ԵՐԵՄԵԱՅ 7։1-34

7  Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ.   «Տէրոջը տանը դուռը կեցիրՈւ հոն այս խօսքը կանչէ՛ ու ըսէ.‘Տէրոջը խօսքին մտի՛կ ըրէք, ո՛վ բոլոր Յուդա,Որ այս դռներէն կը մտնէքՏէրոջը երկրպագութիւն ընելու համար’»։   Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը կ’ըսէ.«Ձեր ճամբաներն ու գործերը ուղղեցէ՛ք,Որպէս զի թողում, որ այստեղ բնակիք։   Դուք մի՛ ապաւինիք սուտ խօսքերու, որ կ’ըսեն.‘Տէրոջը տաճարը, Տէրոջը տաճարը,Տէրոջը տաճարը այս է’։   «Քանզի եթէ ձեր ճամբաներն ու գործերը ճշմարտապէս ուղղէքԵւ եթէ մարդուն ու անոր ընկերին մէջտեղԻրաւունքը զգուշութեամբ գործադրէք,   Պանդուխտին, որբին ու որբեւայրիին զրկանք չընէքՈւ անմեղ արիւն չթափէքԵւ օտար աստուածներու ետեւէ չերթաքՈր ձեզի չարիքի պատճառ կ’ըլլայ,   Այն ատեն այստեղ՝ ձեր հայրերուն տուած երկրիս մէջ՝Պիտի բնակեցնեմ ձեզ յաւիտեանս յաւիտենից։   «Ահա դուք սուտ խօսքերու կ’ապաւինիք,Որոնք չեն կրնար օգուտ մը ընել։   Արդեօք գողութիւն, մարդասպանութիւն եւ շնութիւն ընելով,Սուտ երդում ընելով եւ Բահաղին խունկ ծխելով,Ձեր չճանչցած օտար աստուածներուն ետեւէն երթալով 10  Կրնա՞ք գալ ու իմ առջեւս կայնիլ այս տանը մէջ,Որ իմ անունովս կոչուած էԵւ ըսել՝ ‘Ազատուեցանք, որպէս զի այս բոլոր պղծութիւնները ընենք’։ 11  «Այս տունը, որ իմ անունովս կոչուած է,Միթէ ձեր աչքերուն առջեւ աւազակներու քարա՞յր եղաւ։‘Ահա ես տեսայ’, կ’ըսէ Տէրը։ 12  Բայց հիմա Սելովի մէջ գտնուած տեղս գացէք,Հոն՝ ուր առաջին անգամ իմ անունս հաստատեցիԵւ տեսէք թէ ի՞նչ ըրեր եմ անոր,Իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի չարութեան պատճառով։ 13  «Ու հիմա՝ որովհետեւ այս բոլոր գործերը ըրիք՝ կ’ըսէ Տէրը,Ու երբ ձեզի խօսեցայ կանուխ ելլելով, բայց դուք մտիկ չըրիք,Ձեզ կանչեցի, բայց դուք պատասխան չտուիք. 14  Ես ալ այս ձեր ապաւինած տանը,Որ իմ անունովս կոչուած էԵւ ձեզի ու ձեր հայրերուն տուած տեղիսՊիտի ընեմ այնպէս՝ ինչպէս Սելովին ըրի։ 15  Ինչպէս ձեր բոլոր եղբայրները,Եփրեմի բոլոր սերունդը վռնտեցի,Այնպէս ալ ձեզ իմ առջեւէս պիտի վռնտեմ’»։ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ 16  «Ուստի դուն այս ժողովուրդին համար աղօթք մի՛ ըներԵւ անոնց համար աղաղակ ու աղաչանք մի՛ մատուցաներՈւ բարեխօսութիւն մի՛ ըներ,Քանզի քեզի մտիկ պիտի չընեմ։ 17  Դուն չե՞ս տեսներ թէ անոնք ի՛նչ կ’ընենՅուդայի քաղաքներուն եւ Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ։ 18  Տղաքները փայտ կը հաւաքեն,Հայրերը կրակ կը վառեն,Կիները խմոր կը շաղեն՝Երկնքի թագուհիին բլիթներ շինելու համարԵւ օտար աստուածներու ըմպելի նուէրներ կը մատուցանեն,Որպէս զի զիս բարկացնեն»։ 19  «Միթէ անոնք զի՞ս կը բարկացնեն, կ’ըսէ Տէրը,Չէ՞ որ իրենց անձը կը խռովեն իրենց երեսին ամօթին համար»։ 20  Անոր համար այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան.«Ահա իմ բարկութիւնս ու սրտմտութիւնսԱյս տեղին վրայ պիտի թափին՝Մարդու վրայ եւ անասունի վրայՈւ դաշտի ծառերուն վրայՈւ երկրի պտուղներուն վրայ՝Եւ պիտի բռնկի ու պիտի չմարի»։ 21  Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ.«Ձեր ողջակէզները ձեր զոհերուն վրայ աւելցուցէ՛ք եւ մի՛ս կերէք։ 22  Վասն զի ձեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հանած օրս,Անոնց բան մը չըսի ողջակէզի ու զոհի մասին,Ո՛չ ալ անոնց հրամայեցի. 23  Բայց անոնց հետեւեալը հրամայեցի ու ըսի.‘Իմ ձայնիս մտիկ ըրէք։Ես ձեզի Աստուած ըլլամՈւ դուք ինծի ժողովուրդ եղէք։Ձեզի հրամայուած ճամբաներուն մէջէն քալեցէք,Որպէս զի ձեզի աղէկ ըլլայ’։ 24  Բայց անոնք մտիկ չըրին ու ականջ չկախեցին,Հապա իրենց չար սրտին կամակորութիւնովըԻրենց խորհուրդներուն հետեւեցանՈւ ե՛տ գացին եւ ո՛չ թէ յառաջ։ 25  Ձեր հայրերուն Եգիպտոսի երկրէն ելած օրէն մինչեւ այսօրԻմ բոլոր ծառաներս՝ մարգարէները՝ ձեզի ղրկեցի։Ամէն օր կանուխ ելլելով կը ղրկէի 26  Ու ինծի մտիկ չըրին եւ ականջ չկախեցին,Հապա իրենց պարանոցը խստացուցին,Իրենց հայրերէն աւելի չար եղան»։ 27  «Դուն այս բոլոր խօսքերը անոնց պիտի ըսես,Բայց քեզի մտիկ պիտի չընեն։Զանոնք պիտի կանչես,Բայց քեզի պատասխան պիտի չտան։ 28  Այն ատեն անոնց ըսէ՛.‘Իր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ չընողՈւ խրատ չընդունող ազգը ասիկա է։Ճշմարտութիւնը կորսուեցաւ ու անոնց բերնէն կտրուեցաւ’։ ՄԵՂՍԱԼԻՑ ԳՈՐԾԵՐ ԵՆՈՎՄԻ ՁՈՐԻՆ ՄԷՋ 29  «Մազերդ կտրէ՛ ու նետէ՛, ո՛վ Երուսաղէմ,Եւ բլուրներուն վրայ ողբա՛.Քանզի Տէրը մերժեց ու երեսէ ձգեց այն ազգըՈրուն դէմ շատ սրդողեր էր»։ 30  «Յուդային որդիները իմ առջեւս չարութիւն գործեցին, կ’ըսէ Տէրը,Իրենց գարշելի բաները իմ անունովս կոչուած տանը մէջ դրին,Որպէս զի զանիկա պղծեն։ 31  Ենովմի որդիին ձորին մէջ եղող Տօփեթին բարձր տեղեր շինեցին՝Իրենց տղաքն ու աղջիկները կրակով այրելու համար,Որ անոնց չհրամայեցի ու մտքէս ալ անցած չէր»։ 32  «Ուստի ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը,Որ ա՛լ Տօփեթ կամ Ենովմի որդիին ձորը պիտի չկոչուի,Հապա՝ Սպանութեան ձորԵւ Տօփեթի մէջ մեռելներ պիտի թաղեն մինչեւ որ ա՛լ տեղ չմնայ*։ 33  Ու այս ժողովուրդին դիակներըԵրկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլանԵւ զանոնք վռնտող մը պիտի չըլլայ։ 34  Ու Յուդայի քաղաքներէն ու Երուսաղէմի փողոցներէնՑնծութեան ձայնը եւ ուրախութեան ձայնը,Փեսային ձայնն ու հարսին ձայնը պիտի դադրեցնեմ,Վասն զի երկիրը պիտի ամայանայ»։

Ստորանիշներ

7։32 Կամ, ուրիշ տեղ չըլլալուն համար