ԶԱՔԱՐԵԱՅ 10։1-12

10  Վերջին անձրեւին ժամանակըՏէրոջմէ անձրեւ խնդրեցէ՛ք։Տէրը փայլակներ պիտի հանէԵւ առատ անձրեւ պիտի տայՈւ ամէն մէկուն՝ ագարակին խոտ։   Քանզի թերափիմները ունայնութիւն խօսեցանՈւ գուշակութիւն ընողները ստութիւն տեսանԵւ սուտ երազներ պատմեցին,Պարապ մխիթարութիւն տուին,Անոր համար հօտերու պէս չուեցին,Հովիւ չըլլալուն համար տագնապեցան։   «Հովիւներուն վրայ իմ բարկութիւնս բռնկեցաւՈւ նոխազները պիտի պատժեմ,Քանզի զօրքերու Տէրը իր հօտը,Յուդայի տունը, պիտի հոգայԵւ զանոնք իր պատերազմի մէջ հեծած գեղեցիկ ձիուն պէս պիտի ընէ։   Անկիւնը՝ անկէ, բեւեռը՝ անկէ*,Պատերազմի աղեղը՝ անկէ,Ամէն զօրապետ մէկտեղ անկէ պիտի ելլէ.   Այնպիսի զօրաւոր մարդոց պէս պիտի ըլլան,Որոնք պատերազմի մէջ թշնամին փողոցներուն ցեխին մէջ կը կոխկռտենՈւ անոնք պատերազմ պիտի ընեն.Քանզի Տէրը անոնց հետ է։Ձիաւորները պիտի ամչնան։   Յուդային տունը պիտի զօրացնեմ.Յովսէփին տունը պիտի փրկեմԵւ զանոնք նորէն պիտի բնակեցնեմ,Քանզի անոնց ողորմեցայ.Անոնք այնպէս պիտի ըլլան,Որպէս թէ զանոնք երեսէ ձգած չէի։Քանզի անոնց Տէր Աստուածը՝ ե՛ս եմ,Անոնց պիտի լսեմ։   Եփրեմ զօրաւոր մարդու պէս պիտի ըլլայ։Անոնց սիրտը ուրախ պիտի ըլլայ, գինովցածի պէս։Անոնց տղաքներն ալ պիտի տեսնեն ու պիտի ուրախանան։Անոնց սիրտը Տէրոջմով պիտի ցնծայ։   Անոնց պիտի սուլեմ ու զանոնք պիտի հաւաքեմ,Վասն զի զանոնք փրկեցի։Անոնք պիտի շատնան՝ ինչպէս որ առաջ էին։   Թէեւ զանոնք ժողովուրդներու մէջ ցրուեմ,Սակայն հեռաւոր տեղեր զիս պիտի յիշեն,Իրենց որդիներուն հետ պիտի ապրին ու ետ պիտի դառնան։ 10  Զանոնք Եգիպտոսէն պիտի դարձնեմ,Ասորեստանէն պիտի հաւաքեմ,Գաղաադի երկիրըՈւ Լիբանան պիտի բերեմ, այնպէս որԱնոնց համար բաւական տեղ պիտի չգտնուի։ 11  Ծովէն նեղութեամբ պիտի անցնի,Ծովուն ալիքները պիտի զարնէ։Գետին բոլոր խորութիւնները պիտի ցամքին,Ասորեստանի հպարտութիւնը պիտի իջնէ,Եգիպտոսի գաւազանը պիտի վերցուի։ 12  Անոնք Տէրոջմով պիտի զօրանանՈւ անոր անունովը պիտի պտըտին», կ’ըսէ Տէրը։

Ստորանիշներ

10։4 Կամ, Իշխանը անկէ, գլխաւորը անկէ