ԵՐԵՄԵԱՅ 44։1-30
44 Եգիպտոս բնակող բոլոր Հրեաներուն համար, այսինքն Մագդողի, Տափնասի, Մեմփիսի ու Պաթուրէսի մէջ բնակողներուն համար Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ.
2 «Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք տեսաք այն ամէն չարիքը, որ Երուսաղէմի վրայ ու բոլոր Յուդայի քաղաքներուն վրայ բերի եւ ահա անոնք այսօր աւերակ են ու անոնց մէջ բնակող չկայ,
3 Զիս բարկացնելու համար ըրած չարութիւններուն պատճառով, որ գացին, խունկ ծխեցին ու ծառայութիւն ըրին ուրիշ աստուածներու, որոնք ո՛չ իրենք ճանչցեր էին, ո՛չ դուք, ո՛չ ալ ձեր հայրերը։
4 Եւ ես ձեզի ղրկեցի իմ ծառաներս՝ մարգարէները՝ կանուխ ելլելով եւ ըսի. «Այդ պիղծ գործը մի՛ ընէք, որը ես կ’ատեմ»։
5 Բայց մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին, որ իրենց չարութիւններէն դառնան եւ ուրիշ աստուածներու խունկ չծխեն։
6 Ուստի իմ սրտմտութիւնս ու բարկութիւնս թափեցաւ եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ բորբոքեցաւ ու անոնք այսօրուան եղածին պէս անապատ ու ամայի եղան’։
7 Եւ հիմա զօրքերու Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինչո՞ւ համար դուք ձեր հոգիին դէմ այս մեծ չարութիւնը կը գործէք, որ Յուդայի մէջէն այր մարդն ու կինը, տղան ու կաթնկեր մանուկը կորսնցնէք, այնպէս որ ձեզի մնացորդ մը չմնայ.
8 Ձեր ձեռքերուն գործերովը զիս սրդողեցնելով եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխելով Եգիպտոսի մէջ, ուր դուք մտաք հոն պանդխտանալու համար, որպէս զի ձեր անձը կորսնցնէք ու երկրի բոլոր ազգերուն մէջ անէծք ու նախատինք ըլլաք։
9 Միթէ Յուդայի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ ձեր հայրերուն ըրած չարութիւնները եւ Յուդայի թագաւորներուն չարութիւնները ու անոնց կիներուն չարութիւնները մոռցա՞ք։
10 Անոնք մինչեւ այսօր իրենց անձերը չխոնարհեցուցին ու չվախցան եւ ձեր առջեւ ու ձեր հայրերուն առջեւ դրած օրէնքիս ու պատուիրանքներուս մէջ չքալեցին։
11 Անոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես իմ երեսս ձեզի կ’ուղղեմ չարիքի ու բոլոր Յուդան կորսնցնելու համար
12 Եւ պիտի առնեմ Յուդային մնացորդը, որոնք երեսնին դարձուցին դէպի Եգիպտոս, հոն պանդխտանալու համար, բայց անոնք Եգիպտոսի մէջ պզտիկէն մինչեւ մեծը սուրով ու սովով պիտի մեռնին եւ անէծքի, զարմանքի, նզովքի ու նախատինքի ենթակայ պիտի ըլլան։
13 Եգիպտոսի մէջ բնակողները պիտի պատժեմ, ինչպէս Երուսաղէմը՝ սուրով, սովով ու ժանտախտով պատժեցի։
14 Եւ Յուդայի մնացորդէն, այսինքն Եգիպտոս պանդխտանալու գացողներէն, մնացորդ ու ազատուած պիտի չմնայ, որ Յուդայի երկիրը դառնան, ուր անոնք կը յուսան դառնալ եւ հոն բնակիլ. վասն զի Եգիպտոսէն փախչողները միայն պիտի դառնան։
15 Այն բոլոր մարդիկը, որոնք գիտէին թէ իրենց կիները օտար աստուածներու խունկ կը ծխէին եւ բոլոր ներկայ եղող կիները, մեծ ժողով մը ըրին ու Եգիպտոսի եւ Պաթուրէսի մէջ բնակող բոլոր ժողովուրդը Երեմիային պատասխան տուին՝ ըսելով.
16 «Տէրոջը անունով մեզի խօսած խօսքիդ մենք մտիկ չենք ըներ.
17 Հապա անշուշտ մեր բերնէն ելած խօսքը պիտի ընենք, երկնքի թագուհիին խունկ ծխելով եւ անոր ըմպելի նուէրներ մատուցանելով, ինչպէս ըրինք մենք ու մեր հայրերը, մեր թագաւորներն ու մեր իշխանները՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, ուր հացով կշտացանք եւ հանգիստ էինք ու չարիք մը չտեսանք։
18 Սակայն այն ատենէն ի վեր, որ երկնքի թագուհիին խունկ ծխելէն ու անոր ըմպելի նուէրներ մատուցանելէն ետ կեցանք, ամէն բանի կարօտ եղանք եւ սուրով ու սովով հատանք։
19 Երբ երկնքի թագուհիին խունկ կը ծխէինք եւ անոր ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէինք, միթէ առանց մեր այրերուն հրամանի՞ն զանիկա պաշտելու համար բլիթներ կը շինէինք ու անոր ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէինք»։
20 Երեմիա բոլոր ժողովուրդին, այրերուն եւ կիներուն ու իրեն այս պատասխանը տուող ժողովուրդին ըսաւ.
21 «Միթէ այն խունկը, որ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ կը ծխէիք, դուք ու ձեր հայրերը, ձեր թագաւորներն ու ձեր իշխանները ու երկրին ժողովուրդը, Տէրը չյիշե՞ց ու անոր միտքը չինկա՞ւ։
22 Տէրը ձեր չար գործերուն ու ձեր ըրած գարշութիւններուն ա՛լ չկրցաւ համբերել, ուստի ձեր երկիրը անապատ, ամայի ու նզովուած եւ անբնակ եղաւ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ։
23 Որովհետեւ դուք խունկ ծխեցիք ու Տէրոջը դէմ մեղք գործեցիք եւ Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն չըրիք ու անոր օրէնքին, պատուիրանքներուն ու վկայութիւններուն մէջ չքալեցիք, անոր համար այս չարիքը ձեզի եկաւ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ»։
24 Երեմիա բոլոր ժողովուրդին ու բոլոր կիներուն ըսաւ. «Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ Եգիպտոսի մէջ եղող Յուդա.
25 Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք ու ձեր կիները ձեր բերնովը խօսեցաք ու ձեր ձեռքովը գործադրեցիք ու ըսիք «Անշուշտ ըրած ուխտերնիս պիտի կատարենք, այսինքն երկնքի թագուհիին խունկ պիտի ծխենք ու անոր ըմպելի նուէրներ պիտի մատուցանենք». այո՛, դուք ձեր ուխտերուն վրայ հաստատ պիտի կենաք եւ ձեր ուխտերը պիտի կատարէք։
26 Անոր համար Տէրոջը խօսքը լսեցէք, ո՛վ բոլոր Յուդա, որ Եգիպտոսի մէջ կը բնակիք. ‘Ահա ես իմ մեծ անունովս երդում ըրի, կ’ըսէ Տէրը, որ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ ա՛լ բնաւ Յուդայի մարդու մը բերնէն իմ անունս պիտի չկանչուի՝ ըսելով. «Եհովա Տէրը կենդանի է».
27 Ահա ես անոնց վրայ կը հսկեմ չարիքի համար եւ ո՛չ թէ բարիքի համար ու Եգիպտոսի մէջ եղող Յուդայի բոլոր մարդիկը սուրով ու սովով պիտի կոտորուին մինչեւ հատնին։
28 Եւ խիստ քիչ մարդիկ պիտի ըլլան որ սուրէն ազատուելով՝ Եգիպտոսէն Յուդայի երկիրը պիտի դառնան ու Եգիպտոս պանդխտանալու գացող Յուդայի բոլոր մնացորդները պիտի գիտնան թէ որո՛ւն խօսքը պիտի հաստատուի, ի՞մս թէ իրենցը’։
29 ‘Եւ ասիկա ձեզի նշան ըլլայ, կ’ըսէ Տէրը, որ այս տեղ ձեզ պիտի պատժեմ, որպէս զի գիտնաք թէ իմ խօսքս ձեր վրայ անշուշտ պիտի հաստատուի չարիքի համար’։
30 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Եգիպտոսի Փարաւոն Վափառ թագաւորը իր թշնամիներուն ձեռքը ու իր հոգին փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ. ինչպէս Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը իր թշնամիին ու իր հոգին փնտռող Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը մատնեցի’»։