ԵՐԵՄԵԱՅ 49։1-39
49 Ամմոնին որդիներուն վրայովՏէրը այսպէս կ’ըսէ.«Միթէ Իսրայէլ տղաքներ չունի՞.Միթէ անիկա ժառանգ չունի՞.Ինչո՞ւ Մեղքոմը Գադին ժառանգ եղաւՈւ իր ժողովուրդը անոր քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ։
2 Ասոր համար ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,Երբ Ամմոնին որդիներուն Ռաբբայի մէջՊատերազմի աղաղակ լսել պիտի տամՈւ անիկա աւերակներու դէզ պիտի ըլլայԵւ անոր գիւղերը* կրակով պիտի այրինՈւ Իսրայէլ իրեն տիրողներուն վրայ պիտի տիրէ, կ’ըսէ Տէրը։
3 «Ողբա՛, ո՛վ Եսեբոն, վասն զի Գային կորսուեցաւ։Աղաղակեցէ՛ք, ո՛վ Ռաբբայի աղջիկներ,Քուրձեր հագէ՛ք, լացէ՛քՈւ ցանկէ ցանկ վազեցէ՛ք.Վասն զի Մեղքոմ գերութեան կ’երթայԻր քուրմերովն ու իշխաններովը մէկտեղ։
4 Ինչո՞ւ քու հովիտներովդ կը պարծիս։Քու հովիտդ աւերուեցաւ, ո՛վ ապստամբ աղջիկ,Որ քու գանձերուդ ապաւիներ էիրՈւ կ’ըսէիր թէ ‘Իմ վրաս ո՞վ կրնայ գալ’։
5 «Ահա ես, կ’ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան,Քու վրադ վախ պիտի բերեմԲոլորտիքդ եղողներէնԵւ ամէն մէկը իր առջեւի ճամբան երթալով՝ պիտի ցրուիքՈւ փախստականները հաւաքող պիտի չըլլայ։
6 Եւ անկէ ետքը Ամմոնին որդիները գերութենէՊիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԵԴՈՎՄԻՆ
7 Եդովմի վրայով զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Արդեօք Թեմանի մէջ ա՛լ իմաստութիւն չկա՞յՈւ հանճարեղներէն խորհուրդը կորսուեցա՞ւ.Անոնց իմաստութիւնը հատա՞ւ։
8 Փախէ՛ք, դարձէ՛ք, խորունկ տեղեր բնակեցէ՛ք,Ո՛վ Դեդանի բնակիչներ,Վասն զի Եսաւին կորուստըԱնոր պատժուելու ժամանակը անոր վրայ պիտի բերեմ։
9 Եթէ քեզի այգի կթողներ գային,Միթէ ճիռեր պիտի չթողուի՞ն.Եթէ գիշերով գողեր գային,Իրենց բաւարար եղածին չա՞փ պիտի յափշտակէին։
10 Բայց ես Եսաւը բոլորովին մերկացուցի,Անոր ծածուկ տեղերը բացի,Այնպէս որ ան չկրցաւ պահուըտիլ։Անոր զաւակները, անոր եղբայրներն ու անոր դրացիները կորսուեցանԵւ ինք չկայ։
11 Որբերդ թո՛ղ տուր, ես զանոնք ողջ կը պահեմՈւ քու որբեւայրիներդ թող ինծի ապաւինին»։
12 Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Ահա անոնք, որ բաժակը խմելու պարտաւոր չէին, անշուշտ պիտի խմեն.Իսկ դուն բոլորովին անպատի՞ժ պիտի մնաս։Անպատիժ պիտի չմնաս,Հապա անպատճառ պիտի խմես։
13 Վասն զի իմ անձիս վրայ երդում կ’ընեմ, կ’ըսէ Տէրը,Որ Բօսրան ամայութիւն, նախատինք, աւերակ ու անէծք պիտի ըլլայԵւ անոր բոլոր քաղաքները յաւիտենապէս աւերակ պիտի ըլլան»։
14 Տէրոջը կողմէ լուր լսեցիՈւ ազգերուն դեսպան ղրկուած է, որ կ’ըսէ.«Հաւաքուեցէ՛ք եւ անոր վրայ գացէ՛քՈւ պատերազմի ելէ՛ք»։
15 Քանզի ահա քեզ ազգերու մէջ՝ պզտիկՈւ մարդոց մէջ անարգ ըրի։
16 Քու ահաւորութիւնդ, քու սրտիդ հպարտութիւնը քեզ խաբեցին,Ո՛վ վէմին խոռոչներուն մէջ բնակողՈւ բարձր բլուրներուն փակչող.Եթէ քու բոյնդ արծիւի պէս բարձրերն ալ շինես,Քեզ անկէ պիտի իջեցնեմ, կ’ըսէ Տէրը։
17 «Եդովմ ամայի պիտի ըլլայ.Անկէ ամէն անցնող պիտի զարմանայԵւ անոր բոլոր աղէտներուն համար պիտի սուլէ։
18 Սոդոմի ու Գոմորի եւ անոր շրջակայ քաղաքներուն կործանումին պէս», կ’ըսէ Տէրը,«Հոն ա՛լ մարդ պիտի չնստիՈւ անոր մէջ մարդու զաւակ պիտի չբնակի։
19 Ահա անիկա առիւծի պէս ամուր բնակարանի վրայ պիտի ելլէՅորդանանի ջուրերուն յորդելէն.Բայց անոր վրայէն շուտով պիտի փախցնեմ զանիկաԵւ ո՞վ է այն ընտրեալը, որ անոր վրայ դնեմ.Վասն զի ինծի նման ո՞վ կայՈւ ինծի հետ ո՞վ պիտի վիճաբանի*Եւ ո՞վ է այն հովիւը, որ իմ առջեւս պիտի կենայ։
20 Անոր համար Եդովմի վրայով Տէրոջը խորհուրդըՈւ Թեմանի բնակիչներուն վրայով կազմած ծրագիրը լսեցէ՛ք.Հօտին ամենէն պզտիկը անպատճառ պիտի քշէ զանոնք,Անշուշտ անոնց բնակարանները անոնց հետ պիտի աւերէ։
21 Անոնց իյնալու ձայնէն երկիրը պիտի շարժի.Անոնց աղաղակին ձայնը մինչեւ Կարմիր ծով պիտի լսուի։
22 Ահա թշնամին արծիւի պէս բարձրանալով պիտի թռչիՈւ իր թեւերը Բօսրայի վրայ պիտի տարածէԵւ այն օրը Եդովմին զօրաւորներուն սիրտըԻր երկունքին մէջ եղող կնոջ սրտին պէս պիտի ըլլայ»։
ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ
23 Դամասկոսի վրայով։«Եմաթ ու Արփաթ ամչցան,Քանզի գէշ լուր լսեցին ու մարեցան։Ծովուն մէջ տառապանք կայ,Անիկա չի կրնար հանդարտիլ։
24 Դամասկոս տկարացաւ,Սկսաւ փախչիլ,Արհաւիրքը անոր վրայ հասաւ.Զանիկա ծննդական կնոջ պէս նեղութիւն ու ցաւեր բռնեցին։
25 Ի՜նչպէս լքուեցաւ երեւելի քաղաքըՈւ ուրախութեան քաղաքը։
26 Ուստի անոր կտրիճները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնանԵւ բոլոր պատերազմիկներըԱյն օրը բնաջինջ պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
27 Դամասկոսի պարսպին մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ,Որ Բենադադին պալատները պիտի լափէ»։
ԿԵԴԱՐԻ ՑԵՂԻՆ ԵՒ ՀԱՍՈՐ ՔԱՂԱՔԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
28 Կեդարին վրայով ու Հասորի թագաւորութիւններուն վրայով, որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զարկաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Ելէ՛ք, Կեդարի՛ վրայ գացէքԵւ արեւելքի բնակիչները ջարդեցէ՛ք.
29 Անոնց վրաններն ու հօտերը պիտի առնուին,Անոնց վարագոյրներն ու բոլոր կարասիներըԵւ ուղտերը իրենցմէ հեռու պիտի տարուինՈւ անոնց պիտի ըսուի թէ‘Ամէն կողմանէ վախ կայ’։
30 Փախէ՛ք, շուտով հեռացէ՛ք, խորունկ տեղեր բնակեցէ՛ք,Ո՛վ Հասորի բնակիչներ, կ’ըսէ Տէրը,Վասն զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորըՁեզի դէմ բան մը ծրագրեցՈւ ձեզի դէմ դիտաւորութիւն մը մտածեց։
31 «Ելէ՛ք ու հանգստութեան եւ ապահովութեան մէջ բնակող ազգին գացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը,Որ դռներ ու նիգեր չունի ու առանձինն կը բնակի։
32 Եւ անոնց ուղտերը պիտի կողոպտուինՈւ անոնց խաշինքներուն բազմութիւնը պիտի յափշտակուիԵւ իրենց մօրուքին ծայրը կտրողները ամէն հովի պիտի ցրուեմՈւ անոնց կործանումը ամէն կողմէ պիտի բերեմ, կ’ըսէ Տէրը,
33 Եւ Հասորը չագալներու բնակարան,Յաւիտենական ամայութիւն պիտի ըլլայ.Հոն մարդ պիտի չնստիՈւ հոն մարդու զաւակ պիտի չբնակի»։
ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԵՂԱՄԻՆ
34 Յուդայի թագաւորին Սեդեկիային թագաւորութեան սկիզբը Եղամին մասին Երեմիա մարգարէին եղած Տէրոջը խօսքն է, որ ըսաւ.
35 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Ահա ես Եղամին աղեղը,Անոնց գլխաւոր զօրութիւնը պիտի կոտրեմ։
36 Ու Եղամին վրայ երկնքի չորս կողմէն չորս հովեր պիտի բերեմ,Զանոնք այս բոլոր հովերուն պիտի ցրուեմՈւ պիտի չըլլայ ազգ մը, որուն Եղամի փախստականները չերթան։
37 Ու Եղամացիները իրենց թշնամիներուն առջեւԵւ իրենց հոգին փնտռողներուն առջեւ պիտի վախցնեմՈւ անոնց վրայ պատուհաս պիտի բերեմ,Այսինքն իմ սաստիկ բարկութիւնս, կ’ըսէ Տէրը։Եւ անոնց ետեւէն սուր պիտի ղրկեմ,Մինչեւ զանոնք հատցնեմ։
38 Ու իմ աթոռս Եղամի մէջ պիտի դնեմԵւ թագաւոր ու իշխաններ պիտի կորսնցնեմ անկէ, կ’ըսէ Տէրը։
39 Բայց վերջին օրերըԵղամը գերութենէ պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։