ԺՈՂՈՎՈՂԻ 8։1-17
8 Իմաստունին պէս ո՞վ կայՈւ խօսքի մեկնութիւնը ո՞վ գիտէ։Մարդուն իմաստութիւնը անոր երեսը կը փայլեցնէՈւ երեսին պնդութիւնը կը փոխուի։
ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴԻԼ
2 Թագաւորին հրամանը կատարէԱստուծոյ ուխտին համաձայն։
3 Անոր առջեւէն ելլելու մի՛ արտորար,Չար գործի մէջ մի՛ կենար,Վասն զի անիկա ինչ որ ուզէ՝ կ’ընէ։
4 Ուր որ թագաւորին խօսքը կայ, հոն իշխանութիւն կայ.Ու ո՞վ կրնայ անոր ըսել՝ «Ի՞նչ կ’ընես»։
5 Պատուիրանքը պահողը չարիքի չի հանդիպիրԵւ իմաստունին միտքը ժամանակն ու ճամբան գիտէ։
6 Վասն զի ամէն դիտաւորութիւն իր ժամանակն ու յարմարութիւնը ունի,Քանզի մարդուն վրայ շատ նեղութիւն կու գայ։
7 Վասն զի անիկա ըլլալիքը չի գիտերԵւ ո՞վ պիտի յայտնէ անոր թէ ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։
8 Հոգիին վրայ իշխող մարդ չկայ, որ հոգին արգիլէ։Մահուան օրուանը վրայ տիրող չկայ.Պատերազմին մէջ արձակում* չկայՈւ ամբարշտութիւնը իրեն հետեւողները չ’ազատեր։
ԱՄԲԱՐԻՇՏՆ ՈՒ ԱՐԴԱՐԸ
9 Ասոնց ամէնքը տեսայՈւ արեւուն տակ եղող ամէն գործի իմ սիրտս տուի։Ատեն կայ, երբ մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէԻրեն թշուառութեան համար։
10 Տեսայ ամբարիշտներ,Որոնք թաղուեցան գացին ու սուրբ տեղէն ելանԵւ մոռցուեցան այն քաղաքին մէջ, ուր այսպէս բաներ ըրին։Այս ալ ունայնութիւն է։
11 Որովհետեւ գէշ գործին վրայ վճիռը շուտով չի կատարուիր,Այս պատճառով մարդոց որդիներուն սիրտըՉարութիւն ընելու փափաքով լեցուած է։
12 Թէեւ մեղաւորը հարիւր անգամ չարութիւն ընէՈւ անոր կեանքը երկննայ ալ,Ամէն պարագայի ստոյգ գիտեմ թէ բարութիւնը՝Աստուծմէ վախցողներուն, անոր երեսէն վախցողներուն պիտի ըլլայ,
13 Բայց ամբարշտին բարութիւն պիտի չըլլայ։Անիկա իր օրերը պիտի չերկնցնէ, հապա ստուերի պէս պիտի ըլլայ.Վասն զի Աստուծոյ երեսէն չի վախնար։
14 Ունայնութիւն մը կայ, որ աշխարհիս վրայ կ’ըլլայ,Այսինքն արդարներ կան, որոնց ամբարիշտներուն գործին պէս կը պատահիՈւ ամբարիշտներ ալ կան, որոնց արդարներուն գործին պէս կը պատահի։Ըսի թէ՝ «Այս ալ ունայնութիւն է»։
15 Ես ուրախութիւնը գովեցի,Վասն զի մարդ արեւուն տակՈւտելէ, խմելէ եւ ուրախութիւն ընելէ զատԱղէկ բան մը չունի։Վասն զի արեւուն տակ Աստուծոյ տուած կեանքին օրերուն մէջԻր աշխատանքէն ասիկա կը մնայ իրեն։
16 Երբ ես իմ սիրտս տուի իմաստութիւնը գիտնալուՈւ երկրի վրայ եղած զբաղումները տեսնելու(Վասն զի թէ՛ ցորեկ եւ թէ՛ գիշերԻր աչքը քուն չտեսնող մարդ կայ)։
17 Այն ատեն Աստուծոյ բոլոր գործերէն հասկցայ,Թէ մարդ չի կրնար գտնել այն գործը, որ արեւուն տակ կ’ըլլայ.Վասն զի մարդ կ’աշխատի փնտռելու, բայց չի գտներՈւ թէեւ իմաստունն ալ «Գիտեմ» ըսէ՝ գտնելու կարող չ’ըլլար։
Ստորանիշներ
^ 8։8 Կամ, զինադադար