ԹՈՒՈՑ 32։1-42
32 Գադին որդիները ու Ռուբէնին որդիները խիստ շատ անասուններ ունէին. ուստի տեսնելով որ Յազերի երկիրը Գաղաադի երկիրը անասուն պահելու յարմար տեղ են,
2 Գադի որդիները ու Ռուբէնի որդիները գացին ու Մովսէսին, Եղիազար քահանային եւ ժողովուրդին իշխաններուն հետ խօսելով՝ ըսին.
3 «Ատարովթ, Դեբոն, Յազեր, Նամրա, Եսեբոն, Եղէաղէ, Սեբամա, Նաբաւ ու Բէան՝
4 Այսինքն Տէրոջը Իսրայէլի ժողովուրդին առջեւ զարկած երկիրը, անասուն պահելու յարմար երկիր մըն է ու քու ծառաներդ շատ անասուններ ունին.
5 Ուստի, եթէ մենք քու առջեւդ շնորհք գտանք, այս երկիրը քու ծառաներուդ տուր որպէս կալուածք եւ մեզ Յորդանանէն մի՛ անցըներ»։
6 Եւ Մովսէս Գադին որդիներուն եւ Ռուբէնին որդիներուն ըսաւ. «Ձեր եղբայրները պատերազմի երթան ու դուք այս տեղը նստի՞ք։
7 Ինչո՞ւ համար Իսրայէլի որդիներուն սիրտը պիտի թուլցնէք, որ չանցնին այն երկիրը, որ Տէրը անոնց տուած է։
8 Ձեր հայրերն ալ այսպէս ըրին, երբ զանոնք Կադէս–Բառնեայէն ղրկեցի երկիրը լրտեսելու համար։
9 Քանզի անոնք մինչեւ Եսքողի ձորը ելան ու երկիրը տեսան եւ Իսրայէլի որդիներուն սիրտը թուլցուցին, որպէս զի չմտնեն այն երկիրը, որ Տէրը անոնց տուեր էր։
10 Եւ նոյն օրը Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ ու երդում ընելով՝ ըսաւ.
11 ‘Եգիպտոսէն ելած մարդոցմէ քսան տարեկանէն վեր եղողները, բոլոր սրտով ինծի չհնազանդելնուն համար, բնաւ պիտի չտեսնեն այն երկիրը, որուն համար Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին երդում ըրի որ տամ,
12 Կենեզեան Յեփոնէի որդիէն Քաղէբէն ու Նաւէի որդիէն Յեսուէն զատ, որոնք կատարելապէս Տէրոջը հնազանդեցան։
13 Եւ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտցուց, մինչեւ որ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընող սերունդը բոլորովին սպառեցաւ։
14 Ահա դուք ձեր հայրերուն տեղը ելաք՝ մեղաւոր մարդոց զաւակներու պէս՝ որպէս զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ նորէն աւելցնէք։
15 Վասն զի եթէ դուք անկէ խոտորիք, ան ալ նորէն այս ժողովուրդը անապատին մէջ պիտի ձգէ ու դուք այս բոլոր ժողովուրդին կորուստին պատճառ պիտի ըլլաք’»։
16 Անոնք մօտեցան անոր ու ըսին. «Մենք այստեղ միայն կ’ուզենք մեր անասուններուն համար փարախներ ու մեր ընտանիքներուն համար քաղաքներ շինել,
17 Բայց մենք պատրաստ ենք զէնքերնիս առնել ու Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն երթալ, մինչեւ որ զանոնք իրենց տեղերը տանինք եւ մեր ընտանիքները պարսպապատ քաղաքներու մէջ պիտի բնակին երկրիս բնակիչներուն պատճառով
18 Ու մինչեւ որ Իսրայէլի որդիներէն իւրաքանչիւրը իր ժառանգութիւնը չժառանգէ, մենք մեր տուները պիտի չդառնանք,
19 Քանզի մենք Յորդանանի անդիի կողմը անոնց հետ ժառանգութիւն պիտի չառնենք. վասն զի մեր ժառանգութիւնը Յորդանանի ասդիի կողմը՝ դէպի արեւելք ինկած է»։
20 Մովսէս ըսաւ անոնց. «Եթէ այսպէս ընէք ու Տէրոջը առջեւ պատերազմի համար վրանիդ զէնք առնէք
21 Եւ Տէրոջը առջեւ դուք ամէնքդ ալ զէնքերով Յորդանանէն անցնիք, մինչեւ որ անիկա իր թշնամիները իր առջեւէն վռնտէ,
22 Եւ այն երկիրը Տէրոջմէ նուաճուի, անկէ յետոյ երբ ետ դառնաք, Տէրոջը առջեւ ու Իսրայէլի առջեւ անմեղ կ’ըլլաք. այն ատեն այս երկիրը Տէրոջը առջեւ ձեզի կալուածք պիտի ըլլայ։
23 Բայց եթէ այսպէս չընէք, ահա Տէրոջը դէմ մեղք գործած պիտի ըլլաք ու գիտցէք թէ ձեր մեղքը ձեզ պիտի գտնէ։
24 Արդ ձեր ընտանիքներուն համար քաղաքներ ու ձեր հօտերուն համար փարախներ շինեցէք, բայց ձեր խոստումը կատարեցէք»։
25 Եւ Գադին որդիները եւ Ռուբէնին որդիները խօսեցան Մովսէսին՝ ըսելով. «Ծառաներդ մեր տիրոջը պատուիրածին պէս պիտի ընենք։
26 Մեր զաւակները, մեր կիները, մեր հօտերն ու մեր բոլոր անասունները հոս Գաղաադի քաղաքներուն մէջ թող մնան.
27 Բայց ծառաներդ մեր տիրոջը ըսածին պէս՝ ամէնքս ալ գունդ գունդ պիտի պատրաստուինք ու Տէրոջը առջեւէն անցնինք պատերազմի համար»։
28 Այն ատեն Մովսէս Եղիազար քահանային ու Նաւէին որդիին Յեսուին եւ Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն նահապետական իշխաններուն այս պատուէրը տուաւ անոնց վրայով
29 Եւ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Եթէ Գադին որդիները եւ Ռուբէնին որդիները Տէրոջը առջեւ ամէնքն ալ պատերազմի համար պատրաստուած՝ ձեզի հետ Յորդանանէն անցնին ու այն երկիրը ձեր առջեւ նուաճուի, այն ատեն Գաղաադի երկիրը անոնց կալուածք պէտք է տաք.
30 Բայց եթէ պատրաստուած ձեզի հետ չանցնին, անոնց կալուածքն ալ Քանանի երկրին մէջ պիտի ըլլայ»։
31 Իսկ Գադին որդիները եւ Ռուբէնին որդիները պատասխան տուին ու ըսին. «Տէրը քու ծառաներուդ ի՛նչպէս պատուիրեց՝ այնպէս պիտի ընենք։
32 Մենք զէնքերնիս առած՝ Տէրոջը առջեւէն Քանանի երկիրը պիտի անցնինք, որպէս զի մեր ժառանգելիք կալուածքը Յորդանանի ասդիի կողմը ըլլայ»։
33 Ուստի Մովսէս անոնց, այսինքն Գադին որդիներուն եւ Ռուբէնին որդիներուն եւ Յովսէփեան Մանասէին կէս ցեղին, տուաւ Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին թագաւորութիւնը ու Բասանի Ովգ թագաւորին թագաւորութիւնը, երկիրը իր քաղաքներովը ու երկրին քաղաքներուն բոլորտիքը եղած սահմաններովը։
34 Գադին որդիները պարսպապատ քաղաքներ շինեցին՝ այսինքն Դեբոնը, Ատարովթն ու Արոէրը
35 Եւ Ատրօթ–Սովփանը, Յազերն ու Յօգբէհան
36 Եւ Բեթնամրան ու Բեթարանը եւ հօտերու փարախներ ալ շինեցին։
37 Ռուբէնին որդիներն ալ Եսեբոնը, Եղէաղէն ու Կարիաթեմը շինեցին
38 Ու Նաբաւը եւ Բէէլմօնը, (որոնց անունները փոխեցին,) ու Սեբաման ու իրենց շինած քաղաքներուն իրենց անունները* դրին։
39 Եւ Մանասեան Մաքիրին որդիները Գաղաադ գացին ու առին զանիկա եւ անոր մէջ բնակող Ամօրհացիները վռնտեցին։
40 Մովսէս Գաղաադը տուաւ Մանասեան Մաքիրին, որ հոն բնակեցաւ։
41 Ու Մանասեան Յայիր գնաց անոնց գիւղաքաղաքները առաւ ու զանոնք Հաւօթ–Յայիր* անուանեց։
42 Եւ Նոբահ գնաց ու Կանաթը ու անոր գիւղերը առաւ եւ զանիկա իր անունովը Նոբահ կոչեց։