ԾՆՆԴՈՑ 16։1-16
16 Աբրամին կինը Սարա չէր ծնաներ անոր ու Եգիպտացի աղախին մը ունէր, որուն անունը Հագար էր։
2 Սարա ըսաւ Աբրամին. «Ահա հիմա Տէրը արգիլեց զիս ծնանելէ. ուրեմն աղախինիս մտիր, գուցէ անկէ զաւակ ստանամ»։ Աբրամ Սարային խօսքը մտիկ ըրաւ։
3 Աբրամին կինը Սարա իր Եգիպտացի աղախինը՝ Հագարը առաւ, Աբրամի Քանանի երկրին մէջ տասը տարի բնակելէն ետքը եւ զանիկա իր էրկանը Աբրամին տուաւ՝ անոր կին ըլլալու։
4 Ան ալ մտաւ Հագարին, որը յղացաւ բայց երբ իր յղի ըլլալը իմացաւ, իր տիկինը անարգեց։
5 Սարա ըսաւ Աբրամին. «Ինծի եղած անիրաւութիւնը քու վրադ ըլլայ. ես իմ աղախինս գիրկդ տուի ու երբ անիկա իմացաւ իր յղի ըլլալը, զիս անարգեց. Տէրը իմ ու քու մէջտեղ դատաստան թող ընէ»։
6 Աբրամ ըսաւ Սարային. «Ահա աղախինդ քու ձեռքդ է, քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածին պէս ըրէ անոր»։ Երբ Սարա նեղեց զանիկա, Հագար անոր երեսէն փախաւ։
7 Եւ Տէրոջը հրեշտակը գտաւ զանիկա անապատին մէջ ջուրի աղբիւրի մը քով
8 Եւ ըսաւ. «Ո՛վ Սարային աղախինը Հագար, ուրկէ՞ կու գաս եւ ո՞ւր կ’երթաս»։ Անիկա ըսաւ. «Իմ տիկնոջս Սարային երեսէն կը փախչիմ»։
9 Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ անոր. «Դարձիր քու տիկնոջդ ու անոր ձեռքին տակ հնազանդ եղիր»։
10 Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ անոր. «Քու սերունդդ խիստ պիտի շատցնեմ, այնպէս որ շատութենէն պիտի չհամրուի»։
11 Եւ Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ անոր. «Ահա դուն յղի ես, ու որդի պիտի ծնանիս, անոր անունը Իսմայէլ* դիր. քանզի Տէրը քու տառապանքդ տեսաւ։
12 Անիկա վայրենի մարդ մը պիտի ըլլայ։ Անոր ձեռքը ամենուն վրայ ու ամենուն ձեռքն ալ իր վրայ պիտի ըլլայ։ Անիկա իր բոլոր եղբայրներուն առջեւ պիտի բնակի»։
13 Եւ Հագար իրեն հետ խօսող Տէրոջը անունը կանչեց՝ ըսելով. «Դուն իմ տեսիլքիս մէջ երեւցած Աստուածն ես», քանզի ըսաւ. «Արդեօք ո՞ղջ եմ* հոս՝ իմ տեսիլքէս ետքը»։
14 Անոր համար այն ջրհորին անունը Լահայրոյի ջրհոր* դրաւ։ Ահա անիկա Կադէսի ու Բարադի մէջտեղն է։
15 Եւ Հագար որդի մը ծնաւ Աբրամին։ Աբրամ Հագարի իրեն ծնած որդիին անունը Իսմայէլ դրաւ։
16 Եւ Աբրամ ութսունըվեց տարեկան էր, երբ Հագար Իսմայէլը ծնաւ Աբրամին։
Ստորանիշներ
^ 16։11 Այսինքն, Աստուած պիտի լսէ
^ 16։13 Եբր., կը տեսնե՞մ
^ 16։14 Այսինքն, տեսիլքիս կենդանի Աստուծոյն ջրհորը