ԵՐԵՄԵԱՅ 46։1-28
46 Տէրոջը խօսքը Երեմիա մարգարէին, ազգերուն վրայով։
2 Եգիպտոսի համար, Եգիպտացիներու թագաւորին, Փարաւոն Նեքաւովին, Քարքամիսի մէջ Եփրատ գետին քով եղող զօրքին վրայ, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զարկաւ՝ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին։
3 «Ասպար ու վահան պատրաստեցէ՛քԵւ պատերազմի մօտեցէ՛ք։
4 Ձիերը լծեցէք ու դուք, ո՛վ ձիաւորներ, հեծէ՛ք.Սաղաւարտներով կայնեցէ՛ք,Նիզակները փայլեցուցէ՛ք, զրահներ հագէ՛ք։
5 Զանոնք ինչո՞ւ համար զարհուրած ու ետ դարձած կը տեսնեմ։Անոնց զօրաւորները անգամ ջարդուեցանՈւ արտորնօք փախչելով իրենց ետեւը չնայեցան.‘Ամէն կողմէ վախ կայ’, կ’ըսէ Տէրը։
6 Շուտ վազողը թող փախչիՈւ զօրաւորը չազատի։Անոնք հիւսիսային կողմը, Եփրատ գետին քով,Գլորելով պիտի իյնան։
7 Ո՞վ է ասիկա, որ գետի պէս կը տարածուի,Որուն ջուրերը գետերու պէս կ’ուռին։
8 Եգիպտոս գետի պէս կը տարածուիԵւ անոր ջուրերը գետերու պէս կ’ուռին։Ու կ’ըսէ. ‘Տարածուիմ, երկիրը ծածկեմ,Քաղաքն ու անոր բնակիչները բնաջինջ ընեմ’։
9 Ո՛վ ձիեր, ելէ՛ք, եւ ո՛վ կառքեր, կատղեցէ՛ք.Եւ զօրաւորները թող ելլեն,Վահան բռնող Եթովպիացիները ու ՓութացիներըՈւ աղեղ բռնող ու լարող Ղուդացիները։
10 Վասն զի այսօր զօրքերու Տէր Եհովային վրէժխնդրութեան օրն է,Որ իր թշնամիներէն վրէժ առնէ։Սուրը պիտի ուտէ ու կշտանայ,Անոնց արիւնովը պիտի գինովնայ,Վասն զի հիւսիսի երկրին մէջ, Եփրատ գետին քով,Զօրքերու Տէր Եհովան զոհ ունի։
11 Դէպի Գաղաադ ելի՛ր ու Բալասանը ա՛ռ,Ո՛վ Եգիպտոսի կոյս աղջիկ,Դեղերը պարապ տեղ կը շատցնես,Քանզի քեզի բժշկութիւն չկայ։
12 Ազգերը քու անարգանքդ լսեցինՈւ քու աղաղակդ երկիրը լեցուց.Վասն զի զօրաւորը զօրաւորին վրայ գլորեցաւ,Երկուքը մէկտեղ ինկան»։
ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ
13 Ասիկա է այն խօսքը, որ Տէրը Երեմիա մարգարէին խօսեցաւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին գալուն ու Եգիպտոսը զարնելուն համար։
14 «Եգիպտոսի մէջ պատմեցէ՛ք, Մագդողի,Մեմփիսի ու Տափնասի մէջ հրատարակեցէ՛քՈւ ըսէ՛ք. ‘Կայնէ՛ ու պատրաստ եղի՛ր,Վասն զի քու բոլորտիքդ սուրը պիտի ուտէ’։
15 Քու զօրաւորներդ ինչո՞ւ կործանեցան.Անոնք չկրցան կենալ, վասն զի Տէրը զանոնք վար ձգեց։
16 Գլորուածները շատցուց ու իրարու վրայ ինկանՈւ ըսին. ‘Ելի՛ր ու բռնաւորին սուրին պատճառովՄեր ժողովուրդին ու մեր ծննդեան երկիրը դառնանք’։
17 Հոն կը կանչէին.‘Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը պարապ տեղը կ’աղաղակէ.Անիկա իր որոշուած ժամանակը անցուց’։
18 «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ այն ԹագաւորըՈրուն անունը զօրքերու Տէր է,Ինչպէս Թաբօրը լեռներու մէջ է,Ինչպէս Կարմեղոսը մինչեւ ծովը կը հասնի,Այնպէս անիկա պիտի գայ։
19 Ո՛վ Եգիպտոս բնակող աղջիկ,Գերութեան կարասիներ պատրաստէ քեզի.Վասն զի Մեմփիսը ամայի պիտի ըլլայՈւ աւերակ՝ առանց բնակիչի։
20 «Եգիպտոս խիստ գեղեցիկ երինջ մըն է,Բայց կոտորած մը կու գայ, հիւսիսէն կու գայ։
21 Եւ անոր մէջ վարձքով բռնուած զօրքերը գիրցած զուարակներու պէս են.Սակայն անոնք ալ ետ դարձան, մէկտեղ փախան, չկայնեցան.Վասն զի անոնց վրայ՝ անոնց կորստեան օրըՈւ անոնց պատուհասի ժամանակը հասաւ։
22 «Անոր ձայնը օձի ձայնին պէս պիտի ըլլայ,Վասն զի զօրքով պիտի հասնինԵւ անոր վրայ փայտահատներու պէս տապարներով պիտի գան.
23 Անոր անտառը պիտի կտրտեն, կ’ըսէ Տէրը,Թէպէտեւ անոր ծառերը անթիւ ենՈւ անոնք մարախէն շատ են,Այնպէս որ չեն համրուիր։
24 Եգիպտոսի աղջիկը ամօթով պիտի ըլլայ,Հիւսիսային ժողովուրդին ձեռքը պիտի մատնուի»։
25 Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ կ’ըսէ.«Ահա ես Նովացի* Ամոնին եւ ՓարաւոնինՈւ Եգիպտոսին եւ անոր աստուածներուն ու թագաւորներուն,Այսինքն Փարաւոնին ու անոր ապաւինողներուն, պատուհաս պիտի բերեմ
26 Եւ զանոնք՝ իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքըՈւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքըՈւ անոր ծառաներուն ձեռքը պիտի մատնեմԵւ անկէ ետքը հին օրերու պէս պիտի բնակուի, կ’ըսէ Տէրը։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՊԻՏԻ ԱԶԱՏԷ
27 «Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, մի՛ վախնարԵւ ո՛վ Իսրայէլ, մի՛ զարհուրիր.Քանզի ահա ես քեզ հեռուէնԵւ քու սերունդդ իրենց գերութեան երկրէն պիտի ազատեմ։Յակոբ պիտի դառնայ եւ հանդարտ ու հանգիստ պիտի ըլլայԵւ զանիկա վախցնող պիտի չըլլայ»։
28 «Դուն մի՛ վախնար, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, կ’ըսէ Տէրը,Վասն զի ես քեզի հետ եմ.Քանզի պիտի սպառեմ այն բոլոր ազգերը,Որոնց մէջ քեզ ցրուեցի,Բայց քեզ պիտի չսպառեմ,Հապա քեզ չափաւորութեամբ պիտի խրատեմ,Թէեւ քեզ բոլորովին անմեղ պիտի չհանեմ»։
Ստորանիշներ
^ 46։25 Կամ, Նովէն եկող բազմութեանը