ԹՈՒՈՑ 5։1-31

5  Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.  «Հրաման ըրէ Իսրայէլի որդիներուն, որ բանակէն դուրս ձգեն ամէն բորոտ եւ ամէն ծորում ունեցող եւ մեռելի մը դպչելով անմաքուր եղողը։  Արուն ալ էգն ալ դուրս ձգեցէք. բանակէն դուրս պէտք է ձգէք զանոնք, որպէս զի չպղծեն իրենց բանակները՝ որոնց մէջտեղը ես կը բնակիմ»։  Եւ Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին ու բանակէն դուրս ձգեցին զանոնք։ Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց, այնպէս ըրին Իսրայէլի որդիները։ ՍԽԱԼՆԵՐՈՒ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ  Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.  «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, Երբ մարդ մը կամ կին մը մարդոց բոլոր մեղքերէն մէկը գործելով՝ Տէրոջը դէմ մեղանչէ, այդ անձը յանցաւոր կ’ըլլայ,  Այն ատեն իր ըրած մեղքը պէտք է խոստովանի եւ անիկա իր ըրած վնասը լման պէտք է հատուցանէ ու անոր վրայ մէկ հինգերորդը աւելցնէ ու վնասը քաշողին տայ։  Եւ եթէ այն վնաս քաշող մարդը ոեւէ ազգական չունենայ, որուն այդ վնասը հատուցուի, այն ատեն եղած վնասը Տէրոջը հատուցուելով, քահանային պէտք է ըլլայ բացի քաւութեան խոյէն, որով այն յանցաւոր մարդուն համար քաւութիւն պիտի ըլլայ։  Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր սուրբ բաները եւ ամէն ընծայ որ կը բերեն քահանային, անոր պէտք է ըլլայ։ 10  Եւ ոեւէ մարդու սուրբ բաները անոր պէտք է ըլլան։ Ամէն մարդ ինչ որ տայ քահանային, անորը պիտի ըլլայ»։ ԿԱՍԿԱԾՈՏ ԱՄՈՒՍԻՆՆԵՐՈՒ ԿԻՆԵՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ 11  Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 12  «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Եթէ մարդու մը կինը խոտորի ու անոր անհաւատարմութիւն ընէ 13  Եւ մէկը անոր հետ պառկելով զուգաւորուի ու անոր այրը տեսած չըլլալով բանը գաղտուկ մնայ եւ անոր պղծուած ատենը տեսնող մը չըլլայ ու կինդ չբռնուի 14  Եւ էրկանը մէջ կասկած արթննալով՝ իր կնոջ պղծուելուն համար կասկածի, կամ կինը պղծուած չըլլալով էրկանը մէջ կասկած արթննայ ու կասկածի, 15  Այն ատեն այն մարդը իր կինը քահանային պէտք է բերէ եւ անոր իբր ընծայ գարիի ալիւրէն արդուին մէկ տասներորդ բաժինը պէտք է բերէ. իւղ պէտք չէ թափէ անոր վրայ, ո՛չ ալ կնդրուկ դնէ վրան, վասն զի կասկածամտութեան ընծայ մըն է ան, յիշատակի ընծայ, որ մեղքը կը յիշատակէ։ 16  Քահանան կինը թող մօտեցնէ ու Տէրոջը առջեւ կանգնեցնէ։ 17  Եւ քահանան հողէ ամանով սուրբ ջուր թող առնէ ու քահանան խորանին յատակը եղած հողէն առնէ եւ ջուրին մէջ դնէ։ 18  Քահանան Տէրոջը առջեւ թող կանգնեցնէ կինը ու կնոջ գլուխը բանայ եւ յիշատակի ընծան, այսինքն կասկածամտութեան ընծան, անոր ձեռքը տայ ու անէծքին լեղի ջուրը քահանան իր ձեռքը պէտք է ունենայ։ 19  Քահանան անոր թող երդում ընել տայ ու ըսէ կնոջը. ‘Եթէ մարդ մը քեզի հետ չպառկեցաւ եւ եթէ քու էրկանդ անհաւատարմութիւն ընելով չպղծուեցար, անէծքին այս լեղի ջուրը քեզի վնաս մը թող չընէ. 20  Բայց եթէ քու էրկանդ անհաւատարմութիւն ընելով պղծուեցար եւ քու այրէդ զատ ուրիշ մարդ մը քեզի հետ պառկեցաւ, 21  (Այն ատեն քահանան կնոջ անէծքի երդում ընել պիտի տայ եւ քահանան կնոջ պիտի ըսէ,) Տէրը քեզ քու ժողովուրդիդ մէջտեղը անէծքի ու երդումի համար թող դնէ, երբ Տէրը քու զիստդ փտեցնէ ու քու փորդ ուռեցնէ 22  Եւ այս անէծքին ջուրը քու աղիքներուդ մէջ թող երթայ, որպէս զի քու փորդ ուռեցնէ ու քու զիստդ փտեցնէ’։ Եւ կինը թող ըսէ. ‘Ամէն, ամէն’։ 23  Եւ քահանան այս անէծքները գրքի մը մէջ թող գրէ ու այդ լեղի ջրովը թող աւրէ։ 24  Եւ անէծքին լեղի ջուրը այն կնոջ թող խմցնէ ու անէծքին ջուրը անոր ներսիդին պիտի երթայ եւ ցաւեր յառաջացնէ։ 25  Եւ քահանան կնոջ ձեռքէն կասկածամտութեան ընծան թող առնէ ու Տէրոջը առջեւ երերցնէ եւ սեղանին մօտեցնէ զայն։ 26  Եւ քահանան ընծայէն իր ձեռքը թող առնէ յիշատակի համար ու սեղանին վրայ այրէ զայն ու ետքը այն ջուրը կնոջ թող խմցնէ։ 27  Եւ ջուրը անոր խմցնելէն յետոյ՝ եթէ անիկա պղծուած ու իր էրկանը անհաւատարմութիւն ըրած է, անէծքին ջուրը լեղի ըլլալով՝ երբ մտնէ անոր ներսիդին, անոր փորը պիտի ուռի ու անոր զիստը փտի՝ կինը իր ժողովուրդին մէջ անիծեալ թող ըլլայ։ 28  Իսկ եթէ կինը պղծուած չըլլալով մաքուր է, վնաս պիտի չկրէ ու զաւակ պիտի ծնանի։ 29  Կասկածամտութեան օրէնքը այս է, երբ կին մը իր էրկանը անհաւատարմութիւն ընելով պղծուի, 30  Կամ երբ մարդու մը մէջ կասկածամտութեան ոգի գայ ու կնոջ վրայ կասկածի, Տէրոջը առջեւ պիտի կանգնեցնէ կինը եւ քահանան կատարէ այս բոլորը անոր վրայ 31  Եւ այն մարդը ազատ պիտի ըլլայ յանցանքէն, բայց կինը իր յանցանքը պիտի կրէ»։

Ստորանիշներ