ԵՐԵՄԵԱՅ 51։1-64

51  Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Ահա ես Բաբելոնի վրայՈւ իմ թշնամիներուս մէջտեղ բնակողներուն վրայԱպականիչ հով մը պիտի հանեմ։   Բաբելոնի վրայ հոսողներ պիտի ղրկեմՈւ զանիկա պիտի հոսեն եւ անոր երկիրը պիտի պարպեն։Վասն զի պատուհասին օրը անոր վրայ ամէն կողմէն պիտի գան։   Աղեղնաւորը պիտի լարէ իր աղեղը աղեղնաւորին դէմՈւ իր զրահը՝ հպարտացողին դէմ։Անոր երիտասարդներուն մի՛ խնայէք,Անոր բոլոր զօրքը նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ՛ք։   Քաղդէացիներուն երկրին մէջ սպաննուածներԵւ անոր հրապարակներուն մէջ խոցոտուածներ պիտի իյնան։   Քանզի Իսրայէլն ու Յուդան իրենց Աստուծմէն՝Զօրքերու Տէրոջմէն՝ չմերժուեցան,Թէպէտեւ իրենց երկիրը Իսրայէլի Սուրբին դէմՅանցանքով լեցուեցաւ։   «Բաբելոնի մէջէն փախէ՛ք։Ամէն մարդ թող իր անձը ազատէ,Որպէս զի անոր անօրէնութիւնովը չկործանիք.Քանզի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութեան ժամանակն է,Ինք անոր հատուցում պիտի ընէ։   Բաբելոն Տէրոջը ձեռքին մէջԲոլոր երկիրը գինովցնող ոսկի գաւաթ մը եղաւ.Անոր գինիէն ազգերը խմեցին,Ատոր համար ազգերը յիմարացան։   Բաբելոն յանկարծ ինկաւ կոտրեցաւ,Անոր վրայ ողբացէ՛ք.Անոր վէրքին համար բալասան առէ՛ք,Թերեւս բժշկութիւն գտնէ։   Բաբելոնին դեղ ըրինք, բայց բժշկութիւն չգտաւ.Զանիկա թողուցէ՛ք ու մեզմէ իւրաքանչիւրը իր երկիրը թող երթայ.Վասն զի անոր դատաստանը մինչեւ երկինք հասաւՈւ մինչեւ ամպերը ելաւ։ 10  Տէրը մեր արդարութիւնը երեւան հանեց։Եկէ՛ք ու Սիօնի մէջՄեր Տէր Աստուծոյն գործը պատմենք։ 11  Նետերը փայլեցուցէ՛ք, վահանները առէ՛ք.Տէրը Մարերու թագաւորներուն հոգին արթնցուց,Քանզի Տէրը խորհեցաւ, որ Բաբելոնը բնաջնջէ։Վասն զի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութիւնը,Իր տաճարին վրէժխնդրութիւնն է։ 12  Բաբելոնի պարիսպներուն դէմ դրօշակ վերցուցէ՛ք,Պահապան զօրքը ուժովցուցէ՛ք,Դէտեր կարգեցէ՛ք, դարաններ պատրաստեցէ՛ք,Քանզի Տէրը որոշեցԵւ Բաբելոնի բնակիչներուն համար որոշածը գործադրեց։ 13  Ո՛վ շատ ջուրերու քով բնակող ու շատ գանձեր ունեցող,Քու վախճանդ հասաւ ու քու ագահութեանդ չափը լեցուեցաւ»։ 14  Զօրքերու Տէրը իր անձին վրայ երդում ըրաւ՝ ըսելով.‘Անշուշտ քեզ մարախի բազմութեանը չափ մարդոցմով պիտի լեցնեմ,Որոնք քու վրադ բարձր ձայնով պիտի պոռան’։ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ 15  Երկիրը իր զօրութիւնովը շինեց։Աշխարհը իր իմաստութիւնովը հաստատեց։Երկինքը իր խորհրդովը տարածեց։ 16  Երբ իր ձայնը տայ, երկնքի մէջ ջուրերու բազմութիւն կ’ըլլայ։Երկրի ծայրերէն շոգի կը հանէ,Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէՈւ հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։ 17  Ամէն մարդ գիտութենէ զրկուած՝ անասուն դարձաւ,Ամէն ոսկերիչ իր քանդակած կուռքին պատճառով ամչցաւ,Վասն զի իր ձուլած կուռքը ստութիւն է։Անոնք հոգի չունին, 18  Անոնք ունայնութեան եւ խաբէութեան գործեր են.Իրենց պատուհասի ատեն անոնք պիտի կորսուին։ 19  Յակոբին բաժինը ասոնց պէս չէ,Վասն զի ամենուն Ստեղծողն է անոր բաժինըՈւ Իսրայէլ անոր ժառանգութեան վիճակն էԵւ անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։ 20  «Դուն՝ իմ կռանս, պատերազմական գործիքս ես։Քեզմով ազգեր պիտի կոտորեմ։Ու քեզմով թագաւորութիւններ պիտի աւերեմ։ 21  Ձին ու անոր հեծեալը քեզմով պիտի կոտորեմ,Կառքն ու կառավարը քեզմով պիտի կոտրտեմ, 22  Քեզմով մարդն ու կինը պիտի կոտորեմ,Քեզմով ծերն ու երիտասարդը պիտի կոտորեմ։Կտրիճը եւ կոյսը քեզմով պիտի կոտորեմ։ 23  Հովիւը եւ անոր հօտը քեզմով պիտի կոտորեմ,Երկրագործն ու անոր եզներուն զոյգը քեզմով պիտի կոտորեմ,Կուսակալներն ու նախարարները քեզմով պիտի կոտորեմ։ 24  «Եւ Բաբելոնի ու Քաղդէացիներու երկրին բոլոր բնակիչներունՊիտի հատուցանեմ իրենց բոլոր չարութիւնը,Ինչպէս ձեր աչքերուն առջեւ Սիօնին ըրին, կ’ըսէ Տէրը։ 25  «Ո՛վ բոլոր երկիրը աւերող ապականիչ լեռ,Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը,Իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ,Քեզ ժայռերէն վար պիտի գլորեմ։Քեզ այրած լեռ պիտի ընեմ 26  Ու քեզմէ անկեան քար եւ հիմի քար պիտի չառնեն,Քանզի յաւիտենապէս աւերակ պիտի ըլլաս», կ’ըսէ Տէրը։ 27  Երկրին մէջ դրօշակ բարձրացուցէ՛ք,Ազգերուն մէջ փող հնչեցուցէ՛ք,Անոր դէմ ազգեր պատրաստեցէք,Անոր վրայ Արարատի, ՄիննիիՈւ Ասքանազի թագաւորութիւնները կանչեցէ՛ք,Անոր վրայ զօրապետներ դրէ՛ք,Մազոտ մարախներու պէս ձիեր հանեցէ՛ք. 28  Անոր վրայ ազգեր, Մարերու թագաւորները,Անոնց կուսակալներն ու բոլոր նախարարներըԵւ անոնց հպատակ երկիրը պատրաստեցէ՛ք։ 29  Երկիրը պիտի դողայ ու նեղութիւն պիտի կրէ,Վասն զի Բաբելոնի համար Տէրոջը խորհուրդները պիտի հաստատուին,Բաբելոնի երկիրը անբնակ ու ամայի ընելու համար։ 30  Բաբելոնի զօրաւոր մարդիկը պատերազմէն դադարեցանԵւ բերդերու մէջ բնակեցան.Ուժերնին հատաւ, կիներու պէս եղան։Անոր բնակարանները այրուեցան, անոր նիգերը կոտրուեցան։ 31  Սուրհանդակը սուրհանդակի հանդիպելուՈւ լրաբերը լրաբերի հանդիպելու պիտի վազէ,Բաբելոնի թագաւորին պատմելու համարԹէ անոր քաղաքը մէկ ծայրէն առնուեցաւ, 32  Թէ անցքերը բռնուեցան,Եղէգները կրակով այրուեցան,Պատերազմիկները զարհուրեցան։ 33  Ահա զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ.«Բաբելոնի աղջիկը կալի պէս է.Անոր ծեծուելու ատենն է.Քիչ ատենէն ետքը անոր հունձքին ժամանակը պիտի գայ»։ 34  «Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորըԶիս կերաւ, զիս բնաջինջ ըրաւ,Զիս պարապ ամանի պէս ըրաւ,Վիշապի պէս զիս կլլեց,Իմ փափկութիւններէս իր փորը կշտացուց,Զիս դուրս նետեց»։ 35  Սիօնի բնակիչը պիտի ըսէ.‘Ինծի ու իմ մարմնիս եղած զրկանքը Բաբելոնի վրայ ըլլայ’»։Ու Երուսաղէմ պիտի ըսէ.«Իմ արիւնս Քաղդէացիներուն երկրին բնակիչներուն վրայ ըլլայ»։ ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ 36  Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Ահա ես քու դատիդ պաշտպան պիտի կանգնիմ,Քեզի համար վրէժխնդիր պիտի ըլլամ,Անոր ծովը պիտի ցամքեցնեմ,Անոր աղբիւրը պիտի չորցնեմ։ 37  Բաբելոն աւերակի դէզեր,Չագալներու բնակարան,Զարմանքի եւ սուլելու ենթակայ պիտի ըլլայ։Հոն մարդ պիտի չբնակի։ 38  «Անոնք առոյգ առիւծներու պէս մէկտեղ պիտի մռնչենԵւ կորիւններու պէս պիտի մրմռան։ 39  Երբ անոնք գինիէն տաքնան, անոնց կոչունք պիտի ընեմՈւ զանոնք պիտի գինովցնեմ, որպէս զի զուարթանանԵւ յաւիտենական քունով քնանանՈւ չարթննան», կ’ըսէ Տէրը։ 40  «Զանոնք սպանդանոցը պիտի իջեցնեմ գառնուկներու պէսԿամ խոյերու պէս՝ նոխազներու հետ»։ ԲԱԲԵԼՈՆԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ 41  «Ի՜նչպէս առնուեցաւ ՍիսակըՈւ բոլոր երկրի պարծանքը բռնուեցաւ.Բաբելոն ի՜նչպէս աւերակ եղաւ ազգերուն մէջ։ 42  Ծովը Բաբելոնի վրայ ելաւ,Անոր ալիքներուն շատութենէն ծածկուեցաւ ան։ 43  Անոր քաղաքները աւերակ,Անջրդի երկիր ու անապատ եղան։Այնպիսի երկիր մը եղան, ուր մարդ չի բնակիրՈւ անկէ մարդու զաւակ չ’անցնիր։ 44  Բաբելոնի մէջ Բէլը պիտի պատժեմՈւ անոր բերնէն՝ իր կլլածը պիտի հանեմՈւ անգամ մըն ալ ազգեր անոր պիտի չդիմեն։Բաբելոնի պարիսպն ալ պիտի փլչի։ 45  «Անոր մէջէն ելէ՛ք, ո՛վ իմ ժողովուրդս,Եւ ամէն մարդ թող իր անձը ազատէՏէրոջը սաստիկ բարկութենէն։ 46  Չըլլայ թէ երկրին մէջ տարածուած լուրէնՁեր սիրտը թուլնայ ու վախնաք,Երբ մէկ տարուան մէջ լուր մը,Հետեւեալ տարուան մէջ ուրիշ լուր մը գայ,Երկրին մէջ բռնութիւն ըլլայ,Իշխան իշխանի դէմ ելլէ։ 47  «Անոր համար ահա օրեր կու գան,Երբ Բաբելոնի կուռքերը պիտի պատժեմ.Անոր բոլոր երկիրը պիտի ամչնայ,Անոր բոլոր սպաննուածները անոր մէջ պիտի իյնան։ 48  Այն ատեն երկինք ու երկիր եւ բոլոր անոնց մէջ եղածըԲաբելոնի վրայ պիտի խնդան,Վասն զի աւերողները հիւսիսէն պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը։ 49  Ինչպէս Բաբելոն Իսրայէլի սպաննուածները վար ձգեց,Այնպէս Բաբելոնի մէջ բոլոր երկրին սպաննուածները պիտի իյնան»։ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԳԱՄԸ ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 50  «Ո՛վ սուրէ ազատուածներ, գացէ՛ք, մի՛ կենաք,Հեռուէն Տէրը յիշեցէ՛քՈւ Երուսաղէմ ձեր միտքը թող գայ։ 51  «Նախատինքներուն համար ամչցանք.Ամօթը մեր երեսը ծածկեց,Քանզի Տէրոջը տանը սրբարաններուն մէջ օտարազգիներ մտան։ 52  Անոր համար ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,Երբ անոր կուռքերը պիտի պատժեմԵւ անոր բոլոր երկրին մէջ վիրաւորներ պիտի հեծեն։ 53  Թէեւ Բաբելոն մինչեւ երկինք ելլէՈւ իր զօրութիւնը բարձրութեան մէջ հաստատէ*,Իմ կողմէ աւերողներ պիտի գան անոր», կ’ըսէ Տէրը։ ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՒԵՐՈՒՄԸ 54  Բաբելոնէն աղաղակի ձայնՈւ Քաղդէացիներու երկրէն մեծ կոտորածի ձայն կու գայ։ 55  Քանզի Տէրը Բաբելոնը կ’աւերէՈւ անոր մեծ ձայնը կը խափանէ.Որովհետեւ անոնց ալիքները շատ ջուրերու պէս կը գոռանԵւ անոնց ձայնը աղմուկի փոխուած է։ 56  Քանզի Բաբելոնի վրայ աւերող մը եկաւՈւ անոր զօրաւորները առնուեցան,Անոնց աղեղները կոտրուեցան,Քանզի Տէրը հատուցանող Աստուած ըլլալուն՝Անշուշտ հատուցում պիտի ընէ։ 57  Անոր իշխաններն ու իմաստունները,Կուսակալներն ու նախարարներըԵւ զօրաւոր մարդիկը պիտի գինովցնեմՈւ անոնք յաւիտենական քունով պիտի քնանանՈւ պիտի չարթննան», կ’ըսէ այն ԹագաւորըՈրուն անունը Զօրքերու Տէր է։ 58  Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Բաբելոնի լայն պարիսպները բոլորովին պիտի փլին,Անոր բարձր դռները կրակով պիտի այրին։Ժողովուրդները պարապ տեղըՈւ ազգերը կրակի համար պիտի աշխատին ու յոգնին։ ԵՐԵՄԻԱՅԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԲԱԲԵԼՈՆ ԿԸ ՂՐԿՈՒԻ 59  Այս խօսքն է որ Երեմիա մարգարէն պատուիրեց Մաասիայի որդիին Ներիայի որդիին Սարայիային, երբ անիկա Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին կողմէ, անոր թագաւորութեանը չորրորդ տարին, Բաբելոն գնաց ու Սարայիան գլխաւոր սենեկապետն էր։ 60  Վասն զի Երեմիա Բաբելոնի վրայ գալու ամէն չարիքները գրքի մէջ գրեց, այսինքն այս բոլոր խօսքերը, որ Բաբելոնի դէմ ըսուած են։ 61  Երեմիա Սարայիային ըսաւ. «Երբ Բաբելոն երթաս, նայէ՛ ու կարդա՛ այս բոլոր խօսքերը 62  Ու ըսէ՛. ‘Ո՛վ Տէր, դուն այս տեղին համար ըսիր, թէ զանիկա պիտի աւերես ու մարդէ մինչեւ անասուն անոր մէջ բնակիչ պիտի չմնայ, հապա յաւիտենական ամայութիւն պիտի ըլլայ’»։ 63  Երբ այս գիրքը կարդաս լմնցնես, անոր վրայ քար մը կապէ ու զանիկա Եփրատի մէջ նետէ 64  Ու ըսէ՛. «Այսպէս պիտի ընկղմի Բաբելոն ու անգամ մըն ալ պիտի չկանգնի՝ իմ անոր վրայ բերելու չարիքներուս պատճառով եւ անոնք պիտի յոգնին»։ Երեմիային խօսքերը մինչեւ հոս են։

Ստորանիշներ

51։53 Եբր., զօրութեանը բարձրութիւնը ամրացնէ