ԵՐԵՄԵԱՅ 9։1-26
9 Երանի՜ թէ գլուխս՝ ջուրիՈւ աչքերս արցունքի աղբիւր ըլլային,Որպէս զի ցորեկ ու գիշեր լայիԻմ ժողովուրդիս աղջկան սպաննուածներուն համար։
2 Երանի՜ թէ անապատի մէջ ճամբորդներու իջեւան մը ունենայի,Որպէս զի իմ ժողովուրդս ձգէի ու անոնցմէ հեռանայի.Վասն զի ամէնքը շնացողներ ենՈւ նենգաւորներու ընկերութիւն են։
3 Իրենց լեզուները իրենց աղեղներուն պէս կը լարեն ստութեան համար,Բայց ճշմարտութեան համար երկրի վրայ քաջութիւն չունին.Վասն զի չարութենէ չարութիւն կ’երթանՈւ զիս չեն ճանչնար, կ’ըսէ Տէրը։
4 Ամէն մարդ թող իր ընկերէն զգուշանայ։Բնաւ եղբօր մը մի՛ ապաւինիք.Վասն զի ամէն եղբայր խաբէութիւն կը հնարէԵւ ամէն ընկեր բանսարկութիւն կ’ընէ
5 Ու ամէն մարդ իր ընկերը կը խաբէԵւ ճշմարտութիւն չի խօսիր։Անոնք իրենց լեզուները սուտ խօսելու վարժեցուցած են,Անօրէնութիւն ընելով կը յոգնին։
6 Քու բնակարանդ նենգութեան մէջ է։Նենգութեան պատճառով զիս ճանչնալ չեն ուզեր, կ’ըսէ Տէրը։
7 Անոր համար զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Ահա զանոնք պիտի հալեցնեմ ու պիտի փորձեմ,Վասն զի իմ ժողովուրդիս համար ի՞նչ կրնամ ընել։
8 Անոնց լեզուն մահաբեր նետ է։Նենգութիւն կը խօսի,Բերնովը իր ընկերին հետ խաղաղութեամբ կը խօսի,Բայց սրտով անոր դարան կը պատրաստէ։
9 «Միթէ այս բաներուն համար անոնք պիտի չպատժե՞մ, կ’ըսէ Տէրը,Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ հոգիս վրէժ պիտի չառնէ՞»։
10 «Լեռներուն համար լաց ու ողբԵւ անապատի արօտներուն համար կոծ պիտի ընեմ.Վասն զի այրեցան, անկէ մարդ չ’անցնիրՈւ խաշինքներու ձայն չի լսուիր.Օդին թռչուններէն մինչեւ անասունները փախան, գացին։
11 Երուսաղէմը՝ աւերակներու դէզերԵւ չագալներու բնակարան պիտի ընեմՈւ Յուդայի քաղաքները անբնակ ամայութեան պիտի դարձնեմ»
12 Ո՞վ է այն իմաստուն մարդը, որ ասիկա հասկնայԵւ անոր՝ Աստուծոյ բերանը խօսած ըլլայ, որ ասիկա յայտնէ,Թէ երկիրը ինչո՛ւ համար աւերուեցաւՈւ այրած անապատի պէս եղաւ,Ուրկէ մարդ չ’անցնիր։
13 Եւ Տէրը ըսաւ.«Քանի որ անոնք իմ օրէնքս ձգեցին,Որ իրենց առջեւ դրեր էիՈւ իմ ձայնիս մտիկ չընելով՝ անոր համեմատ չքալեցին,
14 Հապա իրենց սրտին կամակորութեանըԵւ հայրերուն իրենց սորվեցուցած Բահաղամին ետեւէն գացին,
15 Անոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ.«Ահա ես այս ժողովուրդին օշինդր պիտի կերցնեմՈւ անոնց դառնութեան ջուր պիտի խմցնեմ։
16 Զանոնք պիտի ցրուեմ այն ազգերուն մէջ,Որոնք ո՛չ իրենք ճանչցան, ո՛չ ալ իրենց հայրերը։Անոնց վրայ սուր պիտի ղրկեմ,Մինչեւ որ զանոնք հատցնեմ»։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԱՑԻՆԵՐԸ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ
17 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Մտածեցէ՛ք ու լալկան կիներ կանչեցէ՛ք որ գանԵւ հանճարեղ կիներուն լուր ղրկեցէ՛ք, որ գան
18 Ու մեզի համար շուտով ողբի ձայն բարձրացնեն,Որպէս զի մեր աչքերը արցունքներ իջեցնենԵւ մեր արտեւանունքները ջուրեր վազցնեն.
19 Քանզի Սիօնէն ողբի ձայն լսուեցաւ.‘Ի՜նչպէս կործանեցանք, խիստ ամչցանք,Վասն զի երկիրը թողուցինք,Վասն զի թշնամիները հիմնայատակ ըրին մեր բնակարանները’»։
20 Ուրեմն, ո՛վ կիներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛քԵւ ձեր ականջները անոր բերնին խօսքը թող ընդունինՈւ ձեր աղջիկներուն ո՛ղբ սորվեցուցէքԵւ ամէն կին իր դրացիին եղերերգութիւն թող սորվեցնէ։
21 Վասն զի մահը մինչեւ մեր պատուհանները ելաւ,Մեր պալատները մտաւ,Որպէս զի փողոցներէն՝ տղաքներըՈւ հրապարակներէն երիտասարդները բնաջինջ ընէ։
22 Ըսէ թէ «Տէրը այսպէս կ’ըսէ.‘Մարդոց դիակները պիտի իյնանԱրտերու երեսին վրայ եղող աղբին պէս,Կամ հնձողներուն ետեւը մնացած խուրձի պէսԵւ պիտի չըլլայ մէկը, որ զանոնք հաւաքէ’»։
23 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Իմաստունը իր իմաստութիւնովը թող չպարծիՈւ զօրաւորը իր զօրութիւնովը թող չպարծի,Հարուստը իր հարստութիւնովը թող չպարծի.
24 Բայց ան որ կը պարծի՝ թող անով պարծի,Որ կը հասկնայ ու զիս կը ճանչնայԵւ գիտէ թէ ե՛ս եմ Տէրը,Որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընեմ.Քանզի ես ասոնց կը հաճիմ»։
25 «Ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը,Երբ բոլոր թլփատուածներուն ու անթլփատներուն,
26 Եգիպտոսի եւ Յուդայի ու ԵդովմիԵւ Ամմոնի որդիներուն ու ՄովաբիԵւ իրենց մօրուքին ծայրերը կտրող* անապատի բոլոր բնակիչներունՊիտի այցելեմ.Վասն զի բոլոր ազգերը անթլփատ ենՈւ բոլոր Իսրայէլի տունը սրտով անթլփատ է»։
Ստորանիշներ
^ 9։26 Կամ, երկրի ծայրերը եղող