ԾՆՆԴՈՑ 22։1-24
22 Այս բաներէն ետքը Աստուած փորձեց Աբրահամը ու ըսաւ անոր. «Ո՛վ Աբրահամ», եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։
2 Աստուած ըսաւ. «Հիմա քու սիրած մէկ հատիկ որդիդ Իսահակը առ ու Մօրիայի երկիրը գնա՛ եւ հոն զանիկա ողջակէզ ըրէ լեռներէն մէկուն վրայ, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ»։
3 Աբրահամ առտուն կանուխ ելաւ ու իր իշուն համետը դրաւ եւ իրեն հետ երկու ծառայ ու իր Իսահակ որդին առաւ եւ ողջակէզի համար փայտ ճեղքեց ու ելաւ գնաց այն տեղը, որ Աստուած իրեն ըսաւ։
4 Երրորդ օրը Աբրահամ իր աչքերը վեր վերցուց ու հեռուէն տեսաւ այն տեղը։
5 Աբրահամ ըսաւ իր ծառաներուն. «Դուք իշուն հետ հոս կեցէք եւ ես ու տղան մինչեւ հոն երթանք ու երկրպագութիւն ընենք եւ նորէն ձեզի դառնանք»։
6 Աբրահամ ողջակէզին փայտերը առաւ ու իր որդիին Իսահակին վրայ դրաւ եւ ինք իր ձեռքը առաւ կրակը ու դանակը ու երկուքը մէկտեղ գացին։
7 Եւ Իսահակ իր հօրը Աբրահամին ըսաւ. «Հայր իմ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ, որդիս», եւ Իսահակ ըսաւ. «Ահա կրակը ու փայտը, բայց ողջակէզ ըլլալու գառը ո՞ւր է»։
8 Եւ Աբրահամ ըսաւ. «Աստուած իրեն ողջակէզ ըլլալու գառը պիտի պատրաստէ, որդեակ իմ»։
9 Այսպէս երկուքը մէկտեղ գացին ու հասան այն տեղը, որ Աստուած անոր ըսեր էր։ Աբրահամ հոն սեղան մը շինեց ու փայտերը շարեց եւ իր որդին Իսահակը կապեց ու զանիկա սեղանին փայտերուն վրայ դրաւ։
10 Աբրահամ իր ձեռքը երկնցուց ու դանակը առաւ, որպէս զի իր որդին մորթէ։
11 Տէրոջը հրեշտակը երկնքէն կանչեց ու ըսաւ. «Աբրահա՛մ, Աբրահա՛մ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։
12 Հրեշտակը ըսաւ. «Տղուն ձեռք մի՛ դպցներ եւ անոր բան մը մի՛ ըներ. քանզի հիմա գիտցայ թէ Աստուծմէ կը վախնաս. որովհետեւ քու մէկ հատիկ որդիդ ինձմէ չխնայեցիր»։
13 Աբրահամ իր աչքերը վեր վերցուց ու նայեցաւ եւ ահա իր ետեւը խիտ մացառներուն մէջ եղջիւրներէն բռնուած խոյ մը կար։ Աբրահամ գնաց ու խոյը բերաւ եւ զանիկա իր որդիին տեղ ողջակէզ մատուցանեց։
14 Աբրահամ այն տեղին անունը Եհովայիրէ* կոչեց, որ մինչեւ այսօր կ’ըսուի. «Տէրը լերանը մէջ պիտի երեւնայ»։
15 Տէրոջը հրեշտակը երկրորդ անգամ երկնքէն Աբրահամը կանչեց
16 Ու ըսաւ. «‘Իմ անձիս վրայ երդում ըրի’, կ’ըսէ Տէրը, ‘որովհետեւ այս բանը ըրիր ու ինծի համար քու մէկ հատիկ որդիդ չխնայեցիր,
17 Քեզ օրհնելով պիտի օրհնեմ ու քու սերունդդ երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքը եղող աւազին պէս խիստ պիտի շատցնեմ եւ քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները պիտի ժառանգէ
18 Ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին, որովհետեւ իմ ձայնիս ականջ դրիր’»։
19 Այսպէս Աբրահամ իր ծառաներուն դարձաւ ու ելան ու մէկտեղ Բերսաբէէ գացին եւ Աբրահամ Բերսաբէէի մէջ կը բնակէր։
ՆԱՔՈՎՐԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
20 Ժամանակ մը յետոյ Աբրահամին պատմուեցաւ՝ ըսելով. «Ահա Մեղքա ինք ալ որդիներ ծնաւ քու եղբօրդ Նաքովրին։
21 Անդրանիկ որդին Հուսը եւ անոր եղբայրը Բուզը ու Արամին հայրը Կամուէլը
22 Եւ Քազադը ու Ասաւը եւ Փաղդասը ու Յեդլափը եւ Բաթուէլը»։
23 Բաթուէլ ծնաւ Ռեբեկան. այս ութը որդիները Մեղքա ծնաւ Աբրահամին եղբօր Նաքովրին։
24 Եւ անոր հարճը, որուն անունը Ռէումա էր, անիկա ալ ծնաւ Տէբաքը եւ Գաամը ու Թաքասը եւ Մաաքան։
Ստորանիշներ
^ 22։14 Այսինքն, Տէրը պիտի տեսնէ, կամ, Տէրը պիտի պատասխանէ