ԹՈՒՈՑ 33։1-56
33 Մովսէսին ու Ահարոնին միջոցով Եգիպտոսի երկրէն իրենց զօրքերովը ելլող Իսրայէլի որդիներուն իջեւանները ասոնք են։
2 Եւ Մովսէս Տէրոջը հրամանովը անոնց իջեւաններուն համեմատ անոնց գնացքները գրեց ու անոնց գնացքներուն համեմատ անոնց իջեւանները ասոնք են։
3 Առաջին ամսուան մէջ, այսինքն առաջին ամսուան տասնըհինգերորդ օրը, Ռամսէսէն չուեցին. զատկին հետեւեալ օրը Իսրայէլի որդիները յաղթականօրէն ելան բոլոր Եգիպտացիներուն աչքին առջեւ,
4 Երբ Եգիպտացիները իրենց մեռելները կը թաղէին, քանզի Տէրը անոնց բոլոր անդրանիկները ջարդեց եւ Տէրը անոնց աստուածներուն վրայ դատաստան ըրաւ։
5 Եւ Իսրայէլի որդիները Ռամսէսէն չուելով՝ Սոկքովթ իջեւան ըրին։
6 Ու Սոկքովթէն չուելով՝ անապատին ծայրը եղած Ոթոմը իջեւան ըրին։
7 Եւ Ոթոմէն չուելով դէպի Փիաիրօթ դարձան, որ Բէեղսեփոնին դէմն է ու Մագդողին առջեւ իջեւան ըրին։
8 Եւ Փիաիրօթի առջեւէն չուելով ու ծովուն մէջէն անցնելով՝ անապատը եկան եւ Ոթոմին անապատին մէջ երեք օրուայ ճամբայ քալելով Մեռա իջեւան ըրին։
9 Եւ Մեռայէն չուելով՝ Եղիմ եկան ու Եղիմի մէջ տասներկու ջուրի աղբիւր ու եօթանասուն արմաւենի կային ու հոն իջեւան ըրին։
10 Եւ Եղիմէն չուելով Կարմիր ծովուն քով իջեւան ըրին։
11 Եւ Կարմիր ծովէն չուելով՝ Սին անապատը իջեւան ըրին։
12 Եւ Սին անապատէն չուելով՝ Դափկա իջեւան ըրին։
13 Եւ Դափկայէն չուելով Եղուս իջեւան ըրին։
14 Եւ Եղուսէն չուելով Ռափիդիմ իջեւան ըրին ու հոն ժողովուրդին համար խմելու ջուր չկար։
15 Եւ Ռափիդիմէն չուելով Սինայի անապատը իջեւան ըրին։
16 Ու Սինայի անապատէն չուելով Կիբրօթ–Հաթթավա իջեւան ըրին։
17 Եւ Կիբրօթ–Հաթթավայէն չուելով Ասերովթ իջեւան ըրին։
18 Ու Ասերովթէն չուելով Ռաթամա իջեւան ըրին։
19 Եւ Ռաթամայէն չուելով Ռեմօն–Փարէս իջեւան ըրին։
20 Ու Ռեմօն–Փարէսէն չուելով Լեբնա իջեւան ըրին։
21 Եւ Լեբնայէն չուելով Ռէսսա իջեւան ըրին։
22 Ու Ռէսսայէն չուելով Կէէլաթա իջեւան ըրին։
23 Եւ Կէէլաթայէն չուելով Սօփար լեռը իջեւան ըրին։
24 Ու Սօփար լեռնէն չուելով Քարադա իջեւան ըրին։
25 Եւ Քարադայէն չուելով Մակեղօթ իջեւան ըրին։
26 Եւ Մակեղօթէն չուելով Թաաթ իջեւան ըրին։
27 Եւ Թաաթէն չուելով Թարա իջեւան ըրին։
28 Ու Թարայէն չուելով Մատեկա իջեւան ըրին։
29 Եւ Մատեկայէն չուելով Հասմօնա իջեւան ըրին։
30 Ու Հասմօնայէն չուելով Մօսերօթ իջեւան ըրին։
31 Եւ Մօսերօթէն չուելով Բանէ–Յական իջեւան ըրին։
32 Ու Բանէ–Յականէն չուելով Հօրգադգադ իջեւան ըրին։
33 Ու Հօրգադգադէն չուելով Ետեբաթա իջեւան ըրին։
34 Ու Ետեբաթայէն չուելով Եբրօնա իջեւան ըրին։
35 Ու Եբրօնայէն չուելով Գասիոն–Գաբեր իջեւան ըրին։
36 Եւ Գասիոն–Գաբերէն չուելով Սին անապատը, այսինքն Կադէս իջեւան ըրին։
37 Եւ Կադէսէն չուելով Հովր լեռը իջեւան ըրին, որ Եդովմի երկրին ծայրն է։
38 Ու Ահարոն քահանան Տէրոջը հրամանովը Հովր լեռը ելաւ եւ հոն մեռաւ, Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն քառասուներորդ տարուան հինգերորդ ամսուան առաջին օրը։
39 Եւ Ահարոն Հովր լերանը վրայ մեռած ատեն հարիւր քսանըերեք տարեկան էր։
40 Եւ Քանանի երկրին հարաւային կողմը բնակող Արադի Քանանիս* թագաւորը Իսրայէլի որդիներուն գալը լսեց։
41 Եւ Հովր լեռնէն չուելով Սելմօնա իջեւան ըրին։
42 Ու Սելմօնայէն չուելով Փունոն իջեւան ըրին։
43 Ու Փունոնէն չուելով՝ Ոբովթ իջեւան ըրին։
44 Եւ Ոբովթէն չուելով Մովաբի սահմանին մէջ եղող Իյէ–Աբարիմ իջեւան ըրին։
45 Եւ Իյէ–Աբարիմէն չուելով Դեբոն–Գադ իջեւան ըրին։
46 Ու Դեբոն–Գադէն չուելով Գելմոն–Դէբլաթէմ իջեւան ըրին։
47 Ու Գելմոն–Դէբլաթէմէն չուելով Նաբաւի առջեւ Աբարիմի լեռները իջեւան ըրին։
48 Եւ Աբարիմի լեռներէն չուելով Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ՝ Մովաբի դաշտերուն մէջ իջեւան ըրին։
49 Ուստի անոնք Յորդանանի մօտ Մովաբի դաշտերուն մէջ իջեւան ըրին՝ Բեթեսիմօթէն մինչեւ Աբէլսատիմ։
ՊԱՏՈՒԷՐՆԵՐ ՅՈՐԴԱՆԱՆԷՆ ԱՆՑՆԵԼԷ ԱՌԱՋ
50 Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
51 «Իսրայէլի որդիներուն խօսէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Երբ Յորդանանէն Քանանացիներուն երկիրը անցնինք,
52 Այն երկրին բոլոր բնակիչները ձեր առջեւէն վռնտեցէք ու անոնց բոլոր պատկերաւոր կոթողները կործանեցէք եւ անոնց բոլոր թափծու կուռքերը կործանեցէք ու անոնց բոլոր բարձր տեղերը փլցուցէք։
53 Եւ այն երկիրը ձեր իշխանութեանը տակ անցընելով՝ անոր մէջ բնակեցէք, քանզի այն երկիրը ձեզի տուի, որպէս ժառանգ։
54 Եւ այն երկիրը վիճակով պէտք է ժառանգէք ձեր տոհմերուն համեմատ. շատուոր եղողին շատ ժառանգութիւն պիտի տաք ու քիչուոր եղողին քիչ ժառանգութիւն պիտի տաք. տեղի մը վիճակը, որու որ ելլէ, կալուածքը անոր ըլլայ. ձեր հայրերուն սերունդներուն համեմատ պէտք է ժառանգէք։
55 Բայց եթէ այն երկրին բնակիչները ձեր առջեւէն չվռնտէք, այն ատեն անոնցմէ ով որ ողջ թողուցած էք, ձեր աչքերուն փուշ ու ձեր կողերուն տատասկ պիտի ըլլան ու ձեր բնակած երկրին մէջ ձեզի թշնամութիւն պիտի ընեն։
56 Եւ ինչ որ մտածեր էի անոնց ընել, նոյնը պիտի ընեմ ձեզի։
Ստորանիշներ
^ 33։40 Կամ, Քանանացի