ԹՈՒՈՑ 4։1-49

4  Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով.  «Ղեւիի որդիներէն Կահաթի որդիներուն մարդահամարը առ, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ։  Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը, վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար գունդին մէջ մտնողը համրէ։  Վկայութեան խորանին մէջ Կահաթի որդիներուն պաշտօնը սուրբ բաներն են։  Եւ երբ բանակը չուելու ըլլայ, Ահարոնն ու անոր որդիները թող գան ու ծածկոցին վարագոյրը իջեցնեն եւ անով վկայութեան տապանակը ծածկեն։  Եւ թէհաշի մորթերէ ծածկոցը անոր վրայ դնեն ու անոր վրայ բոլորովին կապուտակ կաթ մը տարածեն եւ անոր ձողերը անցընեն։  Եւ առաջաւորութեան սեղանին վրայ կապուտակ լաթ մը թող տարածեն ու անոր վրայ թող դնեն սկուտեղները եւ խնկամաններն ու գաւաթները եւ ըմպելիքի նուէր մատուցանելու բաժակները ու ամէն օրուան հացերն ալ անոր վրայ պէտք է ըլլան  Եւ անոնց վրայ կրկնակի կարմիրէ լաթ մը թող տարածեն ու թէհաշի մորթերէ ծածկոցով ծածկեն զայն եւ անոր ձողերը անցընեն։  Եւ կապուտակէ լաթ մը առնեն ու ծածկեն լոյսի աշտանակը եւ անոր ճրագներն ու անոր ունելիները եւ բազմակալներն ու անոր բոլոր իւղի ամանները, որոնցմով կը մատակարարեն։ 10  Եւ զանիկա իր բոլոր գործիքներովը թէհաշի մորթերէ ծածկոցի մը մէջ, լծակի մը վրայ թող դնեն զայն։ 11  Եւ ոսկի սեղանին վրայ կապուտակ լաթ մը տարածեն ու թէհաշի մորթերէ ծածկոցով մը ծածկեն զայն եւ անոր ձողերը անցընեն։ 12  Եւ սրբարանին պաշտամունքին գործածուած բոլոր գործիքները պէտք է առնեն ու կապուտակ լաթի մը մէջ փաթթեն եւ թէհաշի մորթերէ ծածկոցով ծածկեն զանիկա ու լծակի մը վրայ դնեն։ 13  Եւ ողջակէզի սեղանէն մոխիրները հանելով՝ անոր վրայ ծիրանեգոյն լաթ մը թող տարածեն 14  Եւ անոր վրայ պաշտամունքին համար գործածուած բոլոր գործիքները, այսինքն կրակի ամանները, մսահանները, թիակները եւ կոնքերը (սեղանին բոլոր գործիքները) այն լաթին վրայ դնեն ու անոր վրայ թէհաշի մորթերէ ծածկոց մը տարածեն եւ անոր ձողերը անցընեն։ 15  Եւ Ահարոն ու անոր որդիները բանակին չուած ատենը՝ սրբարանն ու սրբարանին բոլոր կարասիները ծածկելը թող լմնցնեն ու ետքը Կահաթի որդիները թող գան զանոնք վերցնեն. բայց սուրբ բաներու չդպչին, որպէս զի չմեռնին»։ Ասոնք են վկայութեան խորանին մէջի գոյքերը, որ Կահաթի որդիները պիտի կրեն։ 16  Ահարոն քահանային որդին Եղիազարը լոյսի իւղին ու անուշահոտ խունկին եւ ամէն օրուան հացի ընծային ու օծման իւղին վրայ վերակացու պիտի ըլլայ եւ բոլոր խորանին ու անոր մէջի բոլոր բաներուն, սրբարանին ու անոր կարասիներուն վրայ վերակացու ըլլայ»։ 17  Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. 18  «Ղեւտացիներուն մէջէն Կահաթեաններուն տոհմերուն ցեղը մի՛ կորսնցնէք. 19  Բայց անոնց հետ այնպէս վարուեցէք, որ սուրբ բաներուն մօտեցած ատեննին ողջ մնան ու չմեռնին։ Ահարոն ու իր որդիները թող գան ու անոնցմէ իւրաքանչիւրին պաշտօնն ու գործը որոշեն։ 20  Բայց երբ սուրբ բաները կը ծածկեն, անոնք տեսնելու համար թող ներս չմտնեն, որպէս զի չմեռնին»։ ՂԵՒԻԻ ՈՐԴԻՆԵՐԷՆ ԳԵՐՍՈՆԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ 21  Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 22  «Գերսոնին որդիներուն մարդահամարն ալ առ, իրենց հայրերուն տուներուն ու իրենց տոհմերուն համեմատ։ 23  Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը համրէ, բոլոր անոնք որ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար կրնան մտնել։ 24  Գերսոնեաններուն տոհմերուն ծառայելու ու բեռ վերցնելու պաշտօնը այս է. 25  Անոնք պիտի վերցնեն խորանին վարագոյրները ու վկայութեան խորանը, անոր ծածկոցն ու անոր վրայի թէհաշի ծածկոցը եւ վկայութեան խորանին դրանը վարագոյրը 26  Եւ խորանին ու սեղանին բոլորտիքը եղած սրահին վարագոյրներն ու սրահը մտնելու դրան վարագոյրն ու անոնց չուանները եւ անոնց պաշտամունքին բոլոր գործիքները պիտի վերցնեն ու ասոնց հարկաւոր եղած բոլոր սպասաւորութիւնները պիտի ընեն։ 27  Գերսոնեաններուն որդիներուն բոլոր պաշտօնը, իրենց բոլոր բեռներուն ու իրենց բոլոր պաշտօններուն համար՝ Ահարոնին ու անոր որդիներուն հրամանովը պիտի ըլլայ։ Անոնց բոլոր բեռները իրենց պահպանութեանը պէտք է յանձնէք»։ 28  Գերսոնեաններուն որդիներուն տոհմերուն պաշտօնը այս է վկայութեան խորանին մէջ։ Անոնց պահպանութիւնը Ահարոն քահանային որդիին Իթամարին ձեռքին տակ պիտի ըլլայ։ ՂԵՒԻԻ ՈՐԴԻՆԵՐԷՆ ՄԵՐԱՐԻԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ 29  Մերարիին որդիներն ալ համրէ, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ. 30  Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը։ Անոնք որ վկայութեան խորանին ծառայութիւն ընելու համար կրնան մտնել՝ համրէ՛։ 31  Եւ վկայութեան խորանին մէջ անոնց բոլոր պաշտօններուն համեմատ՝ անոնց յանձնուած բեռները ասոնք են՝ խորանին տախտակներն ու անոր նիգերը եւ անոր սիւները եւ խարիսխները 32  Եւ շուրջանակի սրահին սիւներն ու անոնց խարիսխները եւ ցիցերն ու չուանները՝ անոնց բոլոր գործիքներովը։ Անոնց բոլոր պաշտօնը, անոնց պահպանութեան բեռները եւ գործիքները անուններովը պիտի յանձնէք իրենց։ 33  Այս է Մերարիին որդիներուն տոհմերուն պաշտօնը վկայութեան խորանին մէջ, իրենց բոլոր պաշտօններուն համեմատ՝ Ահարոն քահանային որդիին Իթամարին ձեռքին տակ»։ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐԸ 34  Մովսէս ու Ահարոն ժողովուրդին իշխանները համրեցին Կահաթեաններուն որդիները անոնց տոհմերուն ու անոնց հայրերուն տուներուն համեմատ։ 35  Երեսուն տարեկանէն մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու կարողները 36  Ու անոնց համրուածները իրենց տոհմերովը երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն հոգի էին։ 37  Ասոնք են վկայութեան խորանին բոլոր ծառայութիւնը ընող Կահաթեաններուն տոհմերուն համրուածները, որոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին, ինչպէս Տէրը Մովսէսին միջոցով պատուիրեր էր։ 38  Գերսոնին որդիներուն համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, 39  Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու կարողները համրուեցան։ 40  Անոնց համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ երկու հազար վեց հարիւր երեսուն հոգի էին։ 41  Ասոնք են վկայութեան խորանին մէջ բոլոր ծառայութիւն ընող Գերսոնի որդիներուն տոհմերէն համրուածները, որոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին Տէրոջը պատուիրածին պէս։ 42  Մերարիին որդիներուն տոհմերուն համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, 43  Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու կարողները համրուեցան։ 44  Եւ անոնց համրուածները իրենց տոհմերովը երեք հազար երկու հարիւր հոգի էին։ 45  Ասոնք են Մերարիին որդիներուն տոհմերուն համրուածները, որոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր Մովսէսին։ 46  Ղեւտացիներուն բոլոր համրուածները՝ որոնք Մովսէս ու Ահարոն եւ Իսրայէլի իշխանները համրեցին իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, 47  Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ պաշտօն ու բեռ կրելու ծառայութիւնը ընելու բոլոր կարողները, 48  Այսինքն անոնց համրուածները ութ հազար հինգ հարիւր ութսուն հոգի էին։ 49  Անոնք Տէրոջը պատուիրածին պէս համրուեցան Մովսէսին ձեռքով, ամէն մէկը իր պաշտօնին ու բեռին նայելով. այսպէս համրուեցան անոնք, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր Մովսէսին։

Ստորանիշներ