ԵՐԵՄԵԱՅ 8։1-22

8  «Այն ժամանակ, կ’ըսէ Տէրը,Յուդայի թագաւորներուն ոսկորները,Անոր իշխաններուն ոսկորները,Քահանաներուն ոսկորները,Մարգարէներուն ոսկորները,Երուսաղէմի բնակիչներուն ոսկորներըԻրենց գերեզմաններէն պիտի հանեն   Եւ պիտի ցրուեն զանոնք արեւուն առջեւ ու լուսնին առջեւԵւ երկնքի բոլոր զօրքերուն առջեւ,Որոնք սիրեցին ու անոնց ծառայեցինԵւ անոնց ետեւէն գացինՈւ զանոնք փնտռեցին եւ անոնց երկրպագութիւն ըրին։Անոնք պիտի չհաւաքուին ու պիտի չթաղուին,Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան»։   «Մահը կեանքէն աւելի ցանկալի պիտի ըլլայԱյս չար ազգին բոլոր մնացորդներուն,Որոնք մնացեր են այն տեղերը,Ուր զանոնք վռնտեր եմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ ՄԵՂՔ ԵՒ ՊԱՏԻԺ   «Ու անոնց ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ.‘Միթէ անոնք պիտի իյնան ու պիտի չելլե՞ն.Կամ մէկը ճամբայէն կը խոտորի ու ետ չի՞ դառնար’։   Ինչո՞ւ այս Երուսաղէմի ժողովուրդը մշտատեւ խոտորումով խոտորեցաւ։Անոնք նենգութեան յարեցան, դառնալ չուզեցին։   Ականջ դրի ու մտիկ ըրի,Անոնք շիտակ չեն խօսիր.Մարդ մը չկայ, որ իր չարութեան համար զղջայՈւ ըսէ թէ՝ ‘Ի՛նչ գործեցի’.Ամէնքը իրենց ընթացքին դարձան՝Պատերազմի վազող ձիու պէս։   Արագիլը անգամ օդին մէջ իր որոշ ժամանակը գիտէՈւ տատրակը եւ կռունկը ու ծիծեռնակըԻրենց գալուստին ժամանակը կը ճշդեն,Բայց իմ ժողովուրդս Տէրոջը դատաստանը չի գիտեր»։   «Ի՞նչպէս կ’ըսէք՝ ‘Մենք իմաստուն ենքՈւ Տէրոջը օրէնքը մեր քով է’։Իրաւցնէ ահա դպիրներուն սուտ գրիչը կը ստէ։   Իմաստունները ամչցան,Անոնք զարհուրեցան ու բռնուեցան,Ահա Տէրոջը խօսքը անարգեցին,Ալ անոնց քով ի՞նչ իմաստութիւն կը մնայ։ 10  Ուստի անոնց կիները՝ օտարներուն,Անոնց ագարակները անոնց տիրողներուն պիտի տամ,Վասն զի պզտիկէն մինչեւ մեծը, ամէնքը ագահութեան ետեւէ եղան.Մարգարէէն մինչեւ քահանան, ամէնքը ստութեամբ կը վարուին։ 11  Եւ իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքը հարեւանցի բժշկելով՝‘Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է’, կ’ըսեն,Երբ խաղաղութիւն չկայ։ 12  Միթէ իրենց պղծութիւն ըրած ատենը կ’ամչնա՞ն։Բնաւ չեն ամչնարՈւ պատկառիլ չեն գիտեր։Անոր համար ինկածներուն մէջ պիտի իյնան»։«Անոնց այցելութիւն եղած ատենը պիտի գլորին», կ’ըսէ Տէրը։ 13  «Զանոնք բոլորովին բնաջինջ պիտի ընեմ», կ’ըսէ Տէրը։«Որթատունկին վրայ խաղող պիտի չըլլայԵւ թզենիին վրայ թուզ պիտի չըլլայ.Անոնց տերեւներն ալ պիտի թառամինՈւ ինչ որ անոնց տուի անոնցմէ պիտի անհետանայ»։ 14  «Մենք ինչո՞ւ կը նստինք.Հաւաքուեցէ՛ք ու պարսպապատ քաղաքներու մէջ մտնենքԵւ հոն լուռ կենանք,Վասն զի մեր Տէր Աստուածը մեզ լռեցուց,Ու մեզի դառնութեան ջուր խմցուց,Քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցինք։ 15  Խաղաղութեան սպասեցինք, բայց խռովութիւն եկաւ,Բժշկութեան սպասեցինք, բայց վիրաւորները շատցան։ 16  «Անոր ձիերուն փռնչիւնը Դանէն լսուեցաւ.Անոր երիվարներուն խրխնջիւնէնԲոլոր երկիրը շարժեցաւ։Վասն զի պիտի գան ու երկիրը եւ անոր լիութիւնը,Քաղաքն ու անոր բնակիչները պիտի ուտեն»։ 17  «Քանզի ահա ձեր մէջ օձեր,Քարբեր պիտի ղրկեմ, որոնք թովչութենէ չեն ազդուիրԵւ ձեզ պիտի խայթեն», կ’ըսէ Տէրը։ 18  Իմ զուարթութիւնս տրտմութեան փոխուեցաւ,Իմ սիրտս ներսիդիս կը մարի։ 19  Ահա հեռաւոր երկրէ եկողներուն պատճառով՝Իմ ժողովուրդիս աղջկան ողբերուն ձայնը.«Միթէ Տէրը Սիօնի մէջ չէ՞,Անոր Թագաւորը հոն չէ՞»։Ինչո՞ւ իրենց քանդակած կուռքերովըՈւ օտարներուն ունայնութիւններովը զիս բարկացուցին։ 20  Հունձքին ատենը անցաւ, ամառը վերջացաւ,Բայց մենք չփրկուեցանք։ 21  Իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքին համար վշտացայ,Ողբացի ու սոսկումը զիս պատեց։ 22  Միթէ Գաղաադի մէջ բալասան չկա՞յ,Հոն բժիշկ չկա՞յ.Հապա ինչո՞ւ համար իմ ժողովուրդիս աղջիկը բժշկութիւն չգտաւ։

Ստորանիշներ