ԵՐԵՄԵԱՅ 47։1-7
47 Տէրոջը խօսքը, որ Երեմիա մարգարէին եղաւ Փղշտացիներուն վրայով՝ դեռ Փարաւոն Գազանը չզարկած։
2 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Ահա հիւսիսէն ջուրեր կու գան,Որոնք յորդած հեղեղի պէս պիտի ըլլանՈւ երկիրը եւ անոր լիութիւնը,Քաղաքն ու անոր բնակիչները պիտի կոխեն.Մարդիկ պիտի աղաղակեն,Երկրին բոլոր բնակիչները պիտի ոռնան։
3 Անոր երիվարներուն սմբակներուն ձայնէն,Անոր կառքերուն շաչիւնէն,Անիւներուն շառաչիւնէն՝Հայրերը իրենց տղոցը պիտի չնայինԻրենց ձեռքերուն թուլնալուն համար,
4 Բոլոր Փղշտացիները կորսնցնելուԵւ Տիւրոսի ու ՍիդոնիԲոլոր մնացած օգնականները կոտորելու եղող օրուանը պատճառով,Քանզի Տէրը Փղշտացիները,Կափթոր կղզիին մնացորդները, պիտի կորսնցնէ։
5 Գազայի վրայ կնտութիւն եկաւ,Ասկաղոնը՝ իր հովտին մնացորդովը աւերակ եղաւ.Մինչեւ ե՞րբ քու մարմնիդ վրայ կտրածներ պիտի ընես։
6 Ո՛վ Տէրոջը սուրը,Մինչեւ ե՞րբ հանդարտ պիտի չկենաս։Քու պատեանդ դարձիր,Հանգչէ՛ ու լռէ՛։
7 Ի՞նչպէս կրնայ հանդարտ կենալ.Երբ Տէրը անոր հրամայեր է,Ասկաղոնի ու ծովեզերքի դէմՂրկեր է զանիկա»։