ԺՈՂՈՎՈՂԻ 3։1-22

3  Ամէն բանի ատենը կայՈւ երկնքի տակ եղող ամէն գործի*՝ ժամանակը։   Ծնանելու ժամանակ եւ մեռնելու ժամանակ,Տնկելու ժամանակ ու տնկուածը խլելու ժամանակ,   Մեռցնելու ժամանակ եւ բժշկելու ժամանակ,Փլցնելու ժամանակ ու շինելու ժամանակ,   Լալու ժամանակ եւ ծիծաղելու ժամանակ,Սուգ ընելու ժամանակ ու կաքաւելու ժամանակ,   Քարեր դուրս նետելու ժամանակ ու քարեր հաւաքելու ժամանակ,Գրկելու ժամանակ ու գրկէ հեռացնելու ժամանակ,   Փնտռելու ժամանակ եւ կորսնցնելու ժամանակ,   Պատռելու ժամանակ եւ կարելու ժամանակ,Լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ,   Սիրելու ժամանակ եւ ատելու ժամանակ,Պատերազմի ժամանակ ու խաղաղութեան ժամանակ։   Աշխատողին՝ իր կատարած աշխատանքէնԻ՞նչ օգուտ կայ։ 10  Տեսայ այն զբաղումը, որ Աստուած մարդոց որդիներուն տուաւ,Որպէս զի անով զբաղին։ 11  Անիկա ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւԵւ մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ.Բայց Աստուծոյ ըրած գործըՄարդ չի կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ։ 12  Այս գիտեմ, որ ուրախ ըլլալէՈւ կենդանութեան ատեն աղէկութիւն ընելէ զատ,Ուրիշ աղէկ բան չկայ անոնց մէջ։ 13  Նաեւ ամէն մարդու ուտելն ու խմելըԵւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելըԱստուծոյ պարգեւն է։ 14  Գիտեմ թէ Աստուծոյ ամէն ըրածը յաւիտեան պիտի մնայ.Անոր վրայ բան մը աւելցնել կամ անկէ պակսեցնել կարելի չէ։Աստուած անիկա ըրաւ, որպէս զի իր երեսէն վախնան։ 15  Ինչ որ եղած է, հիմա ալ կայՈւ ինչ որ պիտի ըլլայ՝ արդէն եղած է։Աստուած անցածը կը փնտռէ։ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ 16  Ու նաեւ արեւուն տակ տեսայ, թէ բարեպաշտութեան տեղ՝ ամբարշտութիւնԵւ արդարութեան տեղ անօրէնութիւն կայ։ 17  Ես իմ սրտիս մէջ ըսի թէ՝ Աստուած պիտի դատէ արդարն ու ամբարիշտը,Վասն զի ամէն դիտաւորութիւն ու ամէն գործ իր ժամանակը ունի։ 18  Ես իմ սրտիս մէջ ըսի՝Մարդոց որդիներուն վիճակին վրայով՝Թէ Աստուած զանոնք պիտի փորձէՈւ պիտի տեսնեն թէ իրենք անասուններ են։ 19  Վասն զի մարդոց որդիներուն պատահածըԵւ անասուններուն պատահածը նոյնն են։Մէկը ինչպէս կը մեռնի, միւսն ալ այնպէս կը մեռնի։Ամենուն շունչը նոյնն է։Մարդը անասունէն աւելի բան մը չունի,Վասն զի ամէն բան ունայնութիւն է։ 20  Ամէնքը նոյն տեղը կ’երթան։Ամէն բան հողէն եղաւ ու ամէն բան հող պիտի դառնայ։ 21  Ո՞վ գիտէ թէ մարդոց որդիներուն հոգիները վեր կ’ելլեն,Բայց անասուններուն ոգիները գետինը կ’իջնեն։ 22  Տեսայ թէ մարդս իր գործերովը ուրախ ըլլալէ զատՈւրիշ աղէկութիւն մը չունի,Քանզի անոր բաժինը այն է։Ո՞վ պիտի տանի զանիկա, որ տեսնէԹէ՝ իրմէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։

Ստորանիշներ

3։1 Կամ, դիտաւորութեան