ԾՆՆԴՈՑ 13։1-18
13 Եւ Աբրամ իր կնոջ հետ ու իր բոլոր ունեցածներով Եգիպտոսէն դէպի Քանանի հարաւակողմը գնաց ու Ղովտ ալ իրեն հետ։
2 Աբրամ շատ հարուստ էր անասուններով, արծաթով ու ոսկիով։
3 Եւ իր առաջին իջեւանած տեղէն գնաց հարաւային կողմը, մինչեւ Բեթէլ, այն տեղը ուր էր առաջ իր վրանը, Բեթէլի ու Գայիի մէջտեղ,
4 Այն սեղանին տեղը, որ առաջ շիներ էր։ Աբրամ Տէրոջը անունը կանչեց։
5 Եւ Աբրամին հետ գացող Ղովտն ալ ոչխարներ ու արջառներ ու վրաններ ունէր։
6 Այն երկիրը բաւական չէր անոնց, որ մէկտեղ բնակին. քանզի անոնց ստացուածքը շատ ըլլալով՝ չէին կրնար մէկտեղ բնակիլ։
7 Աբրամին անասուններուն հովիւներուն ու Ղովտի անասուններուն հովիւներուն միջեւ վէճ կ’ըլլար։ Նոյն ատեն Քանանացիներ ու Փերեզացիներ ալ կը բնակէին այդ երկրին մէջ։
8 Աբրամ ըսաւ Ղովտին. «Կ’աղաչեմ քեզի, իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ հովիւներուս ու քու հովիւներուդ մէջտեղ վէճ թող չըլլայ, վասն զի մենք եղբայր ենք։
9 Բոլոր երկիրը քու առջեւդ չէ՞. կ’աղաչեմ, զատուէ ինձմէ. եթէ դուն ձախ կողմը երթաս, ես աջ կողմը կ’երթամ եւ եթէ աջ կողմը երթաս, ես ձախ կողմը կ’երթամ»։
10 Ղովտ աչքերը վեր վերցուց ու Յորդանանի ամէն կողմը նայեցաւ եւ տեսաւ որ ամէն տեղ ջրարբի էր, Տէրը Սոդոմը ու Գոմորը կորսնցնելէն առաջ մինչեւ Սեգովր Տէրոջը դրախտին կամ Եգիպտոսի երկրին պէս էր։
11 Եւ Ղովտ իրեն համար Յորդանանի հովիտը ընտրեց ու դէպի արեւելք չուեց եւ իրարմէ զատուեցան։
12 Աբրամ Քանանի երկրին մէջ բնակեցաւ, Ղովտն ալ դաշտի քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ ու իր վրանը Սոդոմի քով բացաւ։
13 Եւ Սոդոմի մարդիկը խիստ չար ու մեղաւոր էին Տէրոջը առջեւ։
ԱԲՐԱՄ ԴԷՊԻ ՔԵԲՐՈՆ ԿԸ ՉՈՒԷ
14 Եւ Տէրը Աբրամին ըսաւ՝ Ղովտին զատուելէն ետքը. «Հիմա աչքերդ վեր վերցուր ու քու եղած տեղէդ դէպի հիւսիս ու հարաւ եւ դէպի արեւելք ու արեւմուտք դիտէ.
15 Վասն զի այդ բոլոր երկիրը, որ կը տեսնես, քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ յաւիտեան։
16 Եւ քու սերունդդ երկրի փոշիին պէս անթիւ պիտի ընեմ, այնպէս որ եթէ մէկը երկրի փոշին կարենայ համրել, քու սերունդդ ալ համրէ։
17 Ելի՛ր, այդ երկիրը պտըտէ անոր երկայնութեանը ու լայնութեանը համեմատ, քանզի զանիկա քեզի պիտի տամ»։
18 Եւ Աբրամ վերցուց իր վրանը ու գնաց բնակեցաւ Մամբրէի կաղնիներուն մէջ, որ Քեբրոնի մէջ է եւ հոն սեղան շինեց Տէրոջը։