ 10  Այն ատեն ըսի.«Աւա՜ղ, ո՛վ Տէր Եհովա,Արդարեւ դուն այս ժողովուրդը ու Երուսաղէմը խաբելով խաբեցիր՝ ըսելով.‘Ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’.Մինչդեռ սուրը մինչեւ անոնց հոգին հասաւ»։ 11  Այն ատեն այս ժողովուրդին ու Երուսաղէմին պիտի ըսուի.«Այրող հով մը անապատին բլուրներէն կը փչէԻմ ժողովուրդիս աղջկան ճամբուն մէջ,Ո՛չ թէ հոսելու համար, ո՛չ ալ մաքրելու համար։ 12  Սաստիկ հով մը պիտի գայ ինծի։Հիմա ես ալ անոնց հետ դատաստաններով պիտի խօսիմ»։ ՅՈՒԴԱ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՎ ՇՐՋԱՊԱՏՈՒԱԾ 13  Ահա անիկա ամպերու պէս պիտի ելլէԵւ անոր կառքերը՝ մրրիկի պէս։Անոր ձիերը արծիւներէն աւելի արագընթաց են։Վա՜յ մեզի, որ կ’աւերուինք։ 14  Ո՛վ Երուսաղէմ, սիրտդ չարութենէ լուա՛,Որպէս զի փրկութիւն գտնես։Քու չար խորհուրդներդ մինչեւ ե՞րբ սրտիդ մէջ պիտի մնան։ 15  Վասն զի ձայն մը Դանէն լուր կը բերէՈւ Եփրեմի լեռնէն թշուառութիւն լսել կու տայ։ 16  Ասիկա ազգերուն յիշեցուցէք,Եւ Երուսաղէմին իմացուցէ՛ք,«Հեռաւոր երկրէ պաշարողներ կու գան,Յուդայի քաղաքներուն վրայ իրենց ձայնը կ’արձակեն։ 17  Անոր չորս կողմը ագարակի պահապաններու պէս պիտի պաշարեն,Վասն զի անիկա ինձմէ ապստամբեցաւ, կ’ըսէ Տէրը։ 18  Այս բաները քու ճամբաներդ ու գործերդ բերին քու վրադ.Ասիկա քու չարութիւնդ է, վասն զի դառն է.Որովհետեւ մինչեւ քու սիրտդ հասաւ»։ ԵՐԵՄԻԱՅԻ ՎԻՇՏԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ 19  «Փորը՜ս, փորը՜ս, մինչեւ սրտիս շտեմարանները ցաւ կը զգամ.Սիրտս իմ ներսիդիս կը խռովի, չեմ կրնար լռել.Քանզի դուն, ո՛վ իմ անձս, փողին ձայնըԵւ պատերազմին աղաղակը լսեցիր։ 20  Կոտորած կոտորածի կը հետեւի,Վասն զի բոլոր երկիրը կործանուեցաւ.Վրաններս յանկարծակիՈւ խորաններս մէկէն կործանուեցան. 21  Մինչեւ ե՞րբ դրօշը պիտի տեսնեմԵւ փողին ձայնը պիտի լսեմ։ 22  Քանզի իմ ժողովուրդս յիմար է, զիս չճանչցան.Անոնք անմիտ զաւակներ են,Անոնց քով հանճար չկայ.Անոնք չարութիւն ընելու համար իմաստուն են,Բայց աղէկութիւն ընել չեն գիտեր»։ ԵՐԵՄԻԱՅԻ ԳԱԼԻՔ ԿՈՐԾԱՆՄԱՆ ՏԵՍԻԼՔԸ 23  Երկրին նայեցայ եւ ահա անձեւ ու պարապ էր.Երկնքին նայեցայ ու լոյս չունէր։ 24  Լեռներուն նայեցայ եւ ահա կը դողայինՈւ բոլոր բլուրները կը սարսէին։ 25  Նայեցայ եւ ահա մարդ չկարՈւ երկնքին բոլոր թռչունները փախած էին։ 26  Նայեցայ եւ ահա պտղաբեր երկիրը անապատ եղած էրՈւ բոլոր քաղաքները Տէրոջը երեսէն,Անոր սաստիկ բարկութեան երեսէն փլած էին։ 27  Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Բոլոր երկիրը պիտի աւերուի,Բայց բոլորովին աւերակ պիտի չընեմ։ 28  Ասոր վրայ երկիրը սուգ պիտի բռնէՈւ վերէն երկինքը պիտի խաւարի.Վասն զի խօսեցայ, որոշեցիԵւ պիտի չզղջամ ու անկէ ետ պիտի չդառնամ»։ 29  Ձիաւորներուն եւ աղեղնաւորներուն ձայնէնԲոլոր քաղաքը պիտի փախչի։Անոնք թանձրախիտ անտառներու մէջ պիտի մտնենՈւ ապառաժներու վրայ պիտի ելլեն։Բոլոր քաղաքները պիտի լքուինԵւ անոնց մէջ մարդ պիտի չբնակի։ 30  Ու դո՛ւն, ո՛վ աւերուած, ի՞նչ պիտի ընես.Թէեւ կարմիրներ հագնիսԵւ քեզ ոսկի զարդերով զարդարեսՈւ աչքերուդ վրայ շատ ծարոյր ալ դնես*,Պարապ տեղը պիտի ըլլայ։Քու հոմանիներդ քեզ մերժեցին եւ քու անձդ կը փնտռեն։ 31  Քանզի ձայն մը լսեցի ծննդական կնոջ ձայնին պէսՈւ իր անդրանիկը ծնանողին երկունքին պէս.Սիօնի աղջկան ձայնը, որ կը հառաչէ ու ձեռքերը բանալով՝ կ’ըսէ.«Հիմա վա՜յ ինծի,Քանզի սպաննողներուն առջեւ հոգիս նուաղեցաւ»։

Ստորանիշներ

4։4 Եբր., ելլէ
4։30 Եբր., աչքերդ ծարուրով պատռես